Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն Վտարելու Պահանջ Եւ Արցախի Ճանաչում. ՀՅԴ Հայ Դատի Համաշխարհային Կառոյցը Կ՛աշխատի Ուժերու Գերլարումով

Հայաստան, Սփիւռք

Քաղաքագէտ Գէորգ Ղուկասեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ․

«Երէկ օրուան ընթացքին եւ այս գիշեր

 Հայ դատի միաժամանակ երեք` ԱՄՆ, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերը տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի նահանգային մակարդակի վրայ նոր յաջողութիւններու մասին: Մասնաւորապէս` նման գործընթաց սկսուած է Գանատայի Օնթարիոյ նահանգի խորհրդարանին մէջ, որ զուգորդուած է Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն վտարելու պահանջով:

 Երէկ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցաւ նաեւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի` Հարաւային Ուէյլսի օրէնսդիր մարմինը:

 Շուտով Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման հարցի շուրջ օրէնսդրական գործընթացի ականատես պիտի ըլլանք նաեւ ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ: Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը պատմաքաղաքական անշրջելի փաստ է, իսկ այդ փաստի միջազգային ճանաչման գործընթացը` անկասելի եւ նաեւ այս ասպարէզին մէջ #ՅԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ

Դաշնակցուեան Հայ դատի համաշխարհային կառոյցը ուժերու առաւելագոյն ներդրումով կը սպասարկեւ առաջ կը մղէ այս գործընթացը…»: