Բանակը եւ Հայկականը… Գէորգ Պետիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ի՞նչ է երկրի մը բանակը:
Առաջին հերթին՝ համախմբումն է երկրի մը զինուորագրեալ զաւակներուն, զէնքերով, ռազմական տուեալներով եւ զինամթերքներով:
Այս հաշուով, երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող երկրի մը ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ան նաեւ կոչուած է ամէն զոհողութիւններով պաշտպանելու նոյն այդ երկրին սահմանները եւ միաժամանակ փորձելով ապահովել անոր խաղաղութիւնը:
Ուստի նշեալ երկրի բանակը, իր պատիւն ալ է:
Բայց տեղին է նշել, թէ բանակ մը, որքան ալ մեծ ըլլայ իր որակով եւ քանակով, եւ նոյնպէս զինուած զանազան եւ բազմազան արդիական զէնքերով կամ հրթիռներով, եթէ անոնց ընկերացած չէ նուիրուեալ, գիտակից եւ ոչ պատահական մարդիկ, ան միշտ աւելի տկար դուրս կու գայ իր մղած կռիւներէն կամ ռազմերէն:
Ուստի բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են եւ աւելին հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:
Անոր համար դարերէ ի վեր մարդիկ, պետութիւններ, ժողովուրդներ իրենց երկրի խաղաղութեան եւ ինչու չէ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին զաւակներով կազմուած բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին, ու հզօրացման աշխատանքներուն: Նոր զէնքերով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գնով հոգացած են անոր պահանջներն ու կարիքները: Արդիականացուցած: Կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած: Ու տեսնուած է նաեւ, որ ամէն պատերազմ, իր աւարտին միշտ բերած է որոշ գիտութիւն, թէքնիք ու փորձառութիւն:
Եւ որովհետեւ բանակին համար մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած: Իր կարգին երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Իսկ նոյն այդ երկրի ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները, յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով եւ յուշակոթողներով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու ու հերոսներու անուններով յիշատակած:
Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:
Որովհետեւ այս օրերուն, մեր ազգային բանակը, պատիւ իրեն, շնորհիւ հայ զինուորի քաջարի ծառայութիւններուն եւ սխրագործութիւններուն, եւ մեր զինեալ ուժերուն եւ անոր ղեկավարնե-րուն անվախ ու մարտնչող անպարտելի ոգիին, մեր երկրի սահմաններուն, ձեռք ձգած է մեծ յաղթանակներ:
Ու այս բոլորը համայն հայութեան համար համազգային ուրախութիւն եւ հպարտութիւն առթող առիթներ են, որոնց միշտ եւ անկեղծօրէն կը դիմաւորենք մեծ ցնծութեամբ, խոր յարգանքով եւ երախտապարտ ոգիիով:
Մեզի համար այս բոլորը ոչ միայն նորութիւններ են, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ: Հայկական բանակ եւ հայ Զինուոր: Հայոց բանակ՝ հայու հպարտութիւն:
Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ:
Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է: Գիտենք ու մանաւանդ այս օրերուն, ամէնօրեայ մեր կեանքի հեւքին հետ ալ, մօտէն ե՛ւ դրական զօրակցութեամբ, ե՛ւ բարի մաղթանքներով, ե՛ւ աղօթքով կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն, որոնք վառ յոյս կը սփռեն մեր հայրենիքի փայլուն ապագային: Անոր համար է, որ մեր բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով, յաղթանակներ կը կոթողուին:
Մեր այս տողերը պարզ եւ սակայն յատուկ եւ մեծ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ:
Վկայ այս օրերուն յատկապէս եւ անցեալի Արցախեան արիւնոտ պայքարները: Ու տեղին է յիշեցնել բոլոր նահանջող հոգիներուն, որ մեր ազգային բանակը, մեծ յանձնառութիւններուն տակ մտնելով, իբրեւ մէկ բռունցք, թշնամի հոսող ժամանակին դէմ թիավարած է եւ տակաւին կը թիաւարէ, երբեմն բոլորովին աննպաստ պայմաններու տակ, երբեմն ալ նոյնիսկ արիւնոտ յաճախանքներով, միշտ ուժ ունենալով միայն իր ներքին հաւատքը, պատկանելիութեան հուրքը, ծառայելու տենդը եւ մահուան ու ազատութեան գիտակացութիւնը:
Միշտ մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է պէտք է դառնայ մեր հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէտք է միշտ անոր զօրակցիլ: Արդիական դարձնել ու պահել: Մաս-նագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել մեր յոյսերը:
Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով, եւ սակայն երբեք չէ յուսա-հատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ անոր կողքին կենալով, քաջալերած ու գնահատած է ու աւելին՝ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով եւ յաջողութիւններով:
Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ: Ու այս օրերուն համայն ժողովուրդով բանակ դարձած ենք, մեր մեծով ու պզտիկով, մեր կամաւորկան գունդերով, ու աննկուն ոգիով լի մեր զինուորներու հերոսկան խոյանքներով:
Դարերու ընթացքին հայկական բանակը միշտ կռուած ե՛ւ կեանքի, ե՛ւ հաւատքի ու հողի, ե՛ւ երկրի ազատութեան ու մահուան համար: Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն:
Ահա ասոնք են մեր բանակին դեղատոմսերը եւ ահա ասոր համար է, որ հայկական բանակը դարերէ ի վեր իր խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութիւն պարտադրող արարքներով, եւ մեզ առաջնորդած՝ դէպի առաջ, դէպի ապահով ապագայ:
Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, մեր յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափող նահատակ եւ մարտիրոսացած՝ հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն:
Ու մենք՝ Յաղթելու ենք: