Էրտողան Կ’ուզէ Նախագահ Մաքրոնին Թելադրել Ֆրանսան Կառավարելու Օրէնքները. Մարք Յարութիւնեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Էրտողան բիրտ պայքար բացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի դէմ: Ամբոխին կեր հայթայթող յայտարարութիւններով, կ’ուզէ ցոյց տալ հզօրութիւն եւ գերակայութիւն, վարկաբեկել ֆրանսայի նախագահը, զոր կ’ամբաստանէ մտային խանգարումով եւ եւ կը թելադրէ… դարմանուիլ:

            Այս ոչ-դիւանագիտական զայրոյթը ունի իր պատճառները: Ֆրանսայի նախագահը կ’ուզէ երկրի օրէնքներով կազմակակերպել իսլամ քաղաքացիները, որպէսզի ապրին որպէս քաղաքացի, Հանրապետութեան օրէնքներով եւ ըմբռնումներով: Այս  մերժումն է հանրապետականէ տարբեր օրէնքի գերակայութեան:

            Նախագահ Մաքրոն երաշխաւորն է երկրի միութեան: Ինքնակառավարուող, դէպի անջատողականութիւն նայող քաղաքացիներու պաշտպանի եւ իսլամական աշխարհի առաջնորդի դերով հանդէս կու գայ Էրտողան:

            Ժամանակին Էրտողանի համար հնարած էին բնորոշում մը. չափաւոր իսլամական: Ծայրայեղականութիւնը եւ մոլեռանդութիւնը ինչպէ՞ս չափաւոր կ’ըլլայ: Լրագրական եւ դիւանագիտական ձախաւերութիւն մը:

            Այսօր, Էրտողան, իր խօսքով եւ գործով, կը նոյնացնէ իսլամութիւնը եւ նուաճող իսլամականութիւնը, կրօնը եւ կայսերապաշտութիւնը: Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ կոչ կ’ըլլայ պոյքոթի ենթարկելու ֆրանսական ապրանքները, գրեթէ պատերազմի յայտարարութիւն: Ծոցի երկիրներու Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, որ ֆրանսացի ուսուցիչ Սամուէլ Փաթի չէ սպանուած իսլամական դատին համար, զարմանք կը յայտնէ կարգ մը դէմքերու խօսքերուն մասին, որոնք կրնան վնասել ֆրանգօ-իսլամ կապերուն: Կարելի՞ է խօսիլ Ֆրանսա-պետութեան եւ աշխարհագրական-քաղաքական բնորոշում չունեցող կրօնական հաւաքականութիւններու յարաբերութեան մասին: Նոյնհետայն կոչ կ’ընէ վերանայելու վերաբերումները իսլամ համայնքներու նկատմամբ:

            Իսլամ ղեկավարութիւնը եւ մտաւորականութիւնը կանգնած են գլխատուած ուսուցիչի ոճիրէն յառաջացած հարցին դիմաց: Պէտք է լուսաբանեն իրենց ժողովուրդները, թելադրեն լուռ չմնալ եւ դատապարտեն նախնադարեան ոճիրը, որ կ’ըլլայ բարոյականութիւն եւ յարգանք մարդու հանդէպ: Այս կը պահանջէ քաղաքակրթութիւնը:

            Թուրքիոյ տնտեսութիւնը գահավէժ ընթացքի մէջ է եւ Էրտողան, ամբոխի ազգայնական եւ կրօնական մոլեռանդութիւնը հրահրելու համար, ստիպուած է վազել, թշնամիներ ստեղծել: Առաջին թիրախը Ֆրանսան է, ուր իսլամ ծայրայեղականներ կրնան ըլլալ, Էրդողան անոնց ետին պիտի կանգնի, տկարացնելու համար իրեն հակադրուող Ֆրանսան: Այս նպատակով ալ, տեւաբար կոպիտ նախայարձակումներ կը գործէ Ֆարանսաի նախագահին դէմ:

            Ինչո՞ւ Էրտողան այսքան բուռն յարձակման թիրախ կը դարձնէ նախագահ Մաքրոնը: Ըստ իրեն, Մաքրոն եւ Ֆրանսան դէմ են իսլամական եւ արժէքներուն, քանի որ մարդկային իրաւունքը, ազատութիւնները, քաղաքականութեան (հանրապետական ըմբռնում) անջատումը կրօնքէն, կ’ընդունին որպէս կանոն: Ամբոխավարական պարզ մարտավարութեան մը կը հետեւի Էրտողան, հանդէս գալով որպէս իսլամութեան եւ անոր մարգարէին պաշտպանը, իր խօսքը կ’ուղղէ ոչ թէ այս կամ այն երկրի ժողովուրդին, այլ բոլոր իսլամներուն:

            Կացութեան ճնշումը իրեն կը պարտադրէ միշտ աւելի առաջ երթալ, պահելու համար իր իշխանութիւնը: Թուրքիոյ մէջ մարդիկ կոյր չեն: Անոնք կը տեսնեն եւ իրենց մորթին վրայ կը զգան թրքական դրամանիշի (լիրա) անկումը, տնտեսութեան անփառունակ վիճակը, գործազրկութեան թափով յառաջացումը, քովիտ 19ի դէմ պայքարի աղիտալի անյաջողութիւնը:

            Առողջապահական եւ քաղաքական ճնշումները իշխանութեան դէմ ցոյցերը կասեցուցած են: Նախագահը նախատելու յանցանքով մարդիկ կը դատապարտուին, ինչ որ կը փաստէ, թէ Էրտողան այդքան ալ տէր չէ երկրին: Թիւերու վիճելի չեն: Մէկ տարուան ընթացքին 36.066 քաղաքացիներու դէմ դատական հետապնդումներ եղած են, 12.298ը դատարան տարուած են, եւ 3.831ը դատապարտուածց մեծագումար տուգանքներու կամ բանտարկութեան: 50.000 ընդդիմադիրներ բանտարկուած են:

            Ինքզինք պահելու համար Էրտողանի դէպի առաջ վազքին մաս կը կազմեն երկու քրիստոնէական մեծ տաճարներու մզկիթի վերածումը, Լիպիա զինուորական միջամտութիւնը, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ գրգռութիւնները, Ղարաբաղեան հակամարտութեան իր մասնակցութիւնը, հակայոյն եւ հակա-աշխարհիկ խօսքերը: Հիմա Էրտողան ազատ ընթացք տուած է Ֆրանսայի եւ անոր նախագահին դէմ անդուռ նախատինքներու: Դեռ ժամանակ մըն ալ կրնայ կեր հայթայթել իր ընտրազանգուած մոլեռանդ ամբոխին, անոր իսլամա-ազգայնամոլութեան, եւ շարունակել մինչեւ որ աճող տնտեսական տագնապը դառնայ աղիտալի:

            Էրտողան կը նայի դէպի 20022ի նախագահական ընտրութիւնը: Ըստ հարցախոյզներու, Պոլսոյ աշխարհիկ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, եթէ թեկնածու ըլլայ, կրնայ զինք պարտութեան մատնել: Այս նախատեսութեամբ եւ թուրքերը զօրաշարժի ենթարկելու համար, կը գործածէ համիսլմական ազդակը: Այս ընելու համար, զօրակցող խմբակներ ունի Եւրոպա, զինուորական նեցուկ՝ Սուրիա, Լիպիա եւ Կովկաս:

            Ֆրանսան վտանգուած է ներքնապէս՝ թրքական կասմակերպութիւններու ներկայութեամբ, ինչպէս «Միլլի Կորուշ», «Գորշ Գայլեր»ը, «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան խմբաւորումները եւ հետեւորդներ, ամէն տեսակի իսլամականութեան մոլեռանդները: Ինք այս ուժերուն վրայ կրնայ կռթնիլ ասպարէզ կարդալու համար Մաքրոնի եւ փորձ ընելու Ֆրանսան ապակայունացնելու: Էրտողանի ծաւալապաշտութեան դէմ Մաքրոն միակն է թումբ կանգնողը եւ ինք կ’ուզէ զայն պատժել: Սպառնալիքը այսօր ուղղուած է Ֆրանսայի, վաղը հերթը պիտի հասնի ուրիշներու, Ափրիկէ, Ամերիկաներ, Ովկիանիա: Լիպիոյ մէջ ներկայ իր բանակը Եւրոպայի դէմ նախայարձակման զինուորական դիրք է: Այս հիմա պէտք է հասկնալ եւ տեսնել, վաղը ուշ կ’ըլլայ:

            Ի՞նչ կրնայ պատահիլ վաղը, եթէ Էրտողան իր կիրքին բաւարարութիւն չգտնէ: Թուրքիա ապաստանած գաղթականութիւնը Եւրոպա կը ղրկէ, անոնց հետ մոլեռանդ ծայրայեղական կռուողները… Այս երեւակայական աղէտի դիպաշար չէ:

            Ընդլայնելով մեր տեսադաշտը, կը հասկնանք, որ կը գտնուինք առաջին աշխարհամարտի աւարտին, չյարգուած խոստումներու եւ անիրատեսութեան յառաջացուցած եւ պալարի վերածուած անլոյծ խնդիրներու առջեւ:

            Արդարեւ,Դաշնակիցները բաւարար հեռատեսութիւն եւ քաջութիւն չունեցան իրենց կամքը եւ արդարութիւն պարտադրելու Թուրքիոյ, որ 1920 օգոստոսին իր ստորագրած Սեւրի դաշնագիրը ոտնակոխեց եւ ամիս մը ետք յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, զայն զրկելով իր հողամասերէն, այն ժամանակ երբ Հայաստան կը գտնուէր Ֆրանսայի, Անգլիոյ Ամերիկայի, Իտալիոյ եւ միւս դաշնակիցներու հովանիին տակ: Սեւրի դաշնագիրը թրքական փառասիրութիւններուն չափ դրած էր:

            Իսկ Եւրոպան, իր ներքին մրցակցութիւններուն եւ շահերուն հպատակելով, պատճառ եղաւ, որ Մուսթաֆա Քեմալ ընդդիմանայ յոյներու ազատագրական շարժման եւ գրաւէ հայկական հողերու մէկ մասը: Մուսթաֆա Քեմալ իր յաջողութիւնը կը պարտի նաեւ Ֆրանսայի, որ ձրիաբար իրեն տուաւ զէնք, զինամթերք, օդանաւներ, տարազներ, ձիեր, եւայլն, եւ 1921ին, անոր հետ համաձայնութիւն կնքեց եւ յանձնեց հայկական Կիլիկիան, երբ հոն դեռ կը շարունակուէին ջարդերը եւ տեղահանութիւնը:

            Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, դաշնակիցները, զորս հետագային կոչեցին արեւմտեաններ, Արեւմուտք, հրապարակ եկած էին օսմանցիներու կողմէ տիրապետուած կրօնական կամ ցեղային խմբաւորումներու եւ ժողովուրդներու ազատագրութեան առաջադրանքով, անոնցմէ ոմանք ունէին պատմութիւն, հայրենիք, մշակոյթ, ինչպէս արբաները, հայերը, քիւրտերը: Եթէ օրին հաւատարիմ մնացած ըլլային իրենց խոստումներուն, այսօր մարդկութեան խնայուած կ’ըլլար նոր աշխարհամարտի մը սպառնալիքը:

            Հիմա Էրտողանի թիրախը Ֆրանսան է: Վա՞ղը: Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար իր համաթրքական վարքագիծը, որ կ’ուղղուի դեէպի թուրք ժողովուրդին ապրած վայրերը, հին եւ նոր, պատմական, որոնք կը ներառնեն նաեւ Ռուսական տարածքը, մինչեւ Չինաստան: Ներկայի ռուսեւթուրք մարտավարական գործակցութիւնը (իր տաք ու պաղով), անվաղորդայն է: Ռուսիոյ համար սպառնալիքը միշտ կայ, բայց ե՞րբ զայն կանխել կը դառնայ քաղաքական ընթացք:

            Իսկ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի հետ համագործակցութիւնը հնարաւոր չէ, հետեւաբար ծոցի երկիրներուն մէջ իր այսօրուան ներկայութիւնը եւս ապագայ չունի:  Իսկ իրեն նեցուկ կանգնող երկիրները բազմաթիւ չեն, կան խմբաւորումներ:

            Ամերիկայի Մոնրոյի մեկուսացման փորձութիւնը, արգելք չէ եղած հեռու երկիրներու մէջ պատերազմներու իր մասնակցութեան (երկու աշխարհամարտերը, Վիէթնամ): Վաղը ինչպէ՞ս պիտի միջամտէ եւ մասնակցի, ինք որ մարդկային իրաւանց, ազգերու ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու պաշտպանի դերով ներկայացած է միշտ:

            Մինչ այդ, ծաւալապաշտ եւ մոլեռանդ Էրտողան կ’ապակայունացնէ միջազգային կեանքը եւ կը սպառնայ խաղաղութեան: