Մեր Միասնականութեան Կրակի Մկրտութիւնը. Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ահաւասիկ անգամ մը եւս կեցած ենք պատերազմի թէժ իրականութեան առջեւ։ Անգամ մը եւս կոչուած ենք խիզախ պատասխան տալու պատմութեան մարտահրաւէրին։ Եւ անգամ մը եւս թուրքեւազրպէյճանական նախայարձակումը կը բախի մեր ժողովուրդի, մեր քաղաքական ուժերու եւ մեր պետականութեան հզօր եւ միահամուռ հակադարձութեան։ Եւ ինչպէս միշտ՝ ռազմաճակատը ամէն տեղ է։ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, իրենց ծաւալապաշտ նկրտումնեով, համաշխարհայնացուցած են այս պատերազմը ի սկզբանէ եւ մենք այս ոսոխը կը դիմագրաւենք ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագծերուն վրայ, այլեւ ամբողջ երկրագունտի տարածքին։ Աշխարհի բոլոր գլխաւոր մայրաքաղաքներու ռազմաբեմին վրայ միաժամանակ։ Եւ թշնամին պարտութեան մատնելու անտեղիտալի վճռակամութեա՛մբ։

Անցնող բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան — Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի քթին տակ – սանձարձակօրէն վարած են փանթուրքիզմի իրենց ոճրային քաղաքականութիւնը տեւաբար խաբելով, տեւաբար ապակողմնորոշելով, բացէ ի բաց կաշառելով միջազգային քաղաքականութեան տիրող ուժերը։ ԵԱՀԿ–ի Մինսքի Խումբի Համանախագահող Երկիրներն ու իրենց լծակիցները, իրենց թոյլ, անատամ եւ անվճռական քաղաքականութեամբ, տարիներ շարունակ քաշքշեցին միջազգային դիւանագիտութեան գործընթացը եւ միւս կողմէ շարունակաբար պարենաւորեցին բազմիցս եղեռնագործ եւ ֆաշիզմի բոյն հանդիսացող Ազրպէյճանի զինապահեստները։ Եւ աւելի քան հարիւր տարուան շարունակական դիեցումներով, անոնք սնուցին եւ աճեցուցին այն ռազմամոլ հրէշը, որ կը կոչուի Թուրքիա իր ցեղասպան եւ ծաւալապաշտ քաղաքականութեամբ։ Եւ թոյլ տուին, որ ան – Նաթոյի իսկ ուժականութիւններո՛վ — դառնայ մեծագոյն սպառնալիք տարածաշրջանի ամենէն զգայուն կէտերուն վրայ՝ անզօրութեան մատնելով աշխարհակարգի բոլոր ղեկավար ուժերը անխտիր։

Այսօր, այդ հրէշը կը գտնուի մեր դռներուն առջեւ եւ յստակ է, որ Կովկասի այս փխրուն քարտէզին վրայ մենք գործ ունինք թուրքեւազրպէյճանական փանթուրքիզմի արիւնոտ քաղաքականութեան հետ։

Պատերազմը, զոր այսօր հայ զինուորը հերոսաբար կը մղէ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագծերուն վրայ, ամբողջ աշխարհի պատերազմն է եւ առաջին հերթին՝ Ռուսաստանի՛։ Յստակ է, որ մեր երկիրը առանձինն կեցած է փանթուրքիզմի ճանապարհին վրայ ամուր պահելով քաղաքակիրթ աշխարհի այս կենսական դարպասը։ Ի վերջոյ եկած է ժամը, որ Արեւմուտքն ու Ռուսաստանը լիարժէքօրէն գիտակցին այն դժուարին առաքելութեան, զոր ստանձնած է հայ զինուորը պատասխանատւութեան մեծագոյն զգացումով։ Պէտք է գիտակցին, որ նաեւ ԻՐԵՆՑ կաշին է խնդրոյ առարկայ ճակատագրական այս առճակատման մէջ։ Այս կռիւի ամէն մէկ դիրքին վրայ ամէն օր եւ ամէն ժամ կը ճշտուի նաեւ ԻՐԵՆՑ վաղուան կենսագրութիւնը։ Հայ զինուորը այդ հաւաքական կենսագրութիւնն է, որ կոչուած է գրելու քաղաքակիրթ աշխարհի պատմութեան համար։ Հետեւաբար մենք եկած ենք այսօր ըսելու, որ ա՛լ կը բաւէ այն երկչոտ, երկդիմի, կարճատես եւ անողնայար քաղաքականութիւնը, զոր վարեցիք մինչեւ հիմա անխնայ զինելով Ազրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ծախելով ձեր զաւակներու ապագան։ Ալ կը բաւէ սղոցէք այն իսկ ճիւղը, որուն վրայ փառաւորապէս նստած էք դուք՝ ինքներդ եւ նոյնիսկ այս ուշ ժամուն ձեր «խաղաղասիրական» յորդորներով կը ջանաք փախուստ տալ կեանքի իրական հարցերէն։

Մենք այս կռիւը պիտի մղենք վճռակամութեամբ։ Մենք այս կռիւը պիտի մղենք ազգովին։ Եւ կասկած մի ունենաք, որ մեր յաղթական ռազմավարութեան առջեւ պիտի կքին թրքական ֆաշիզմի ուժերը։ Մենք պիտի շահինք այս պատերազմը։ Մենք նաեւ պիտի շահինք վաղուան խաղաղութիւնը եւ մենք զայն պիտի շահինք ամբողջ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար։ Մենք այս երկիրը պիտի փրկենք ոչ միայն մեր սերունդներու, այլ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան։ Դաշտէն բացակայողը առայժմ դուք էք ձեր ապիկար, նեղմիտ, անապագայ հաշիւներով։ Եւ ձեր վրայէն է, որ պիտի քալէ պատմութիւնը։ Եւ պիտի քալէ ի շահ որո՞ւն…Հարց տուէք քանի դեռ ուշ չէ։