Մէկ Ճանապարհ Ունինք` Պարտադրել Զինադադար․ Արցախի Նախագահ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր ըսած է, որ «Պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հերոսաբար դիմադրել եւ ուժգին հակահարուածներ հասցնել թշնամիին` պատճառելով մարդկային եւ զինամթերքի ահռելի կորուստներ»:

«Մենք կը տեսնենք Ռուսիոյ եւ միջազգային հանրութեան աշխոյժ ջանքերը պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ եւ բարձր կը գնահատենք անոնք»,- ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 10-ին ձեռք բերուած մարդասիրական հրադադարի պայմանաւորուածութեան եւ Ազրպէյճանի կողմէ անոր պարտաւորութիւններու անտեսման, Յարութիւնեան ըսած է.

 «Հակառակորդը, օգտուելով առիթէն, այդ յայտարարութեան արդէն յաջորդ օրը սկսած է աւելի հուժկու մարտական գործողութիւններ` ճակատի գրեթէ ողջ երկայնքով, մանաւանդ` հարաւային ուղղութեամբ: Հակառակորդը յաջողած է ինչ-որ տեղ մխրճուիլ, ինչ-որ տեղ ունենալ առաւելութիւններ եւ օր օրի ճակատը տեղափոխել աւելի խոր տարածքներ: Կը հասկնանք, որ հակառակորդին զինադադար ստիպելու ընդամէնը մէկ ճանապարհ ունինք` պարտադրել զինադադար»: 

Ան նշած է, որ հակառակորդը ընտրած է ոչ թէ խնդրի լուծման, այլ Արցախի հայութիւնը, յետոյ` յաջողութեան պարագային, նաեւ Հայաստանի հայութիւնը բնաջնջելու ճանապարհը:   

«Մենք աւելի ծանր ժամանակներ ունեցած ենք: Մենք յաջողած են յաղթել, որովհետեւ կը հաւատայինք յաղթանակին, այսօր ալ կը հաւատանք, որ պիտի յաղթենք: Մեզի պէտք է համախմբուիլ, միաւորուիլ եւ ամենակարեւորը` մասնակցիլ մարտական գործողութիւններուն: Կ՛ակնկալեմ իմ եղբայրներու աշխոյժ մասնակցութիւնը, սփիւռքի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու, Հայաստանի մէջ ապրող մեր եղբայրներու, օրհասական պահն է այսօր` հայրենիքը պահելու, պատուով ապրելու: Ատոր համար կոչ կ՛ընեմ ունենալ ոչ միայն նիւթական, այլեւ ֆիզիկական մասնակցութիւն, մենք ատոր կարիքը կը զգանք»,- ըսած է նախագահը: