Սան Ֆրանսիսքոյի Մարտահրաւէրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա. Պ.

Երկու ամիսներու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, արդէն երրորդ անգամն է, որ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային մեր հաստատութիւնները եւ կեդրոնները թիրախ կը դառնան խափանարարութիւններու:

Անցեալ Յուլիսին՝  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած սահմանային բախումներու հրահրումով, տարբեր երկիրներու մէջ  կատարուած հակահայ արարքներու մէկ դրսեւորումն էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի շրջափակի պատերը հակահայ եւ Ատրպէյճանամէտ «կրաֆիթի»ներով նկարելու արարքը:

Շուրջ երկու շաբաթ առաջ, հակահայ այս քայլին յաջորդեց տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնը հրկիզելու խափանարարութիւնը, որ զգալի նիւթական վնասներ պատճառեց կեդրոնին: Իսկ ահա՛, անցնող օրերուն, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը դարձեալ թիրախ դարձաւ, երբ անծանօթներ կրակ բացին վարժարանին ուղղութեամբ, բարեբախտաբար պատճառելով միայն թեթեւ նիւթական վնասներ:

Յոյսով ենք, անշուշտ, որ ապահովական պատկան մարմինները ամէնէն արագ միջոցին կը յաջողին բացայայտել այս արարքներուն ետին կանգնողներուն ինքնութիւնը: Բնականաբար մեր համայնքի պատկան մարմինները ջանք պիտի չխնայեն՝ հեշտացնելու համար անոնց գործը:

Մինչեւ այդ, կարեւորը՝ այս արարքներուն հետապնդած նպատակները ձախողեցնելն է: Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ հետապնդուածը այստեղ ջլատումն է մեր համայնքային ազգային կեանքին: Հետապնդուածը վախի ու ահաբեկչութեան մթնոլորտի ստեղծումով՝ մեր համայնքին առօրեան անդամալուծելն է, արուեստական վիհ ստեղծելով մեր համայնքի զաւակներուն եւ համայնքի հաստատութիւններուն կամ կառոյցներուն միջեւ: Ասոնք են անոնց նպատակները, զորս պէտք է ձախողեցնել ամէն գնով:

Նոր ապահովական միջոցառումներու որդեգրումով, յաւելեալ աչալրջութեամբ, բայց մանաւանդ մեր համայնքի միասնական ուժերուն լարումով՝ վստահաբար կարելի պիտի ըլլայ այս մարտահրաւէրն ալ յաղթահարել: