ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Երթ Պիտի Կատարէ՝ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Դէմ

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը Սեպտեմբեր
16 -ին պիտի կատարէ «Յանուն ազգային եւ առաջադէմ կրթութեան» լօզունգը կրող երթ մը, որ պիտի սկսի Մատենադարանի յարակից տարածքէն, երեկոյեան ժամը 7-ին, պիտի անցնի Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցով ու պիտի աւարտի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց:

Երթին մասնակցողները կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ տիրող քաոսին, բարեփոխումներու անուան տակ որդեգրուած ապազգային քաղաքականութեան պատճառաւ պիտի պահանջեն Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:


Սեպտեմբեր 15-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամ Սեւակ Նազարեան՝ դիտել տալով, որ երթը տրամաբանական շարունակութիւնն է 11 ամիս առաջ սկիզբ առած իրենց պայքարին, որմով ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը կոչ ուղղեց՝ «չզիջելու մեր արժէքներէն» եւ պայքարի սկսաւ ազգային եւ յառաջադէմ կրթութեան համար:

Ժամանակը փաստեց, որ իրենք իրաւացի են, որովհետեւ հարցեր կան  ապաշնորհ կառավարման առումով։

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց, որ վճռական են 11 ամիս առաջ մեկնարկած շարժումը հասցնելու իր տրամաբանական աւարտին, որովհետեւ նախարարութեան կողմէ վարուող երկու տարուան քաղաքականութիւնը ապազգային է եւ սպառնալիք՝ հայկական պետութիւններուն համար, ուրեմն իրենք պիտի պահանջեն նախարարին հրաժարականը։