Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը

Սփիւռք

Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը` ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Շահան արք. Սարգիսեանն ու Մակար եպս. Աշգարեանը:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման առանցքը դարձան Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքները եւ միջհամայնքային գործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը: