3,239,500 Տոլար Նուիրաբերուած է Կլէնտէյլի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Համատեղ Դրամահաւաքին

Հայաստան, Սփիւռք

Հոկտեմբեր 8-ին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համատեղ կազմակերպած էին հրատապ դրամահաւաք՝ օրհասական պահուն հայրենիքին աջակցելու եւ Արցախի դէմ Թուրքիոյ ուղիղ մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն տուժած խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական անյետաձգելի օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:

Ձեռնարկին ընթացքին նուիրաբերուեցաւ 3,239,500 միլիոն տոլար, որուն
2,482,273ն անմիջապէս փոխանցուեցաւ Հայաստան հիմնադրամին, իսկ մնացեալ
գումարը նուիրատուներուն կողմէ պիտի փոխանցուի կարճ ժամանակի ընթացքին:
Համատեղ ձեռնարկը, հաշուած օրերու ընթացքին, մէկ յարկի տակ հաւաքած էր Ամերիկայի արեւմտեան ափի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդները, քաղաքական, հասարակական, բարեգործական, կրթական կազմակերպութիւններու ղեկավարներն ու գործարարները:

Ներկայացուցչական ձեռնարկը արտացոլեց Հայաստան հիմնադրամի միջոցով
հայրենիքին մարդասիրական աջակցութեան ձեռք մեկնելու՝ Ամերիկայի արեւմտեան ափի հայ համայնքի հաւաքական պատրաստակամութիւնը, որ պատերազմի առաջին իսկ օրէն
կը դրսեւորուի ամբողջ հայ համայնքի շարունակական նիւթական մասնակցութեամբ:

Հայրենիքին մարդասիրական օգնութեան ձեռք մեկնելուն ուղղուած համատեղ ձեռնարկը ինքնին ուղերձ էր՝ ջանքերը շարունակելու եւ բազմապատկելու անհրաժեշտութեան շեշտադրումով: