Ազրպէյճանը Ռմբակոծած է Ստեփանակերտի Ծննդատունը

Հայաստան

Այսօր ազրպէյճանական զինուժը հրթիռակոծած է Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Շուշին: Շուշիի մէջ մէկ մարդ զոհուած է, ևս երկուքը վիրաւորուած են:

Թիրախի տակ առնուած է Ստեփանակերտի ծննդատունը։ Տուժածներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին:

««Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի կայանքէն թշնամին կը հրետակոծէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Տուժածներու եւ վնասներու մասին տեղեկութիւնը կը ճշդուի:

Ստեփանակերտի մէջ օդային տագնապ է»,- կ՛ըսուի  Արցախի տեղեկատվական շտապի տարարած հաղորդագրութեան մէջ: