Ոտնակոխուած Զինադադար. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Յաղթանակող մարտիկները նա՛խ կը յաղթեն եւ ապա կ’երթան պատերազմի, իսկ պարտուած մարտիկները նախ կը պատերազմին եւ յետոյ միայն կը ձգտին յաղթելու»:
Սուն Ցու (544-496 Ք.Ա.)

Ո՛չ մասնակի, ո՛չ փխրուն եւ ո՛չ ալ խարխուլ ․․․: Իրականութիւնը այն է, որ գոյութիւն չունի զինադադարը, որ մօտաւորապէս տասը օր առաջ գոյացաւ Մոսկուայի մէջ եւ համաձայնուած էր զայն կիրարկել Հոկտեմբեր 10-էն սկսեալ։ Փաստերը ցոյց կու տան, որ զինադադարի համաձայնութիւնը չէր օժտուած ատամներով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, իր պաշտօնակիցներուն՝ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի հետ գրեթէ տաս ժամ տեւողութիւն ունեցող բանակցութիւններ վարեց։
Ապա, ան խօսեցաւ զինադադարի մը մասին, որուն պայմանները սկզբնապէս ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ համաձայնութիւնը վերջնական է, սակայն թէ՛ տարածուած ոճը եւ թէ՛ գործընթացը շուտով մատնեցին, թէ պարզապէս մարդասիրական պատճառներով կիսատ-պռատ որոշում մըն էր, որ իրականութեան մէջ կրնայ հարցականի տակ առնել նման գաղափար մը մտայղացողը, սկսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն մինչեւ առանձնաբար՝ Մոսկուան։
Անգամ մը եւս պէտք է լրջօրէն հարցականի տակ առնել, թէ իսկապէս ա՞յս էր երկարաժամ խօսակցութիւններուն, զրոյցներուն ու վիճաբանութիւններուն եզրակացութիւնը:
Գետնի վրայ շարունակուող զարգացումները ցոյց կու տան, որ շատ աւելի մեծ թափով կը շարունակուի ոճրային յարձակումը Արցախի վրայ, փորձ կ’ըլլայ աւելի եւս սեղմելու պաշարման օղակը:
Հայն ու արցախցին կը ճակատին ազերիին, թուրքին եւ ծայրայեղական կրօնամոլ վարձկաններուն դէմ, որոնք փոխան շօշափելի գումարներու՝ Ատրպէյճան եկած են Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ իրենց արհեստավարժի ոճիրներն ու բարբարոսութիւնը շարունակելու համար։
Յստակ են կողմերը։
Մենք առանձին ենք խուժաններու դիմաց, որոնք թիւով եւ արդի ռազմական կատարելագործուած կազմածներով կը գերազանցեն մեր ուժերը, սակայն անոնց կը պակսին շատ աւելի կենսական զէնքեր՝ կորով, հայրենիքին հանդէպ սէր եւ մանաւանդ հողին կառչած մնալու եւ այդ հողը կեանքի՛ գնով, արիւնո՛վ պահպանելու կամք։
Իսկ դէտերն ու «դիտողներ»-ը շա՜տ են։
Փաղաքշական խօսքեր եւ կարեկցանք, զօրակցութիւն արտայայտող խօսքերու ցանկեր կը կազմուին արեւմտեան աշխարհի մէջ՝ այսինչ կամ այնինչ պաշտօնի վրայ գտնուող քաղաքագէտներէն, սակայն գործնական ո՛չ մէկ միջոցառում՝ ոճրագործ զոյգին եւ անոնց վարձկաններուն դէմ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական գետնի վրայ:
Նոյնիսկ միջազգային ընտանիքը աչք կը փակէ այն իրականութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս թուրք-ազերի զինակցութիւնը կ’անտեսէ եւ կ’ոտնակոխէ համաձայնուած զինադադարը, անոր հիմ ծառայող միջազգային օրէնքին սկզբունքները:
Այս հլու եւ յամառ կրաւորականնութեան դիմաց, աղաղակող էր հայ արուեստագէտի մը այն հաստատումը, որ կատարեց քանի մը օր առաջ, Փարիզի մէջ ցոյցի մը պահուն. «Անյապաղ՝ պէտք է կտրուկ միջոցներ որդեգրուին եւ ռազմա-քաղաքական միջամտութիւններ կատարուին, այլապէս, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ երկրորդ հայոց ցեղասպանութիւն մը ճանչնալը»։
Օրհասական են ժամերը։ Հայ զինուորը կը ճակատի տասնի դէմ մէկով։ Զոհերուն յայտարարուած թիւերն ալ ապացոյց են այդ համեմատութեան։
Աշխարհն ամբողջ պէտք է իր թմբիրէն դուրս գայ, որպէսզի, ինչպէս զգուշացուց Հայաստանի վարչապետը՝ ինքն իրեն խնայէ հիթլերական ահաւոր փորձառութեան կրկնութիւնը:
Հոն, կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ դաւ մը կը գործադրուի։ Ոճիրը նախապատրասուեցաւ ամիսներ շարունակ, մէկ կողմէ՝ թուրք-ազերիական ռազմափորձերով, միւս կողմէ՝ Հայաստանին ու Արցախին ուղղուած՝ Ալիեւի ու Էրտողանի սպառնալիքներով:
«Գորշ գայլեր»-ու վոհմակները հայն ու մարդկութիւնը յօշոտելու ելած են օր-ցերեկով…
Այո՛, «Գորշ գայլեր», որոնք յատկապէս օգտուելով Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութենէն եւ քաղաքական այլ շահաբեր տուեալներէ, կը փորձեն ստեղծել համաթրքական կայսրութիւն մը, սկսելով Անգարայէն, հասնելու մինչեւ ծայրագոյն արեւելք։
Աշխարհ. բա՛ց աչքերդ ու ականջներդ: ԱՀԱԶԱՆԳԸ ԿԸ ՀՆՉԷ։ Ոճրագործին պարտադրելի զինադադարը օժտէ՛ սուր ակռաներով, որովհետեւ անատամ միջոցառումները ատակ չեն զսպելու կատաղի գայլերը:
Մինչ այդ, մեր մարտնչող ու յաղթանակող մարտիկները գործով ցոյց կու տան, թէ ՄԵՆՔ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ։