Մենք Իրական Համաշխարհային Ազգի Վերածուելու Ճանապարհին Ենք. Հայկակ Արշամեան

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան Facebook-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է նուիրատւութիւններու աշխարհագրութեան մասին հրապարակուած ցուցակին:

«Այսօրուա ցուցակը տարաբնոյթ ընկալումներու առիթ տուած է։ Կը խնդրեմ հաշուի առնել, որ բոլոր երկիրներու առումով արձանագրուած է նուիրատւութիւններու աննախադէպ աճ։ Խօսքը քանի մը անգամ, տասնեակ անգամ աւելի գումարներու եւ մասնակցայնութեան մասին է։ Իսկ եթէ հաշուի առնենք, թէ ապրանքային տեսքով որքան մեծ օգնութիւն կը հասնի, ուստի, հրապարակուած թիւերը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլան։

Ցանկացած շահարկում պիտի դիտարկեմ իբրեւ միտումնաւոր քայքայիչ գործունէութիւն՝ ուղղուած Հայաստանին եւ Սփիւռքին։

Այս աննախադէպ համազգային դրամահաւաքով միայն պէտք է հպարտանալ, համախմբուիլ ու առաջ երթալ։ Մենք իրական համաշխարհային ազգի վերածուելու ճանապարհին ենք, ցանցապետութիւնը պէտք է կայանայ բաղձալի յաղթանակին զուգընթաց»,- գրած է Արշամեան:

Ավելի վաղ Հայկական Արշամյանը հրապարակել էր համազգային դրամահավաքի ցուցանիշերը պատկերող ինֆոգրաֆիկա։