Չլսուած Եւ Չլսուող «Իւրայիններ»-ու Ուղղուած Արդար Ամբաստանութիւն. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այս գիշեր, համացանցի էջերուն վրայ կը թափառէի: «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդացի Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի խօսքը:

            Ուրիշներ, իրմէ առաջ, տարբեր ձեւերով, նոյն ցաւով ահազանգած են: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) հայկական զանգուածները եղած են խուլ: Ափսո՜ս: Մենք ալ բռնուած սպառման եւ զբօսի տենդով:

            Ի՞նչ կ’ըսէ Զարեհ Սինանեան.

            «Հայ մարդը Թուրքիայի գանձարանին մէկ ժանգոտ լումա կամ կոպէկ չպէտք է տայ: Դա ստորացուցիչ է: Եւ այսօր, այն դրոնները (drones), որոնք կրակում են՝ թուրքական «Բայրակթար» դրոնները, որոնցով պայթեցնում են մեր երիտասարդներին եւ նոյնիսկ տանկեր են… այդ դրոնների, հրթիռների համար դուք էք վճարել: Դուք՝ այն մարդիկ, այն հայերը, որոնք տարիներ շարունակ թուրքական ապրանքներ են գնել, օգտուել են թուրքական արտադրութիւնից, Թուրքիայում հանգստացել են, գումարներ են ծախսել եւ հարստացրել են Թուրքիային» (ընդգծ. Յ.Պ.)…

Զարեհ Սինանեան չ’ըսեր նաեւ, որ հայ մարդիկ նոյն ընթացքով կը շարունակեն: Հայաստանցիներ եւ սփիւռքահայեր Անթալիա կ’երթան հանգստանալու, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Փարիզի, Մարսիլիայի արեւելեան կամ հայկական կոչուած վաճառատուները կը ներածեն եւ կը ծախեն թրքական ուտեստեղէնի տեսակներ, ձաւար, օղի, մինչեւ անգամ ձուկ (լաքերտա), որուն համար նաեւ հերթի կը կանգնին: Հայաստանի եւ Պէյրութի շուկաներուն մէջ թրքական հագուստներ կը վաճառուին:

Հայ մարդիկ են ներածողները, վաճառողները եւ գնողները:

            Ասոնք հայկական երգերով յուզուողներ են, Հայաստան գացող-եկող հայրենասէր զբօսաշրջիկներ են:

            Եթէ խօսած էք այս շահաւէտ առեւտուրով զբաղողներուն հետ, անոնք ձեզի պիտի ըսեն, որ եթէ իրենք չներածեն եւ չվաճառեն այդ ապրանքները, մրցակիցներ այդ պիտի ընեն: Իսկ գնողները պիտի ըսեն, թէ՝ գիները յարմար են: Առարկութիւն չվերցնող գործնապաշտութիւն:

            Հայաստանի պետութիւնը հնարաւորութիւն ունի արգիլելու այս հագուստ-կապուստի եւ զբօսաշրջային առեւտուրը:

Ինչպէ՞ս շրջափակուած Հայաստանի շուկան կ’ողողուի թրքական ապրանքներով, եթէ շրջափակում կայ:

            Եթէ մանրավաճառը եւ շարքային քաղաքացին  չեն հասկնար, որ իրենց գնած-վաճառած ապրանքէն գոյացած եկամուտը մեզի դէմ զէնքի կը վերածուին, Զարեհ Սինանեանի բացատրութեամբ, այն դրոնները (drones), որոնք կրակում են՝ թուրքական «Բայրակթար» դրոնները, որոնցով պայթեցնում են մեր երիտասարդներին եւ նոյնիսկ տանկեր են… այդ դրոնների, հրթիռների համար դուք էք վճարել…

            Սփիւռք(ներ)ի պատասխանատու կազմակերպութիւնները եւ մամուլը ինչո՞ւ չեն խօսիր ժողովուրդին, ներածողին, վաճառողին եւ գնողին, որ պէտք է դադրեցնեն այդ առեւտուրը: Ինչո՞ւ հայ մարդիկ, հայ տանտիկինը, իրենց ժառանգած արեւելեան համադամները գնահատելու եւ վայելելու թեթեւսոլիկ հաճոյքներէն պիտի չհրաժարին, որպէսզի Զարեհ Սինանեան չըսէ, թէ այդ դրոնների, հրթիռների համար դուք էք վճարել, կը շարունակէք դուք վճարել: Զբօսաշրջիկի ծովափնեայ անթալիական երջանկութեան գինը կը վճարեն հայրենիքի սահմաններուն վրայ «Բայրակթար» դրոններով հնձուող հայ երիտասարդները, հայկական բնակավայրերը, մանկապարտէզները, կը վճարէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին:

            Միթէ՞ այսքան եսասէր դարձած ենք, խրած անմիջական բաւարարութիւններու ցեխին մէջ, չտեսնելու համար, որ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դէմ իրականացուող դաւադրութեան, նախայարձակումներուն եւ ցեղասպանութիւնը շարունակելու համաթրքական ռազմապաշտութեան կը նպաստենք, մէկ լումա առաւել մէկ լումա ձգելով մեր բնաջնջումը հետապնդող ջարդարարներու գանձանակը:

            … այդ դրոնների, հրթիռների համար դուք էք վճարել …

Զարեհ Սինանեանի ահազանգը նոյնքան կարեւոր է, որքան կարեւոր են Հայաստանի օժանդակութեան համար եղած կոչերը: Օժանդակութիւնները փուճ կը դառնան, եթէ շարունակենք հայոց քաղաքները, տուները, եկեղեցիները, երիտասարդներու կեանքերը հնձող  այդ դրոնների, հրթիռների համար մենք վճարել…

            Այսքանը հասկնալու համար ոչ համալսարաններ աւարտած ըլլալու, ոչ ապարանքներու տէր ըլլալու, եւ ոչ ալ շքանշաններ ստացած ըլլալու կարիք կայ:

            Պարզ է. թրքական չիր-չամիչի, պահածոյի եւ շորերու փերեզակային առեւտուրի համար հայ մարդոց վճարած լումաներու զոհ կը դառնան Աշոտը եւ Վլատիկը…

            Ըսելէ առաջ, թէ այս կամ այն երկիրը կը զինէ թուրքը, մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ թուրքը զինելու դաւին մասնակի՞ց ենք:

Հայ մարդը Թուրքիայի գանձարանին մէկ ժանգոտ լումա կամ կոպէկ չպէտք է տայ: Դա ստորացուցիչ է, կ’ըսէ Զարեհ Սինանեան:

            Պիտի հասնէի՞նք հոս, որ հայը հայուն անպատասխանատուութեան համար գործածէր ստորացուցիչ վերադիրը, որ չէ գործածուած ուրիշներու համար:

            Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ մեղմ միջոցները չեն բաւեր ախտեր բուժելու, հարկաւոր են ձիու դարմաններ, remède de cheval, այսինքն՝  կոշտ դարմաններ: