Թուրքիոյ Հեռանկարները Եւ Ազրպէյճանը Համաթրքականութեան Գործիք. Մարք Յարութիւնեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

10 Հոկտեմբերին, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ, Մինսքի խումբի անդամներու համաձայնութեամբ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հրադադարի համաձայնութիւն գոյացաւ ինչ կը վերաբերի Արցախ-Ատրպէյճան նոր պատերազմին:

            Բայց Ատրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծել Ստեփանակերտը եւ ուրիշ բնակավայրեր: Միջազգային հանրութիւնը է գնահատէ, կը գնահատէ՞, համաձայնութիւն չյարգելու այս ընթացքը, որ Ռուսիոյ նկատմամբ անարգանք է:

            Արցախի հարցը, Ատրպէյճանի ռազմապաշտութեան եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան հետեւանքով, շրջանային մասնակի խնդիր չէ: Ան մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ինքնակալ Էրտողանի նոր-օսմանական եւ համաթրքական ծրագրին, որ կարծէք անարգել կը գործադրուի աշխարհի մսկոտ կեցուածքին պատճառով: Իսկ Ատրպէյճան օղակ մըն է այդ ծրագրին մէջ:

            Հարկ է հետեւիլ եւ հասկնալ իրարադարձութիւններու յաջորդականութեան քաղաքական տրամաբանութիւնը:

            Գաղտնիք չէ, որ Էրտողանի Արեւելեան Միջերկրականի նուաճողական նկրտումները կասեցուած են: Ինք պարտաւոր է ամբոխավարական եւ ազգայնամոլական սնունդ մատակակարել իր իշխանութեան պատուանդան զանգուածին: Ուստի ան իր փառասիրութիւնները փոխադրած է Կովկաս, յաղթանակով մը իր դիրքը ամրացնելու, այդ կը պահանջէ ամբոխահաճական (populiste) գործելաոճը, եւ քալելու դէպի իր ծրագիրներու իրականացումը:

            Ի՞նչ կրնան ըլլալ ըլլալ յաջորդ քայլերը:

            Ռուսական S-400 հրթիռներ գնելէ ետք, Էրտողան ինքզինք աւելի զօրաւոր կը զգայ եւրոպական կամ ամերիկեան միջամտութեան մը դէմ, կամ դիմելու նոր նախաձեռնութիւններու իր սահմաններուն մօտ գտնուող յունական կղզիներու կամ Կիպրոսի դէմ, ընդարձակուելու Սուրիոյ մէջ, կամ նայելու դէպի Իրաքի նաւթահորերը, որոնք անցեալին եղած են օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ:

            Էրտողան իր զանգուածի աչքին չփոքրանալու համար, ստիպուած է նոր թիրախներ փնտռել: Իր միակ դաշնակցին, Քաթարի օրաթերթին մէջ, 8 հոկտեմբերին, ան ըսած է, որ Եգէականի եւ Արեւելեան Միջերկրականի հարցերուն մէջ, ոչ ոք զիրենք կրնայ նահանջի մղել դատարկ սպառնալիքներով, աւելցնելով, որ սկիզբէն ի վեր իրենք բաց կը պահեն դիւանագիտական անցքերը: Իրողութիւնը է, որ Թուրքիա չյաջողեցաւ իր պահանջներուն օրակարգով բանակցութիւններ պարտադրել Յունաստանի: Այս նահանջին մէջ դեր ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահի կտրուկ կեցուածքը, որ նաւատորմ ղրկեց այդ շրջանը: Եւ Եւրոմիութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց իր անդամներուն՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի: Իսկ Թուրքիոյ հակաօրինական քայլերը շրջանին մէջ կը միտին խռովութիւններ ստեղծել:

            Եւրոմիութեան վստահութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ, եթէ կար, խախտած է: Ան հասկցած է, որ Թուրքիան ազգայնամոլ, կրօնամոլ, այլամերժ, օտարատեաց, ցեղասպան եւ ոչ-ժողովրդավարական երկիր է, եւ անոր Եւրոմիութեան անդամակցութեան յոյսերը յօդս ցնդած են:

            Եւրոխուրհուրդը կը կրկնէ, որ եթէ Թուրքիան վերստին դիմէ միակողմանի գրգռութիւններու, խախտելով միջազգային ընդունուած օրէնքները, ինք բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ իր երկու անդամներու շահերը:

            Էրտողանի Արեւելեան Միջերկրականի մէջ քաղաքական արկածախնդրութիւնը կասած է, չէ ունեցած ամերիկեան աջակցութիւնը, պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ այցելած է Յունաստան եւ Կիպրոս, չէ ընդառաջած Թուրքիա այցելելու հրաւէրին: Էրտողան գիտէ հիմա, որ չի կրնար յուսալ իր խնդրայարոյց նախաձեռնութիւններով ծաւալապաշտական յաջողութիւններ ունենալ Եւրոպայի դռներուն եւ կը ձգտի յաղթանակի հասնիլ Կովկասի մէջ, այլապէս իր ժողովուրդի աչքին կը կորսնցնէ նուաճող նոր սուլթանի իր վարկը:

            Վրան զարկած է Հայաստանի մատոյցներուն:

            Ըստ զինուորական հարցերու իրազեկ ռուս Կոստանդին  Սիվկովի, Էրտողան կը հրահրէ արցախեան պատերազմը: Կ’ըսէ նաեւ, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, զանազան գօտիներու խնդիրներուն եւ Արցախի հակամարտութեան զինուորական միջամտութեամբ, Թուրքիա միաժամանակ կը հակադրուի Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի: Այս կը համարէ խենթութիւն եւ քաղաքական անձնասպանութիւն: Սիվկով կ’ըսէ, որ Թուրքիա, Արցախի հարցով, կը հակադրուի Մինսքի խումբի միջազգային նախաձեռնութեան: Արդէն Ատլանտեան Ուխտի իր իրաւ-կեղծ դաշնակիցները զայրացած էին, երբ գնած էր ռուսական S-400 հրթիռները եւ ամերիկացի ծերակուտականներ կը խօսին պատժամիջոցներու մասին: Մեկուսացումէ դուրս գալու համար, Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին իր ուղղակի մասնակցութեամբ պատերազմ կը մղէ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ, այս ձեւով պիտի փորձէ յանգիլ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան: Յիշեցում. այդպէս կը գործէին օսմանեան կայսրութեան ղեկավարները, հետեւելով պասքիւլի քաղաքականութեան, անգամ մը այս կողմ, անգամ մը միւս կողմ:

            Էրտողան կ’առաջարկէ դեր ունենալ Արցախի հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն մէջ, Մինսքի խումբի համանախագահներու կողքին, կամ չորսով. Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա եւ Թուրքիա: Իրեն, եւ ուրիշներու համար ալ, սովորութիւն է կողմ չհամարել Արցախի Հանրապետութիւնը:

            Այս խաղը կարեւոր է, քանի որ Թուրքիա կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ մը, եւ ազգայնական զգացումներու հրահարումով, կ’ուզէ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղեցնել: Թրքական նուաճողական քաղաքականութեան յաջորդ թիրախը կրկին կրնան ըլլալ հիւսիսային Իրաքը եւ Սուրիան, ուր աւելի դիւրին կրնայ խուսանաւել քան Միջերկրականի եւ Կովկասի մէջ, անցեալին օսմանեան տիրակալութեան տակ եղած շրջաններ, եւ ինք կ’ուզէ վերականգնել այդ կայսրութիւնը, կրօնքի օգտագործումով, համաթրքական ծրագրով:

            Այս քաղաքականութիւնը ունի իր հետեւանքները: Այնքան ատեն որ Էրտողան ազգայնական ինքնակալի (autocrate) դերով հրապարակի վրայ մնայ, Թուրքիան չի կրնար յուսալ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ:

Էրտողան ոչ կ’ուզէ եւ ոչ ալ կրնայ ճակատ բանալ Եւրոմիութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դէմ: Այդ ընելու համար յոխորտանք, ամբոխահաճութիւն (populisme) եւ ամբոխավարութիւն անբաւարար են: Ըլլալով ազգայնական ինքնակալ, եւ իր իշխանութիւնը կարենալ պահելու համար, դատապարտուած է նուաճողի եւ յարձակապաշտի դեր խաղալ, բաւարարութիւն տալու համար իր ընտրազանգուածի մոլեռանդութեան եւ վարագուրելու իր տնտեսական դժուարութիւնները: Այս պատճառով ալ ան Միջերկրականեան նահանջէն ետք ոստում կատարեց Կովկաս, որ այլապէս կարեւոր է իրեն, որպէս կամուրջ Միջին Ասիոյ թրքութեան հասնելու համար:

Հաւկուրութենէ տառապողներ չեն տեսներ նոր սուլթանին համաթրքական-համաթուրանական դէմքը: Պէտք է հետեւիլ անոր նպատակի իրականացման եւ իշխանութեան տիրացման քաղաքական պատեհպաշտական զիկզակին: Արդիականութեան դիմակով ուզած էր մաս կազմել Եւրոմիութեան, յայտարարած էր, որ եղբայրն է Պաշար Ասատի, միաժամանակ դաշնակիցն էր Իսրայէլի, քիւրտերու հետ բանակցութիւն բեմադրած էր, եղած էր Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնի սերտ գործակիցը, որուն անհաշտելի թշնամին է այսօր եւ խզուած է միւսներէն:

2016–ի յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք, Էրտողան համոզուած է, որ կը վայելէ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը, ինքզինք կը բաղդատէ Մարգարէին, ամէն առիթով մէջբերումներ կ’ընէ Գուրանէն, ինքզինք կը համարէ Քեմալի յաջորդը: Մշակելով իր մեծամոլական երազանքը, 1550 սենեականոց իր պալատին մէջ, ինքզինք կը տեսնէ որպէս նոր սուլթան Սուլէյման: Կ’ըսէ, որ այս քաղաքականութիւնը պիտի շարունակէ մինչեւ 2029, որպէսզի վերջ տայ ժողովրդավարութեան վերջին փշրանքներուն, ճնշելով եւ բանտարկելով բոլոր ընդդիմադիրները, մտաւորականները եւ լրագրողները: Ինչ կը վերաբերի մամլոյ ազատութեան, 180 երկիրներու մէջ Թուրքիա 155րդ տեղը կը գրաւէ: Նման երկրի մը ղեկավարին հետ ինչպէ՞ս երկխօութիւն ունենան ժողովրդավար երկիրները:

            Գիրքի մը մէջ, «Ռէճէպ Էրտողանի գլխուն մէջ», հեղինակ՝ Կիյոմ Փերիէ*, գիրք զոր պէտք է կարդալ եւ անոր մասին խօսիլ, կ’ըսուի. «Յաղթանակող Էրտողանիզմը ուրեմն տեսակ մը կրօնական քեմալիզմ է, նոր-օսմանական ամբոխահաճութիւն (populisme), ներծծուած թրքական ազգայնականութեամբ: Փորձնապաշտական (empirique) եւ գործնական կառուցում մը, գաղափարաբանութիւններու կուտակում մը: Տասնըհինգ տարուան իշխանութենէ ետք, Էրտողանի ժամանակաշրջանը եզրայանգումն է Թուրքիոյ դար տեւած հոլովոյթին եւ փոփոխութիւններուն: Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան (RTE), այն անձն է որ կը յաջողի միացնել երկու տարրերը թրքական ինքնութեան. իսլամականութիւն եւ ազգայնականութիւն» (էջ 226):

            Պարզ է. Էրտողանի փառասիրութիւնը Թուրքիոյ ներկայ սահմաններէն շատ աւելի հեռուն կ’երթայ, կը ներառնէ արաբական աշխարհը, Միջին Ասիան, եւ Միջերկրականի աւազանը:

            Հայ սիրողական քաղաքագէտի մը սահմանած վախազդու խրտուիլակը չէ թրքական վտանգը: Աշխարհի հեռու եւ մօտ երկիրները եթէ մատներու արանքէն չդիտեն կացութիւնը, կը տեսնեն վերահաս վտանգը:

            Մեծ հարցական է, կը հակազդե՞ն, ինչպէ՞ս կը հակազդեն: Կամ օր մը ստիպուած ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն:

            Ի՞նչ գին վճարելով: