Իսրայէլեան Պետական Ընկերութիւնը Ազրպէյճանական Դրամի Լուացման Հետ Առնչութիւն Ունեցող Ընկերութիւններու 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է

English

Ըստ 2012-էն 2014 երկարող ժամանակահատուածին վերաբերեալ դրամատնային սպրդած զեկուցումներու, Իսրայէլի օդանաւներ արտադրող մեծագոյն ընկերութիւնը` Israel Aerospace Industries, առնուազն 155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնք առնչութիւն ունին Ազրպէյճանի վերնախաւին  համար դրամ լուալու լայնածաւալ գործողութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ» թերթը:

Իսրայէլեան պետական ընկերութիւնը 2012-ին 1․6 միլիառ տոլարի համաձայնագիր կնքած էր Պաքուի հետ․ անոր կողմէ կատարուած վճարումներուն պատճառը յստակ չէ:

Դէպքը երեւան եկաւ, երբ դրամատնային հազարաւոր փաստաթուղթեր սպրդելով՝ յայտնուեցան հետաքննիչ լրագրողներու միջազգային համախմբումին ձեռքը: