Ֆրանսայի Խորհրդարան Ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին Օրինագիծ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին յայտնած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններ ֆոնտի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան` աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ վերջին օրերուն ANIF-ը մեծ կազմակերպական եւ համակարգուած աշխատանք իրականացուցած է` ֆրանսացի իր գործընկերներուն հետ:

«10 օր մենք Ֆրանսայի վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփենի (ANIF-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ), տեղացի լրագրողներու, խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ կ՛աշխատէինք` բացատրելով, թէ Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր ինչ տեղի կ՛ունենայ արցախա-ազրպէյճանական շփման  գիծի երկայքով, կը ներկայացնէինք նաեւ թէ Թուրքիոյ, թէ վարձկաններու դերը, ներգրաւուածութիւնը, որ լիարժէք կը փոխէ պատկերը: Բացատրած ենք, որ հանգուցալուծման միակ իրական քաղաքական ճանապարհը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է միջազգային հանրութեան կողմէ: Եւ քանի որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ մարդիկ իրականութիւնը արագ կը հասկնան, նախագիծը այսօր առաւօտեան մտաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ստորին պալատ»,-ըսած է Փափազեան:

Նախագիծը կը նախատեսուի, որ կը քննարկուի յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին: Նախագիծը առաջինը ստորագրած է Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Փուփոնը: Փափազեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած ֆրանսացի գործընկերներուն,  որոնք իրենց հայանպաստ ձեռնարկումներով հետեւողականօրէն իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն Արցախի խնդրի կարգաւորման եւ արդարութեան վերականգնման գործընթացներուն մէջ:

Փափազեանը նկատել տուաւ, որ նոյն ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանին Լոնտոնի, Հռոմի մէջ: