Ստեփանակերտը Կը Մաքրուի Թշնամիին Արձակած Ռումբերէն եւ Հրթիռներէն

Հայաստան

Բնակչութեան անվտանգ կենսապահովման նպատակով Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով, ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մաքրել պայթած ու չպայթած ռումբերէն եւ հրթիռներէն:

Սակրաւորները արդէն քանի մը թաղամասերու յարակից տարածքներուն մէջ եւ բանուկ ճանապարհներու մօտ գտնուող 300մմ «Սմերչ» տեսակի հրթիռները հանած եւ ոչնչացնելու նպատակով տեղափոխած են անվտանգ վայր:

Աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ օրերուն, իսկ կրակի ամբողջական դադարէն ետք` շրջաններու մէջ: