Նունէ Սարգսեանի եւ «Հայկաշխարհ»-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Ամփոփուած է Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Մրցոյթը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը ամփոփուած են ՀՀ նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեանի` Քուէյթի վարժարանի սաներուն ուղղուած արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու մրցոյթի արդիւնքները: «Եռագոյն»-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութենէն:

Հայաստանի եւ արտերկրի հասակակից աշակերտներու միջեւ կապերու սերտացման ուղղուած հեռավար զրոյցներու ծիրէն ներս բանաստեղծութիւններու մրցոյթ կազմակերպելու մասին յայտարարուած էր տիկին Սարգսեանի` այս տարուան Մայիս 26-ին Քուէյթի ազգային վարժարանի սաներուն հետ հեռավար հանդիպման ընթացքին: Այդ ժամանակ ալ որոշուած էր վարժարանի սաներու մասնակցութեամբ մրցոյթի արդիւնքները ամփոփել Սեպտեմբեր 21-ին` Հայաստանի Անկախութեան օրը:

Չխախտելով պայմանաւորուածութիւնը` Սեպտեմբեր 21-ին տիկ․ Սարգսեան, «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքի աջակցութեամբ, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի ազգային վարժարանի եւ «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս վարժարանի հետ որպէս քոյր դպրոց յայտարարուած` Երեւանի Յակոբ Օշականի անուան թիւ 172 հիմնական դպրոցի տնօրինութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն հետ: 

Տիկ․ Նունէ նախ շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու դպրոցներու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն` իրենց գնահատելի պատրաստակամութեան ու ոգեւորութեան, ջանքերու ու աշխատասիրութեան, եւ, ի հարկէ, հայ ազգին, հայոց լեզուին եւ մշակոյթին նուիրուած ըլլալուն համար: «Սա է այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը` ըլլալ կամուրջ եւ պահպանել մեր մայրենի լեզուն, -նշեց ան: -շատ ուրախ եմ, որ դուք հաւատացիք եւ մասնակցեցաք այս մրցոյթին»:

Ընդհանուր առմամբ մրցոյթին մասնակցած է տասներկու աշակերտ: Վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած բանաստեղծութիւնները գնահատած են չորս հոգիէ բաղկացած դատական կազմը՝  ասմունքող, Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ Սիլվա Եուզպաշեան, արձակագիր, բանաստեղծուհի եւ մանկագիր Մարիամ Խուրշուտեան, հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ալպերթ Մակարեան, «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքի հիմնադիր, խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեան: Առաւելագոյն միաւորներ հաւաքած են եւ յաղթած են Քուէյթի ազգային վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհի Լալա Խաչատուրեանը` «Սիրոյ տաղ Հայրենիքիս», 1-ին դասարանի աշակերտուհի Աննա Պոտիկեանը` «Իմ Հայաստան» եւ 4-րդ դասարանի աշակերտ Նիկոլ Աղպոյեանը` «Քոյրս» բանաստեղծութիւններով:

«Հաւատացէք, որ թէ ժիւրի՛ն, թէ մենք բոլորս շատ հաւնեցանք բոլոր տասներկու բանաստեղծութիւնները»,-ընդգծած է տիկին Նունէ: Որպէս քաջալերանք, խրախուսանք եւ շնորհակալութիւն` բոլոր տասներկու աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած բանաստեղծութիւնները պիտի հրապարակուին «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքին եւ Հայաստանի նախագահի` երեխաներու համար նախատեսուած կայքին մէջ: «Երեխանե՛ր, ասիկա միասին աշխատելու մեր առաջին փորձն էր, բայց ես վստահ եւ լիայոյս եմ, որ մենք շատ ուրիշ ծրագիրներ պիտի իրականացնենք»,-ըսած է տիկ․ Սարգսեան:

Որոշուեցաւ պարգեւները յանձնելու արարողութիւնը կազմակերպել այն ժամանակ, երբ Երեւանի Յակոբ Օշականի անուան թիւ 172 հիմնական դպրոցի հրաւէրով մրցոյթի մասնակիցները այցելեն Հայաստան: Տիկին Նունէ տեղեկացուցած է, որ որոշուած է երեխաները հիւրընկալել Հանրապետութեան նախագահի նստավայր եւ այնտեղ ալ յանձնել պարգեւները: Պարգեւներ պիտի ստանան Քուէյթի ազգային վարժարանի այն տասներկու սաները, որոնք մասնակցած են մրցոյթին: Իսկ առաւելագոյն միաւորներու արժանացած երեք աշակերտները պիտի ստանան յատուկ մրցանակներ:

Տիկին Նունէ Սարգսեան քաջալերած է երկու դպրոցներուն աշակերտները շարունակելու «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս շփումները, որ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած է երկու դպրոցներու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ: «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով տիկին Սարգսեան առաջարկած է դպրոցներուն միջեւ իրականացնել ասմունքի մրցոյթ:

 Նշենք, որ տիկին Նունէ Սարգսեանի «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքի հետ համագործակցաբար: