Տեղային Նշանակութեան Մարտեր Կ՛ընթանան Արցախի Ճակատային Գիծի Որոշ Ուղղութիւններով

Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ Հոկտեմբեր 26-ի լոյս 27-ի գիշերուան ընթացքին պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւն: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան, առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտեր:

«Երեկոյեան թշնամական ուժերը բուռն կիրառած են անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց մէկ մասը խոցուած է ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ: Հակառակորդը շարունակած է հրետակոծել խաղաղ բնակավայրերը, մասնաւորապէս թիրախ տակ յայտնուած են Մարտունի, Մարտակերտ քաղաքն ու Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը:

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՛ընթանան ճակատային գիծի որոշ ուղղութիւններով: ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն կատարել առաջադրուած մարտական խնդիրը` մարտավարական իրադրութիւնը պահպանելով վերահսկողութեան տակ»,-կը նշեն ՊՆ-էն: