Պայտըն Թրամփի Վարչակազմէն Պահանջած է Դադրիլ «Անգարան Փաղաքշելէ». Յայտարարութիւն ԼՂ Հարցով

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն յայտարարութիւն տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ` ընդգծելով, որ լարուածութեան ողջ ընթացքին Թրամփի վարչակազմը մեծ մասամբ անհասկնալիօրէն կրաւորական էր եւ չներգրաւուած:

«Ամերիկայի ձայն»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պայտըն մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ Հոկտեմբեր 10-էն ուժի մէջ մտնող հրադադարի խախտումին եւ մարտերու վերսկսումին վերաբերեալ. անօդաչու թռչող սարքերը, ականանետերը եւ հեռահար հրետանին հարիւրաւոր կեանքեր կը խլեն սահմանագիծի երկու կողմերուն վրայ՝ տեղահանելով հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ:

«Սեպտեմբեր 27-ի ռազմական գործողութիւններու բռնկումէն ի վեր ո՛չ Նախագահ Թրամփը, ո՛չ ալ պետական քարտուղար Փոմփէոն զանգահարած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն, անգամ երբ տարածաշրջանին մէջ բռնկուն վիճակ է: Դիւանագիտութիւնը Մոսկուան լիազօրելու փոխարէն վարչակազմը պէտք է առաւելագոյն ներգրաւուածութիւն ունենայ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ` աշխատելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ մարտերը կանգնեցնելու եւ երկու կողմերը բանակցութիւններու վերադարձնելու համար»,- նշած է Պայտըն։

Անոր խօսքով` Թրամփի վարչակազմը պէտք է ըսէ Ազրպէյճանին, որ չի հանդուրժեր հակամարտութեան ռազմական լուծում պարտադրելու՝ վերջինիս ջանքերը: Անհրաժեշտ են յուսալի բանակցութիւններ հակամարտութեան տեւական լուծման շուրջ:

«ԱՄՆ պէտք է դադրեցնէ փաղաքշել ինչպէս Թուրքիան, այնպէս ալ Իրանը, ըսէ, որ հեռու մնան այս հակամարտութենէն: Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի տրամադրումը եւ ռազմական լուծումը խրախուսող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անպատասխանատու են: Դիւանագիտական հանգուցալուծման հասնիլը դիւրին չէ, բայց Թրամփի վարչակազմը պարտաւոր է փորձել: Ատիկա պէտք է ընէ շտապ, նախքան աւելի շատ կեանքեր կորսնցնելն ու հակամարտութեան ընդլայնումը»,- նշած է նախագահի թեկնածուն։