Պաքուն Դատապատելու Կոչով՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի Եւ Արցախի Յատուկ Յանձնախումբը Կը Դիմէ Բոլոր Օրէնսդիրներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինին մէջ հաստատուած՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը նամակներով դիմած է նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ զանզան միջոցներով խստօրէն դատապատեն Արցախի վրայ Ազրպէյճանի նորագոյն յարձակումները։
Այս մասին կը հաղորդեն Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակէն։

Նամակին մէջ կը շեշտուին, որ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումներ իրականացնելու կողքին, Ազրպէյճան յարձակած է նաեւ Քալիֆորնիոյ հայութեան վրայ, յիշեցնելով յատկապէս Սան Ֆրանսիսքոյի դպրոցին եւ Հայ կեդրոնին վրայ յարձակումներոը։