Արցախի Նորանշանակ Պաշտպանութեան Նախարարը Խոստացած է Առաւելագոյնը Ընել Ժողովուրդի Ակնկալիքները Արդարացնելու Համար

Հայաստան

 Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին բարձր վստահութեան համար:


Արզումանեան խոստացած է ընել հնարաւորը ժողովուրդին ակնկալիքները լաւագոյնս արդարացնելու համար:


«Կը ծառայեմ հայրենիքիս»,- ըսած է Արցախի նորանշանակ Պաշտպանութեան նախարարը:


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ՊԲ մարտական կառավարման կեդրոնին մէջ Հոկտեմբեր 26-ին ներկայացուց իր կողմէ ստորագրուած հրամանագիրները, որոնց համաձայն, կապուած մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի վիրաւորուելու փաստին հետ, վերջինս ազատուած է զբաղեցուցած պաշտօնէն, իսկ ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատարի պաշտօնին նշանակուած է նախապէս հանրապետութեան զինուած ուժերու մէջ շարք մը պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Արզումանեանը:


Արայիկ Յարութիւնեան վստահութիւն յայտնած է, որ զօրավար Միքայէլ Արզումանեանի հրամանատարութեամբ պաշտպանութեան բանակը այսուհետեւ պիտի արձանագրէ շատ աւելի ծանրակշիռ յաջողութիւններ: