Ձեր Անունն է Պայքար եւ Վախճանը Յաղթանակ….

Հայաստան

Պռոշեան գիւղի Պանթէոնը վկայ, մեր գիւղի զաւակներու հերոսութիւններուն մասին նոր չէ որ կը խօսուի, այսօր նախորդներու ցանած սերմերը տուին իրենց հերոսական արդիւնքը՝ կրկնելով պանծալի պատմութիւնը։

Այս հերոսները մեր բազում նուիրեալներու շարքին, իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հողի՝ դրսեւորելով հայրենասիրութեան սրբազնագոյնը….

Հոկտեմբեր 6-ին, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային ուղղութեամբ ընթացած ծանր մարտերուն, այս տղաները մասնակցեցան «Վարանգաթաղ» (Լուլասազ) ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող բարձունքի ազատագրման. իրականացնելով կեանքի գնով յաղթանակ, սխրագործութիւն, որ յաւերժ պիտի մնայ մեր հերոսական պատմութեան էջերուն մէջ:

Այս նուիրական ճանապարհն ընտրած հերոսները անմահ են, հետեւաբար մեր պարտքն է զիրենք ճանապարհել ոչ թէ լաց ու կոծով, այլ հպարտութիւն առթող ցաւով եւ ուխտելով՝ շարունակել անոնց սկսած գործը մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։

Այո’ մեր անմահներ, պիտի յաթենք, որպէսզի ձեր փառաւորուած հոգիները գոհունակութեամբ ժպտին՝ հզօր, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ երկնակամարին, պիտի յաղթենք բռունցքուելով, որպէսզի արժանի ըլլանք ձեզ…