Յամառ Մարտերը Կը Շարունակուին Տարբեր Ուղղութիւններով. Հիմնականօրէն Օճախային Մարտեր են. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Յամառ մարտերը կը շարունակուին տարբեր ուղղութիւններով: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Հիմնականօրէն օջախային մարտեր են: Կը չէզոքացուին թշնամիի զօրքերուն տարբեր խմբերը»,-նշած է ան:

Նշենք, որ առաւօտեան Արցախի Պաշտպանութեան նախարութիւնը տեղեկացուց, որ արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ Հոկտեմբեր 21-ի լոյս 22-ի գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը: