Ուքրանիոյ Բերդեանսք Քաղաքին Մէջ Հայկական Խաչքար Օծուած է

Սփիւռք

Ուքրանիոյ Բերդեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարի օծման արարողութիւն, կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը:

«Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Մարկոս եպս․ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ օծուած խաչքարը դարձած է ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեանի խօսքով` յուշարձանի տեղադրումը նախաձեռնած է Բերդեանսքի հայերու միութեան նախագահ Յովհաննէս Աւդալեանը:

«Վերջին քանի մը տարուան ընթացքին Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը կազմակերպած է Հայաստանէն բերուած աւելի քան 25 խաչքարի տեղադրումը. անոնցմէ մէկն ալ այժմ Բերդեանսքի մէջ է: Խաչքար-յուշարձանները կը տեղադրուին այնտեղ, ուր մեր հայրենակիցները իրենց հետքը ձգած են: Բերդեանսքի հայկական համայնքը իր ուժերը չէ խնայած, որպէսզի մենք կարենանք յաւերժացնել հայերու յիշատակը»,- նշած է Տէր Յովակիմ:

Աւդալեանն ընդգծել է, որ խաչքարի տեղադրումը նախատեսուէր այս տարուան գարնան, սակայն, համավարակով պատճառով յետաձգուեցաւ: Ան շնորհաւորած է բոլոր հիւրերն եւ շնորհակալութիւն յայտնած Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանին:

Կայքը կը նշէ, որ Ուքրանիոյ հայերու միութեան կողմէ կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներ տեղի ունեցած են արեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Զապոռոժյէի մէջ տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան համաժողովը, որմէ ետք կազմակերպութիւնը բժշկական սարքաւորումներ նուիրած է մարզային մանկական հիւանդանոցին։