Արցախի Մէջ Ստեղծուած է Պարէտատուն․ Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումներ Պիտի Ըլլան

Հայաստան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրամանագիր ստորագրած է երկրի տարածքին ազատ տեղաշարժուելու իրաւունքի որոշակ սահմանափակումներ մտցնելու մասին:

Հրամանագիրով սահմանուած է Արցախէն քաղաքացիներու դուրս գալու յատուկ կարգ:

Ստեղծուած է պարէտատուն, որուն ղեկավարման համար պարէտ նշանակած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը: 

Արցախի տարածքէն ելքը սահմանափակուած է զօրահաւաքային զօրակոչի ենթակայ ԱՀ քաղաքացիներու համար եւ կը թոյլատրուի միայն յատուկ պարագաներու` պարէտի կողմէ տրուած անցաթուղթի առկայութեան պարագային:

Պարէտը լիազօրուած է նաեւ, ըստ անհրաժեշտութեան, սահմանել ԱՀ որոշակ տարածքներ անձերու, փոխադրամիջոցներու մուտքի (ելքի), այդ տարածքներու մէջ գտնուելու եւ տեղաշարժուելու յատուկ կարգ եւ պայմաններ: