Նախիջեւանեան Մտորումներ՝ Թրքական Մտածողութեան Մէջ. ԱԱ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներքին իրադարձութիւններուն մէջ, ինչպէս հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային գործին մէջ կը պատմէ, ամէնէն տագնապալի եւ վտանգաւոր խնդիրը թուրք – մահմետական հակապետական շարժումները եղան, որոնց մղիչ ուժն ու դրդիչները եղան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանի նորաստեղծ հանրապետութիւնը։
Մանաւանդ թրքական բանակին Կովկասեան ճակատին վրայ կրած պարտութենէն եւ Կովկասէն հեռանալէն ետք, թրքական քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւններուն դրդումով եւ նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի ու նաեւ Վրաստանի մէջ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս Աճարիա, Ախալցխա, Կարս, Սուրմալու, Շարուր – Նախիջեւան, կազմուեցան տեղական «Անկախ Հանրապետութիւններ», եւ ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի դէմ բուռն պայքար մը։ Հայաստանի մէջ ստեղծուած այս «հանրապետութիւններուն» շարքին էր օրինակի համար «Արեւմտեան Կովկասի Հանրապետութիւնը» Կարսի իսլամական կառավարիչ խորհուրդով։ Այս «հանրապետութեան» իրաւասութիւններուն սահմաններուն մէջ կը մտնէին Սուրմալուն, Զանգին, Վետին,Շարուրն ու Նախիջեւանը՝ իր Նախիջեւան կեդրոնով։
1919 տարին ճակատագրական դէպքերու եւ գործողութիւններու երկար շղթայ մը ունի՝ թրքական ներքին խլրտումներու ճամբով Հայաստանի հանրապետութիւնը տարբաղադրելու եւ յատկապէս Նախիջեւանն ու յարակից շրջանները գրաւելով, նոր իրավիճակներ ստեղծելու առումով։ Նոյն տարուան Օգոստոս 20-ին ամերիկացի զինուորական գնդապետ Ուիլիյըմ Հէսքըլ Հայաստան կը ժամանէր՝ Հաշտութեան Վեհաժողովին կողմէ Բարձր Յանձնակատար նշանակուելէ ետք։
Խորքին մէջ ամերիկացի յանձնակատարը, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն էր, ինչպէս ինք պիտի բանաձեւէր Երեւանի կառավարութեան անդամներուն հետ իր տեսակցութեան ընթացքին, պաշտպանել հայերը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի թէ Թուրքիոյ մէջ, զոհը դարձաւ ատրպէյճանական – թրքական ապատեղեկատուութեան այնպիսի արշաւի մը, որուն մանրամասնութիւնները պրպտելով, յստակ կը դառնայ, թէ ատրպէյճական այսօրուան ապատեղեկատուական արշաւը ինչպիսի դասեր քաղած է Առաջին հանրապետութեան օրերուն կատարուած նոյն թափը ունեցող արշաւին դրոյթներէն։
Հեսքըլի ներկայացուած ստապատիր տեղեկագիրներէն երկուքը գործն են «Հաւաւ- Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի եւ «Երեւանի նահանգի վաղեմի բնակիչ թուրք»երու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց յուշագրերուն կցած էին երեւակայական թիւերով եւ տեղեկութիւններով լեցուն տախտակներ։Անոնց համաձայն, հայերը Երեւանի նահանգին մէջ քանդած ու աւերած էին թրքական- թաթարական ութսուն ութ գիւղեր, այրած էին 1920 տուն եւ սպաննած 131,970 թուրքեր եւ թաթարներ։ Ասիկա պատահած էր այնպիսի ժամանակի մը, երբ հայկական բանակը ոգի ի բռին կը պայքարէր՝ նորաստեղծ հայրենիքին ներքին կայունութիւնը պահպանելու, սահմանները, երկաթուղին եւ սահմանամերձ շրջանները ապահովելու համար։ Այս ապատեղեկատուութեան արշաւին կը միանար նաեւ Պաքու, որուն ներկայացուցիչները ամերիկացի զինուորականին ներկայացուցած անվաւեր եւ յերիւրածոյ տեղեկագրերուն մէջ կը նկարագրէին հարիւրաւոր գիւղերու բնակիչներու բնաջնջման, աւերի ու քանդումներու ամբողջական եւ լայնածիր դէպքերու շարաններ, որոնց հեղինակները հայոց բանակի զինուորներն էին։ Հարցին էութիւնը եւ հետապնդուած նպատակը Շարուր – Նախիջեւանի հայկական ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը աղաւաղելով՝ իբրեւ ատրպէյճական – թրքական շրջան հաստատելու ճիգն էր։
Այն ինչ որ Շարուր – Նախիջեւանի պարագային յաջողեցաւ, ամբողջութեամբ ձախողութեան մատնուեցաւ Հայոց Լեռնաշխարհին՝ Զանգեզուրի եւ Սիւնեաց Աշխարհին պարագային, իսկ 1919-ի յաջորդած ամիսներուն եւ տարիներուն արձանագրուած ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակը յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի պարտադիր կցումը՝ Ատրպէյճանի։
Դաւադրութեան պատկերը շատ յստակ էր եւ այսօրուան շղթայազերծուած պատերազմին ընկերակցող թրքական- ատրպէյճանական քաղաքական մտածողութեան բաղադրիչները եւս ցոյց կու տան Հայոց Սիւնեաց Աշխարհը կլանելու համաթուրական միտումներ՝ Սիւնիքի միջոցով Նախիջեւանը Ատրպէյճանի կապելու առաջադրանքով, որպէսզի ճամբան հարթուի համաթուրականութեան մեծ տարածքին՝ Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի դռները։ Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ինկած տարածքը՝ հայոց Սիւնեաց աշխարհը, պատմական Սիսական նահանգը՝ իր հրաշալի Զանգեզուրով համաթուրանականութեան տարածման դիմաց ցցուած միակ խոչընդոտն է։ Թուրք զօրավար Ալպայ Ունալ Աթապայ Ենի Շաֆաքի մէջ կը գրէր, որ «ատրպէյճանական բանակը, Լեռնային Ղարաբաղի հողերը ազատագրելու ընթացքին նաեւ միջոցներու պէտք է դիմէ՝ Նախիջեւանի հետ միջանցք մը հաստատելու համար»։ Անշուշտ թրքական բանակին գլխաւոր շտապին մէջ երկար տարիներ գործած եւ այժմ հանգստեան կոչուած այս զինուորականին տեսակէտը արտացոլացումն է թուրք քաղաքական մտածողութեան մէջ տեղաւորուած համաթուրանականութեան տարածման դէմ հայկական խոչընդոտը «մաքրագործելու» ծրագրին, որուն ձախողութիւնը ապահովուած է։ Փաստն ալ Սիւնիքի քաջարի ժողովուրդն է՝ հայոց բանակին կողքին մաքառելու իր ամբողջական վճռակամութեամբ։