Հայերը Նոր Արշաւով SpaceX-ին Կոչ Կ՛ընեն Չեղարկել Թուրքիոյ Հետ Գործարքը. TechCrunch

Աշխարհ, Սփիւռք

Արհեստագիտական աշխարհին յայտնի TechCrunch պարբերականը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր ծայրերէն հայերու` SpaceX- ին ուղղուած ելեկտրոնային նամակներու արշաւին.  SpaceX-ի աշխատակիցները ելեկտրոնային նամակներու հեղեղով` կոչ ըրած են ընկերութեան չեղեալ յայտարարելու Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կնքած գործարքը` ատով իսկ չօգնելով Էրտողանի վարչակարգին:  

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` TechCrunch-ի յօդուածին մէջ կը նշուի, որ մտահոգութիւնները հիմնաւորուած են, եւ ե-նամակով զանգուածային հաղորդագրութիւններու մեթոտը զարմանալիօրէն արդիւնաւէտ է:

Նամակներ ուղարկողները նշած են, որ իրենք աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուցիչ են կամ կանգնած են հայերու կողքին, որոնք տուժած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բռնատիրական կառավարման եւ տարածաշրջանին մէջ ունեցած ազդեցութեան պատճառով: 

SpaceX-ը կը նախատեսէ յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին գործարկել թրքական Turksat-5A արբանեակը, որ պիտի աշխատի Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի համար: 

Նշուած է, որ շատ երկիրներ եւ կառավարութիւններ դատապարտած են Թուրքիոյ պահուածքը, եւ որոշ ընկերութիւններ դադրեցուցած են գործարքները կառավարութեան հետ: TechCrunch-ը  կը քննարկէ` SpaceX- ը պիտի միանա՞յ անոնց:

Հայերու նախաձեռնութեան անդրադարձած են յայտնի լրատուամիջոցներ եւ լրատուական միասնական կեդրոններ: