Արցախի նախագահը Ջալալ Յարութիւնեանին Շնորհած Զինուորական Բարձրագոյն Սպայականի Կոչում

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Պաշտպանութեան նախարար գեներալ-մայոր Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է գեներալ-լեյտենանտի զինուորական կոչում:
«Այսօր իմ հրամանագիրով Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար գեներալ-մայոր Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում: Փա՛ռք ու պատիւ մեր բանակին»,- «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ նշած է Արայիկ Յարութիւնեան: