Վրէժը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան

Օգոստոս, 2020

Հետեւողութեամբ Ֆատի Խաշըկճիի

Եթէ ըսենք, որ Թամար դառնութեան բաժակը ցմրուր քամած էր՝ դեռ լիովին նկարագրած չենք ըլլար անոր կոտտացող ներաշխարհը, որ ի տես իր երազներու փլուզումին՝ վար կ’իյնար սաստիկ ուժգնութեամբ: Ի՜նչ երազներ խորտակուէր էին այդ քայքայման ընթացքին: Ամենէն կարեւորը այն էր, որ իր անարատ սիրտը փշրուած էր, ոչ հանգոյն տան պնակին կամ գաւաթին, որ մէկ անգամ կոտրուելով՝ արդէն յաւէտ կոտրածի հանգամանքին ներքեւ կը մտնէ ու գիտես, որ այլեւս պիտի չկոտրի, այլ նման ծառի սղոցումին, որ տակաւ առ տակաւ կը քայքայէ անոր տոկունութիւնը, աւարտին ի սպառ տապալելով զայն:

Սղոցն ու սղոցումը Երուանդն ու իր ընթացքն էին: Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, դպրոցական ու համալսարանական տարիներուն առաջնակարգ, իր անձնական բարեմասնութիւններուն ու վայելչակազմ արտաքինին, բայց մանաւանդ հասակին կ’ընկերանային ազնուականի կեցուածք եւ իգական սեռը հրապուրող յարգալիր ու գրաւիչ վերաբերում, մղելով աղջիկները, որ տառացիօրէն իր շո՛ւրջը դեգերէին՝ իր սրտի ուռկանին մէջ իյնալու մտադրութեամբ: Թամար յաջողած էր ընել այդ, շնորհիւ իր կանացի շնորհներուն, սեթեւեթ յիշեցնող սակայն խորքի զօրաւոր անհատականութեան մը տարբեր արտայայտութիւններուն, որոնք կը գերեվարեն ինքնիր անձը ամուր ժայռի նման դուրս ցցած ամենէն զօրեղ ռամպոն իսկ:

Թամարին ու Երուանդին ամուսնութիւնը է՛ն կատարեալ զոյգը ըլլալու տպաւորութիւնը ձգած էր ոչ միայն երկուքի ընտանիքներուն վրայ, այլեւ զիրենք նախանձով դիտող շրջապատին, այրերուն ու կիներուն, որոնք այս կամ այն մանրամասնութեան մէջ իրենց թերացումներով իրենք զիրենք հեռու կը նկատէին օրինակելի, անգտանելի սիրոյ եւ ամուսնութեան պատմութիւն մը շինելէ: Ի՜նչ սպասումներ ունէին այս զոյգին ծնողները, որոնք իրենց տարիներու դաստիարակութեան, լաւագոյն դպրոցներ ղրկելու ու յետոյ զիրենք կեանքի բարձր ասպարէզներու վրայ յաջող տեսնելու հրճուանքէն բռնուելով՝ չէին իսկ հաւատար այս նոր ու յաջորդական յաջողութեան կերտումին, որ պսակումն էր ու գերագոյն արդարացումը իրենց ծնողական ճիգին եւ ակնկալութիւններուն:

Հակառակ իր ունեցած ներքին տառապանքին, Թամար սակայն չէր ուզեր պարտուողի հոգեբանութեամբ դիտել իր ողբերգական անցեալը: Երուանդ սկիզբը օրինակելի ամուսինն էր, որ կնոջ մը կեանքի ծաղիկն ու միաժամանակ բոյրը կը հանդիսանայ, յատկանշական հաւատարմութեամբ, որուն տիրական գիծն է չպահել բան մը, որ վտանգ կը սպառնայ ամուսնական յարաբերութեան: Եւ Թամար վստահած էր այդ հաւատարմութեան: Հակառակ իր բարեկամուհիներուն զգուշական խօսքերուն, որ զգոյշ վերաբերմունք պահէր Երուանդին հանդէպ՝ անցեալի իր սխրագործութիւններուն համար, Թամար կոյր վստահութիւն ունէր Երուանդին վրայ: Իրեն համար Երուանդին անցեալը անցած էր, պատանեկան ու վաղ երիտասարդական տաքարիւնութիւնը յատկանշող բոլոր երեւոյթներով: Ան հիմա հասուն երիտասարդն էր, պատասխանատուութեան վստահութիւն ներշնչող ամուսինը, որուն խօսքն ու կեցուածքը արդիւնքն էին իր տղամարդու չափահասութեան: Եւ իրօ՛ք այդ պատահած էր: Երուանդն անգամ չէր հաւատար, թէ ինք ինչպէ՛ս կրնար նուիրուիլ միակ կնոջ մը հաւատարմութեան, թէ ինչպէ՛ս Թամարին պատկերը կրնար վարագուրել իր գոց աչքերու մտաշխարհը: Սկբզնապէս ի՛նք ալ հաւատացած էր եղած հրաշքին: Տակաւին բան չէր գիտեր յաջորդ արարին անակնկալներուն մասին:

Առաջին տարին իսկական մեղրալուսին էր: Երուանդին վրայ շփոթի ոչ մէկ նշոյլ կը գտնուէր, որ ընդհանրապէս արդիւնք է գաղտնի գործունէութեան: Ո՛չ ծաղիկներու փունջերը, եւ ո՛չ ալ ռոմանթիք ընթրիքները ունէին դադար: Երուանդին համար կեանքը՝ ուրախացնելն էր Թամարը ու արժանանալ իր սիրազեղ նայուածքին, փաթթուկներուն ու համբոյրներուն, որոնցմով ան իր վստահութեան կնիքը դրոշմած կ’ըլլար: Իսկ Թամա՞րը: Անոր համար Երուանդ առաւօտ էր, կէսօր ու գիշեր միանգամայն: Այսինքն՝ կեանքն ամբողջ, որ ինք կրնար երեւակայել, ապրիլ ու աւարտին հասցնել: Երուանդէն զատ ի՞նչ կար, որով կարելի էր հասնիլ լուսին ու նոյնպէս վերադառնալ:

Տարին բոլորելէ ետք, Երուանդ այլեւս անցեալի անտարբերութեամբ չէր դիտեր իրեն ուղղուած նայուածքները: Անոնք կու գային ամէն կողմէ. գործի աշխատակիցներէն, պչրոտ դրացիներէն, որոնք նախանձով կը դիտէին Թամարին ցնծատօնը, նախկին ընկերուհիներէն, որոնք տեսնելով Թամարին յաղթանակը՝ մատ կը խածնէին: Իսկ ո՞վ գիտէ. Երուանդ չէ՞ր կրնար անտարբերութիւն պահել: Կամ հաւանաբար ի՛նք չէր ուզեր այդ ընել: Բայց ինչու հարցնել այս հարցումը: Ի՞նչ իմաստ ունի հարցնել՝ թէ խնձորի ծառը իր պտուղը ինչպէ՞ս կու տայ: Եզրակացութիւնը ի՛նչ ալ ըլլայ, պտուղը նոյնը պիտի ըլլայ: Խնձորի ծառը մի՛շտ խնձոր պիտի տայ: Եւ Երուանդ տուաւ Թամարին իր ծառին խնձորը, դա՛ռն խնձորը:

Երուանդին համար անցեալը անցած չէր: Ան վերադարձած էր իր նողկալի կենցաղին: Դիմումներուն այլեւս ոչ չէր ըսեր: Եւ ի՜նչ սուտեր չէր հնարեր իր ուշացումները ծածկելու, իբրեւ թէ կեանքը բնական կը դառնար, պարզապէս ինք աւելի կ’աշխատէր, անվերջ ժողովներու մէջ կը թաղուէր: Թամար հաւատացա՛ծ էր այս բոլորին. ինչպէ՞ս չի հաւատար, երբ այս բոլորը կու գային իրեն յոյս ու կեանք ներշնչող արարածէն: Սակայն «սուտին պոչը կարճ կ’ըլլայ»: Իր սովորական գիրկընդխառնումներէն ետք, օր մը Երուանդ անզգոյշօրէն Թամարին տուած էր իր շապիկը: Յաջորդ օր ան կարեւոր ժողով մը ունէր եւ կ’ուզէր այդ շապիկը հագնիլ: Չէր նկատած, որ համբոյրի հետքեր մնացած էին օձիքին վրայ: Թամար սկիզբը չէր ուզեր հաւատալ: «Արեան հետք է», կ’ըսէր, կամ կը խորհէր, թէ «պարզապէս կարմիր գոյն մըն է»: Թամարին դէմքը ծամածռում չտեսաւ ու յաջորդ օր շապիկը հանդարտօրէն տուաւ Երուանդին: Բայց մէյ մը որ կասկածը տան դուռէն մտնէ, իր ետին միայն կործանում կը փռէ:

Յաջորդ օրերուն Թամար շնորհքով գործի չէր կրնար երթալ: Միտքը անդադար մտածումներու վերիվայրումներուն մէջ կը դեգերէր: Ամուսնութեամբ չէ՞ որ Երուանդ փոխուած էր: Ան Թամարին հաւատարմութիւն խոստացած էր: Ճի՛շդ է, Երուանդ գաղտնի չէր պահած իր նախկին կեանքը, իր անհատնում սէրերն ու բարեկամուհիներու աշխարհը, սակայն միւս կողմէ չէր ալ մոռցած ընել իր ամենէն համոզիչ փաստաբանականը, որ պիտի փոխուի, որովհետեւ գտած էր իր անգին սէրը, միակը, որուն հետ պիտի ապրի ամբողջական նուիրումով: Թամար պահ մը ինք ալ հաւատացած էր, որ եղածը թիւրիմացութիւն կրնար ըլլալ, որ Երուանդ իսկապէս հաւատարիմ էր իրեն: Սակայն այս սեւ մտածումները պիտի խեղդէին զինք. շնչահեղձ կ’ըլլար, չէր կրնար կեդրոնանալ: Թամար որոշեց հետապնդել Երուանդը. «թերեւս լուրջ բան մը չկայ», կ’ըսէր: Բան մը կորսնցուցած պիտի չ’ըլլար, եթէ պարզապէս ստուգէր Երուանդի մուտքն ու ելքը: «Ասիկա կեա՛նք է, կեանք», կ’ըսէր ինքնիրեն, «ասոր համար կ’արժէ ընել ամէն բան, որպէսզի անոր տեւականութիւնը ապահովուի»:

Թամար երկու շաբթուան համար արձակուրդ առաւ: Երուանդ իսկապէս զարմացաւ: Թամար բացատրեց, որ ինք շատոնց պէտք ունի նման արձակուրդի, որովհետեւ ֆիզիքական ու հոգեկան հանգիստը կը պակսին իրեն: Երբ Երուանդ առաջարկեց միասին ճամբորդել ու բախեցաւ Թամարի կտրուկ «ո՛չ»ին, ա՛լ աւելի զարմացաւ: Սակայն հարցը իրեն համար այնքան ալ կարեւոր չէր: Ինք ունէր իր զբաղումը, իր երկրորդ ու գաղտնի կեանքը, որ առիթ չէր փախցներ զայն ապրելու:

Թամար իրօք հետապնդեց ամուսինը: Երուանդի գործի կեանքին մէջ այնքան ալ փոփոխութիւն չկար, ինչպէս ինք յաճախ կ’ուզէր ձեւացնել, որպէսզի իր անհարկի ուշացումներն ու մութ հանդիպումները արդարացուէին: Թամար տեսաւ, որ Երուանդ ինչպէս տարբեր տուներ կ’երթար, երբեմն ալ հեռաւոր ճաշարաններու կը դիմէր: Օր մը փորձեց մտնել այդ ճաշարաններէն մէկը ու երանի՜ թէ մտած չ’ըլլար: Երուանդ նստած էր մանկամարդուհիի մը դիմաց, իր ափը դրած իր երկու ձեռքերուն մէջ. անոնք միասին անվերջ կը խօսէին ու կը կատակէին: Երուանդ յետոյ գրպանէն հանեց տուփիկ մը ու զայն զգուշութեամբ բացաւ, մէյ մը նայելով աղջիկի աչքերուն, որ յատուկ նազանքով կը թարթէին. աղջիկը մերթ ընդ մերթ թեթեւ ժպիտով գլուխը կը խոնարհեցնէր: Երուանդ բացաւ տուփիկը, հանեց ադամանդաքար մատանին ու անոր մատէն անցուց, համբուրելով ձեռքը ու սեղմելով զայն:

Թամարի աղիքները պարզապէս կը գալարուէին: Կ’ուզէր աչքերը փորփրել, դուրս նետել, միայն այս տեսարանին ներկայ չգտնուելու համար: Ի՜նչ սէր, ի՜նչ հաւատարմութիւն: Այս բոլորը սին երազներ էին ուրեմն, գիրքերու ու բանաստեղծութիւններու մէջ յաճախուած, կեանքի իրականութեան հետ կապ չունեցող գաղափարներ, իտէալներ, որոնք պղպջակներ էին ու շուտով անհետացող: Երուանդ չէր փոխուած: Ան պարզապէս դադար մը առած էր, նոր թափով սկսելու այն «գործը», որուն հոգի կու տար: Այդ օր Թամարին մէջ ամէն զգացում մարեցաւ: Պէտք է ըսել՝ սպանուած էին իր կանացի սիրտին բոլոր հրայրքները ու կար միակ բան մը՝ վրէ՛ժը:

⁕               ⁕                  ⁕                  ⁕                    ⁕               ⁕                ⁕              ⁕

-Կե՛ր, սիրելիս, ասիկա սիրած կաթոդ է:

-Երուա՛նդ, հաճիս հեռացուր, չե՛մ ուզեր, ուտելու շատ ախորժակ չունիմ:

-Ինչպէ՛ս որ կ’ուզես. չեմ ստիպեր:

Երուանդ չես գիտեր ինչու այդ գիշեր Թամարին սիրած ծաղարանէն կաթօ մը բերած էր: Թամար չէր ուզեր անոր մօտենալ ու կը խօսէր առանց իսկ Երուանդին երեսին նայելու: Երուանդ զգացած էր որ Թամար նեղացած էր, բայց չէր իսկ համարձակեր հարցնելու, որ ինչ պատահած է: Ան սուզուած էր իր սիրային նոր արկածախնդրական հանդիպումին ու անկէ ծնած զգացումներու աշխարհին մէջ: Կը խորհէր, որ Թամար լաւ պիտի ըլլար, ասիկա հաւանաբար իգական սեռին յատուկ տրամադրութեան մէկ արտայայտութիւնն էր, որ ընդհանրապէս տխուր կ’ըլլայ ու խորհրդաւոր բան մը կ’ունենայ:

Թամարին միտքին մէջ կը խաղար մէկ ծրագիր. իր վրէժը ինչպէ՞ս լուծել: Ի՞նչ ձեւով ցաւցնել Երուանդը, որպէսզի իր զգացած ցաւին թէկուզ մէկ տասներորդը ապրի, գիտնայ ինչ ըսել է սիրտ կոտրել, մաքուր հոգի մը քանդել եւ ուրիշներու երջանկութիւնը հարուածել: Թամար վրէժի պարզ գաղափարով չէր գոհանար: Պահ մը մտածեց հետապնդել Երուանդը, մտնել այն ճաշարանը, որ ինք իր հերթական սիրուհիներէն մէկուն հետ կը ճաշէր կամ կ’ընթրէր, մօտենալ սեղանին, աչքը դնել Երուանդին աչքին, հաւանաբար ամուր ապտակ մը իջեցնել երեսին, ու ձեռքին մատանին նետելով եւ զինք խայտառակելով հեռանալ հոնկէ: Իսկապէս ողորմելի գտաւ այս մտածումը: «Երուանդը այնպիսի ձեւով  պէտք է հարուածել, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին անոր ամօթի խարանը մնայ իր ճակտին: Թող երբեք չմոռնայ, որ օրին մէկը իր ամբողջ էութեամբ զինք սիրող ու իրեն փարող անձ մը խորտակած էր, անոր տառապանքին ո՛չ թէ քար էր աւելցուցած, այլ ամբողջ շէնք մը շինած էր»:

Թամար այս մտածումներուն մէջ էր, երբ յանկարծ յիշեց նմանօրինակ պատմութեան մը ֆիլմը, որ տարիներ առաջ դիտած էր: Իր միտքը ինկած ֆիլմը գտաւ ու դիտեց: Ֆիլմին մէջ վրիժառութեան հոյակապ ծրագիր մը կար, որմէ կարելի էր օգտուիլ, առանց կէտ առ կէտ անոր հետեւելու: Թամարին ալ ուզածը ճիշդ այդ էր: Գաղափար մը, ներշնչում մըն էր ուզածը, որպէսզի գիտնար գործը իր սկզբնաւորութեան մէջ դնել, որմէ յետոյ իր մտային ու երեւակայական բոլոր ուժերը կրնար ի սպաս դնել: Թամարին սիրտին մէջ երկու աշխարհներ կային. անոնք անդադար իրար կը բախէին: Մէկը իր անհուն տխրութիւնն էր, անէ՛ծքը կեանքին, որ չէր կրնար քողարկել: Իսկ միւսը վրիժառութեան հրճուանքն էր, որ օրէ օր սիրտին մէջ կը լայննար ու իր էութիւնը կը պատէր: Անիկա Թամարին մխիթարութիւնն էր, կեանքը շարունակելու ու պայքարի մէջ նետուելու միակ ապաւէնը: Ճի՛շդ է, այլեւս նախկինին պէս հաւատք չունէր մարդոց բարութեան ու հաւատարմութեան վրայ, սակայն չէր ալ կրնար իր յոյսը ամբողջութեամբ կորսնցնել: Հիմա կարծես յարմար էր, որ այս ծրագիրը իր ուժերը գրաւէր ու իր միտքին կեդրոնացումը գոնէ արժանի նպատակի մը վրայ դնէր:

Թամար որոշեց նոյն խաղը խաղալ Երուանդին հետ: Ան իր դպրոցական ու համալսարանական տարիներէն ունէր իրեն մօտիկ բարեկամ մը, Խաչիկը, որուն հետ իր մտերմութիւնը ամուսնութեան պատճառով մոխիրի տակ մնացած էր: Բայց Խաչիկ իր խոստովանահայրը եղած էր, ձեւով մը իր գաղտնիքներու տոպրակը: Թամար եթէ վտանգաւոր ծրագիր մը ունէր՝ Խաչիկի՛ն միջոցաւ պիտի իրագործէր զայն:

Խօսեցաւ Խաչիկին հետ: Իրենց հանդիպումին Թամարին աչքերը չէին չորնար: Լացն ու դառնութիւնը լեցուցած էին մթնոլորտը. Խաչիկ կը տեսնէր անոր գէշ վիճակը եւ ունէր ընկերական արգահատանք, որ անպայման կ’ուզէ բանով մը օգտակար ըլլալ: Թամար պարզեց իր վրիժառութեան ծրագիրը: Անոնք պիտի ըլլային նոր սիրահարներ, թուղթի վրայ, Երուանդին հետաքրքրութիւնն ու նախանձը գրգռելու համար: Եղածը պարզապէս խաղ մը պիտի ըլլար, որուն համար անհրաժեշտ էր լաւ խաղարկութիւն ու մարդկային զգացումներու բաւիղներուն լայն հասկացողութիւն: Խաչիկ սկիզբը այս խաղը արկածախնդրութիւն նկատեց: Ծրագիրը կրնար չյաջողիլ ու այդ պարագային Թամար պիտի իյնար յուսահատութեան փոսին մէջ: Բայց միւս կողմէ չէր կրնար անտեսել անոր վիճակը եւ անոր իբրեւ պտուղ՝ վրիժառութեան հեռանկարը: Համակերպեցաւ ու որոշեցին յաջորդ քայլերը:

Թամար տան մէջ սկսաւ Երուանդին նոյն գաղտնի ճամբով իր կեանքը ապրիլ: Ալ չէր խօսեր իր օրուան ծրագիրներուն մասին: Տեսակ մը մշուշոտ բան մը կար ե՛ւ իր ըսելիքին, ե՛ւ իր խօսելիքին մէջ: Երբեմն ալ Երուանդին ներկայութեան իր բջիջային հեռաձայնը կը բանար ու սեղանէն մեկնելով մեղմ ձայնով ու յատուկ ակնարկներով կը խօսէր Խաչիկին հետ: Երուանդին համար այս փոփոխութիւնները մանր կը թուէին, մինչեւ որ ան զգաց թէ նորութիւն մը մտած է Թամարի կեանքին մէջ: Թամար նախկինին պէս ո՛չ ջերմ էր, ո՛չ մտերմիկ: Թամարին մէջ պժգանք կը յառաջանար, ամէն անգամ որ Երուանդ տուն վերադառնար ու փորձէր անմեղօրէն իրեն մօտենալ: Թամար պարզապէս ետ կը մղէր Երուանդին բոլոր փորձերը, միշտ կարճ պատասխաններ տալով ու խուսափելով անոր հետ ընդհանրապէս ժամանակ անցնելէ: Թամար նաեւ տունէն դուրս կ’ելլէր աշխատանքէն վերադարձին: Նախապէս տուն վերադառնալն ու Երուանդը սպասելը իր օրուան սիրելի պարտականութիւններն էին: Հիմա առիթ չէր փախցներ տունէն հեռանալու ու երբեմն ուշ ժամանակ վերադառնալու:

Երուանդ ինքնիրեն կ’ըսէր, թէ անկարելի է Թամար իրեն դաւաճանէ կամ ուրիշի հետ բարեկամականէ անդին կապեր ունենայ: Թամար բարի հրեշտակ մըն էր իրեն համար, որ իր ուռկանին մէջ բռնուած էր, դատապարտուած ընդմիշտ իր կախարդական լոյսերուն մէջ մնալու: Բայց չէր ալ ուրանար որ Թամար փոխուած էր: Տակաւ առ տակաւ Երուանդ հասկցաւ որ Թամար զինք չէր սիրեր: Ո՛չ միայն չէր սիրեր, այլ ամուսնական նիստն ու կացը կ’անարգէր ու գաղտնի կեանք կ’ապրէր: Ամենէն զայրացուցիչը այդ անվերջ հեռաձայնի զանգերն էին, որոնց կը յաջորդէին Թամարին հեռանալն ու երկար խօսակցութիւնները: Թամար յետոյ ուրախութեամբ կը վերադառնար իր նստած տեղը, ժպիտ մը իր երեսին, որ ամպերու մէջ ապրողի հոգեբանութիւն կը բուրէր, որուն միջոցաւ Երուանդ մօտալուտ վտանգ մը կը գուշակէր:

Երուանդ տակաւին կը շարունակէր նախկին թափով իր երկրորդական կեանքը, սակայն նոյնիսկ անոր մէջ որոշ փոփոխութիւն մը կար: Իր ներկայութիւնը բաւարար էր, որ իր սիրուհիները իրենք զիրենք աշխարհի թագուհիներ կարծէին, բայց ինք կը մնար իր նոր ու անբաղձալի ներքին աշխարհի տուայտանքներուն մէջ: «Ի՞նչ կը պատահի արդեօք», կ’ըսէր ինքնիրեն: Օրէ օր կը զգար, որ դերերը շրջուած են, թէ այլեւս ինք նախկին դահիճը չէր, այլ նոր զոհ մը, որուն բացակայութեան իրեն անծանօթ դահիճները խնջոյք կը սարքէին: Երուանդին երկրորդական կեանքը ոչ թէ առաւելութիւն, այլ չարաբաստիկ առիթներու շարք մը թուեցաւ իրեն, միջոց մը ըլլալով իր թշնամիներուն իրենց լրբութիւնը համարձակօրէն շարունակելու: Իր մանկամարդուհիներն ալ տեսած էին փոփոխութիւն մը իր մէջ ու կը փորձէին զանազան ձեւերով իր սիրտին ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ առնել: Արդիւնքը ապարդիւն էր:

Թամար անշուշտ նկատած էր Երուանդին փոփոխութիւնը: Ուրախութեամբ Խաչիկին կ’ըսէր, որ խաղը լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ: Այս խօսքը հանդարտեցուցած էր Խաչիկը, մանաւանդ որ ինք վստահ չէր թէ Թամար մտքին մէջ ճիշդ ինչ կար: Հիմա գոհ էր, որ Թամար առնուազն որոշ յաջողութեան կը տիրանար, նոյնիսկ եթէ Երուանդին անհաւատարմութիւնը անոր սիրտը ծակած ըլլար: Թամար ալ ուրախ էր այս փոքրիկ յաջողութենէն, սակայն մղձաւանջ մը կար, որ իր հոգին կը կրծէր: Չէր ուզեր տկարանալ, կամ ընկրկումի նշաններ ցոյց տալ: Ինք որոշած էր ամէն գնով Երուանդը ցաւցնել, նոյնիսկ երբ այդ կը նշանակէ մոռնալ իրենց անցեալի քաղցր օրերը: Հիմա ժամանակն էր իր նպատակին հասնելու ու չէր ուզեր զգացական բեռերուն տակ կքիլ ու իր այս նոր «աշխատանք»ը դադրեցնել:

Երուանդ որոշեց այլեւս գործէն անմիջապէս ետք տուն գալ: Բջիջային հեռաձայնի նոր թիւ ստանալը անուղղակի հարուած մըն էր իր գաղտնի կեանքին: Ան քարտուղարին խիստ պատուիրեց, որ իր սիրուհիներէն ոչ ոքի արտօնէ իր աշխատասենեակը մտնել: Երուանդ համոզուած էր, որ Թամարին կեանքին մէջ կայ ուրիշ ստուեր մը, ուրիշ գոյութիւն, որուն ինքնութիւնը սակայն խորհուրդներու խորհուրդն էր: Թամար այդ անծանօթին ինչպէ՞ս ծանօթացած էր, ո՞ր ալիքները զիրենք իրար բերած էին: Նախապէս Թամար ունէր միապաղաղ կեանք, որ սա ձեւով կարելի էր ներկայացնել. գործ, տուն, ընտանիք: Իսկ հիմա անոր մէջ փոփոխութիւն կար, ինչ որ խախտում մը կը նշանակէր Թամարին կեանքին մէջ: Ան ուրեմն նախկինը չէր: Թամար մերժած էր իր սովորական կեանքը, այն, որ ինք կը սիրէր, քանի որ այդ կեանքը իրեն համար Երուանդն էր: Իսկ հիմա յստակ է, որ նախկին կեանքի մերժումով Երուանդ ինք մերժուած էր: Երուանդ նուաստացումի խոր զգացում մը ունեցաւ: Ինք մինչեւ հիմա սիրելին էր ոչ միայն Թամարին, այլ շատերու: Իսկ հիմա՞: Նոյնիսկ անմեղ Թամարը հոգիով զինք լքած էր: Թամարին համար ինք արժէք մը չունէր:

Երուանդ կ’ուզէր իրիկուն մը Թամարին հետ խօսիլ: Խօսիլ իր միտքը չարչրկող հարուցմներուն մասին: Կ’ուզէր իր բերնէն կորզել անհամ խոստովանութիւնը, որուն եզրակացութեան պոչը ինք բռնած կը կարծէր: Այնքան չէր հետաքրքրուած Թամարին ըրածով, որքան իր անձնական կացութեամբ: Վերջապէս Թամարին ըրածը ամէն օր կը պատահի: Վերջապէս իր ըրածը տարբեր բան չէր Թամարին ըրածէն: Բայց իր չմարսածը Թամարին համարձակութիւնն էր, պոռացող «ո՛չ»ը, որ լիովին արտայայտուած էր իր անհաւատարմութեան արարքով, զինք սիկարէթի կտորի մակարդակին դնող յոխորտանքով: Մինչեւ հիմա Երուանդ ի՛նք էր լարախաղացութեան վարպետը. հիմա իր անմեղ ու բարի կողակիցը ինչպէ՞ս կը համարձակէր խաղալ իր գլուխին: Կ’ուզէր ամբողջ հոգիով պոռալ Թամարին երեսին, որ ինք պատմութիւնը արդէն գիտէ: Երուանդ կ’ուզէր Թամարին աչքերը ծակել իր աչքերուն բարկութեան նայուածքով, կ’ուզէր հասկցնել իրեն իր ստորնացումը: Երուանդ նաեւ կ’ուզէր այլ բան ընել. վրէժ լուծել….

⁕               ⁕                  ⁕                  ⁕                    ⁕               ⁕                ⁕              ⁕

Եւ եկաւ այդ իրիկունը: Թամար սովորականէն կանուխ եկած էր տուն: Երկուքն ալ նստասենեակն էին, բաց հեռատեսիլին առջեւ, որուն ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր: Երուանդ ակռաները սեղմած կը սպասէր յարմար պահին, ու զինք աւելի ջղայնացնողը Թամարին անտարբեր վերաբերմունքն էր: Իսկ Թամար կը զգար մօտալուտ հրաբուխը ու ինք պատրաստ էր անոր: Այնքա՜ն ուրախ էր գալիքին համար. ծրագիրը կը յաջողէր: Բայց միւս կողմէ գիտէր որ արարի մը աւարտն ալ հեռու չէ: Ինչ բոյթ, սակայն, կարեւորը իր նպատակին հասնիլն էր:

Թամարին հեռաձայնը հնչեց: Իրեն յատուկ հրճուանքով բացաւ ու սկսաւ խօսիլ: Երուանդ զսպուած կը դիտէր: Տարօրինակ. այս անգամ Թամար չուզեց սենեակ քաշուիլ, այլ փաղաքշանքով խօսեցաւ հեռաձայնող Խաչիկին հետ: Երուանդ պարզապէս կ’եռար: Անմիջապէս տեղէն ցատկելով վազեց Թամարին մօտ, հեռաձայնը առաւ ու մէկ կողմ նետեց: Թամար ինքնավստահութեամբ ոտքի ելաւ ու դէմքը պատին դարձնելով, շատ հանդարտ ըսաւ.

-Դուն քեզի ի՞նչ կը կարծես: Ուրկէ՞ արտօնութիւն առիր հեռաձայնս նետելու:

-Թամար կը մոռնաս, որ ես ամուսինդ եմ:

-Այդ չի նշանակեր անձնական իրերուս վնաս հասցնել: Սահմաններդ պէտք է ճանչնաս:

-Սահմաննե՞ր: Տես սահմաններու մասին խօսողը ո՛վ է: Դուն սահման-մահման ձգա՞ծ ես:

-Ինչի՞ մասին կը խօսիս:

-Դուն կը կարծես որ ես չե՞մ գիտեր: Այս անվերջ հեռաձայններու խօսակցութիւնները ի՞նչ են, տիկի՛ն: Ես կոտոշաւոր մէկը չեմ: Քանի մը ամիսէ ի վեր փոխուած ես դուն: Չկարծես թէ կրնաս զիս խաբել….

Թամար զգաց, որ վրիժառութեան դարպասը լայնօրէն բացուած է, բայց միւս կողմէ նոյն պաղութեամբ շարունակեց.

-Հա՞ ուրեմն, հասկցած ես: Մէյ մը բացատրէ, ինչ է եղեր այս հասկցածդ:

-Կարծես չես գիտեր:

-Դուն գիտնալուս-չգիտնալուս մի՛ նայիր: Ըսէ՛՝ գիտցածդ ի՞նչ է:

-Գիտցածս ի՞նչ է: Լա՛ւ, ըսեմ: Ի՞նչ ըսել է կին մը տան մէջ հեռաձայն խօսի անծանօթի հետ: Եւ հաճիս, այդ հեռաձայնի խօսակցութիւնը ամուսինին ներկայութեան չէ որ կ’ըլլայ: Ի՞նչ կը նշանակէ ամուսինին նկատմամբ պաղ վարուիլ, կարծես թէ ես հոս պաշտօնեայ եմ, կարծես թէ այս տունը պանդոկ է: Ի՞նչ կը նշանակէ կարեւորութիւն չտալ իմ խօսքերուս, երեսիս չնայիլ ու իմ ծրագիրներս անտեսել: Դուն կը կարծես որ աչքերուդ մէջի պժգանքը չե՞մ նկատած: Կը կարծես, թէ չե՞մ գիտեր ինծմէ խուսափիլդ: Իմ ներկայութիւնս քեզի համար ո՛չ թէ նախկին պար ու ցնծութիւնն է, այլ մղձաւանջ է: Այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակեն, Թամար, ի՞նչ: Ո՞վ է այս յիմարը. ո՞վ է այս անպատիւը, որուն հետ խաղ կը խաղաս իմ ետեւէս:

Երուանդ զայրոյթով կը խօսէր: Կը հեւար, քրտինքներու մէջ էր: Թամար զինք բնաւ նման վիճակի մէջ չէր տեսած: Այս միջոցին, տան զանգակը հնչեց:

Երուանդ ջղայնութենէն գոռաց.

-Ա՛ս ո՞վ է: Հիմա այս պակաս էր: Թամար, դուն մէկը հրաւիրա՞ծ ես:

Թամար, ժպիտը դէմքին՝

-Ոչ, սիրելիս, տեսնենք ո՛վ է:

Երուանդ զարմացաւ այս սիրելիս բառէն:

Թամար գնաց ու նախքան դուռը բանալը Երուանդին նշան ըրաւ, որ մօտենայ:

Հազիւ որ դուռը բացուեցաւ, խումբի մը ձայնը լսուեցաւ.

Սուրբրիիիիի՜զ

Անոնցմէ առաջինը Խաչիկն էր, մեծ կարկանդակ մը բռնած:

Անակնկալ բառը պոռալէն ետք, անոնք անմիջապէս ներ խուժեցին: 7-8 հոգի մը կային: Երուանդ աչքերուն չէր հաւատար: Իւրաքանչիւրը ձեռքը բան մը ունէր. պտուղ, քաղցրեղէն, խմիչք, եւայլն:

Թամար դառնալով Երուանդին, ըսաւ.

-Հիմա գիտցա՞ր ինչու Խաչիկին հետ գաղտնի կը խօսէի: Վերջին խօսակցութիւնն ալ այս անակնկալի մուտքին համար էր: Այսօր թուականը ի՞նչ է, գիտե՞ս:

Երուանդ կորսուած էր: Չի բաւեր, որ իր ակնկալածէն տարբեր բան կ’ըլլար, հիմա այս թուականի հարցումը զինք լրիւ այլափոխած էր:

-Այսօր Սեպտեմբեր 6-ն է: Ի՞նչ….

Սեպտեմբեր 6-ը իրենց ամուսնութեան տարեդաձն էր: Երուանդ Թամարին աչքերուն նայեցաւ: Թամար թեթեւ ժպիտ մը ունէր, բայց միւս կողմէ նողկանք յիշեցնող նայուածք մը: Իր աչքին Երուանդին անհաւատարմութեան մեղքը կ’աւելնար այս մոռացումէն:

Երուանդ զգաց որ ինք իսկապէս նեղ կացութեան մէջ է:

Կերակուրները շուտով պատրաստուեցան եւ խումբը հաճելի ընթրիք մը ունեցաւ: Կատակն ու ծիծաղը անպակաս էին, մինչ Երուանդ թաղուած էր մտածումներու մէջ: Կեանքին մէջ անհաւասարակշռութեան կամ իրեն համար անախորժ անակնկալի երբեք չէր հանդիպած: Միշտ ինք պատրաստած էր անկակնկալը, միշտ ինք զարմացում պատճառած էր շուրջիններուն: Զինք ճանչցողները գիտէին իր ջիղերու պաղութիւնը: Հիմա նոյնիսկ Երուանդ ինք իր անձը չէր ճանչնար:

Ուտելէ ետք ամէն մարդ կողմնակի խօսակցութեամբ բռնուած էր: Թամար բերաւ պզտիկ ֆլէշ մը ու զայն զետեղեց մեծ հեռատեսիլին իրեն յարմար տեղը, յետոյ դառնալով նստողներուն՝ ըսաւ.

-Այս ձեր անակնկալին այսօր ես ուրիշ անակնկալով մը պիտի պատասխանեմ: Նախ կ’ուզեմ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել, որ իմ ու Խաչիկին ծրագիրին համաձայն ուզեցիք այս սուրբրիզը Երուանդիս ընել: Այդպէս չէ՞, Երուանդ:

Երուանդ գլուխով շարժում մը ըրաւ, առանց ժպտելու կամ տեղէն շարժելու:

Թամար այս անգամ տարբեր ոգեւորութեամբ շարունակեց իր ըսելիքը.

-Հիմա միասին պիտի դիտենք մեր ամուսնութեան առիթով նախորդ տարուան կեանքէն բնորոշ պատկերներ: Մենք կ’ուզենք ձեզի սիրոյ եւ ամուսնութեան աղուոր դաս մը տալ: Ասիկա ոչ միայն ձեզի, այլ նոյնիսկ Երուանդին համար հաճելի բան մը պիտի ըլլայ: Բարի՛ վայելում:

Նկարներու շարք կազմող տեսերիզը ցուցադրուելու սկսաւ, «առաջին արար» բառերէն ետք: Ամուսնութեան նկարներէն սկսեալ, Թամարին ու Երուանդին ամուսնական ջերմ տարին յիշեցնող յատուկ նկարներ էին բոլորը, որոնց մէջ Թամարին բերկրութիւնը սահման չունէր: Ճամբորդութիւններ, ճաշեր, տեսարժան վայրերու այցելութիւններ, ընտանեկան յարկերու տակ առնուած նկարներ, մտերմիկ տեսարաններ, բոլորն ալ կը տողանցէին դիտողներու աչքերուն առջեւ:

Նկարներու այս հաճելի թաւալումին յաջորդեց սեւ տեսարան մը, որուն վրայ երեւցան «երկրորդ արար» բառերը: Երուանդ մինչ այդ անտարբերութեամբ կը դիտէր նկարները ու այս «երկրորդ արար» բառերը իր ուշադրութիւնը չգրգռեցին: Յանկարծ ճաշարանի անուններ ու նկարներ սկսան յայտնուիլ…: Երուանդին աչքերը լայն բացուեցան ի տես այս նոր բայց ոչ հաճելի անակնկալին: Թամարին հետ ինք բնաւ չէր գացած այս ճաշարանները, իսկ միւս կողմէ՝ ասոնք իրենց ամուսնութեան միամեայ կեանքը ներկայացնող տեսերիզին մէջ ի՞նչ գործ ունէին: Սեւ ամպերը սկսած էին իր գլուխին հաւաքուիլ…

Յաջորդաբար սկսան ներկայացուիլ Երուանդին ընթրիքները իր զանազան սիրուհիներուն հետ: Թամար համաձայնած էր Խաչիկին հետ, որպէսզի ան հետապնդէ Երուանդը, քաջ գիտնալով անոր յաճախած ճաշարաններուն տեղը ու մէյ մը որ զինք բռնէ նոր անձի մը հետ սիրային ընթրիքի մը շուրջ, լուր ընէ Թամարին, որպէսզի ան ծպտուելով գայ, իրենցմէ քանի մը սեղան անդին  նստի ու իրեն յատուկ ճարտարութեամբ Երուանդին սեղանը լուսանկարէ:

Տեսերիզը դիտողներու ժպիտը յանկարծ զարհուրանքի վերածուեցաւ: Երուանդ խելագարի նման աջ ու ձախ սկսաւ նայիլ ու երբ տեսաւ որ շարքը աւարտելիք չունի, անմիջապէս առջեւ գնաց ու փորձեց հեռատեսիլը փակել, որուն անմիջապէս հակազդեց Թամար, իր ամբողջ ուժով զինք հեռացնելով իր նպատակին հասնելէ: Խաչիկ անմիջապէս լոյսերը բացաւ: Այս անգամ Թամար ինք ընդհատեց տեսերիզը ու բոլորին դառնալով ըսաւ.

-Ինչո՞ւ բոլորդ զարմացած էք: Ինծի համար այս օրը յատուկ է, քանի որ ուզեցի ձեզի հետ բաժնել մեր ամուսնութեան քաղցր յուշերն ու իմաստալից դասերը: Ահաւասիկ, սիրելիներ, իմ կեանքիս մօտիկ անցեալը: Սիրել ամբողջ սիրտով, հոգիով նուիրուիլ այն անձին, որուն ճակատագիրին հետ կը կապես քուկինդ, որուն խօսքին ու շարժումին գերին կը կարծես ինքզինքդ, ո՛չ դժկամակութեամբ, այլ ամենայն յանձնառութեամբ ու համոզումով: Կը կարծես, թէ կեանքի մէջ հաւատարմութիւնն է տիրականը, թէ սիրած անձդ քեզի կը վերադարձնէ ինչ որ իրեն տուած ես՝ տասնապատիկ գեղեցկութեամբ: Բայց ամէն պատմութիւն ունի իր երկրորդ բաժինը, ինչպէս ամէն դրամի կտոր ունի իր երկրորդ երեսը, եւ ինչպէս որ ամէն տարի ամռան ու գարնան կը յաջորդէ անհաճոյ ձմեռը, նոյն ձեւով մեր ամուսնութիւնն ալ ունեցաւ իր երկրորդ արարը: Ահաւասիկ, սիրելիներ, իր գերազանց խաղարկութեամբ ու ճարպիկ դերասանութեամբ փայլող Երուանդս, սիրելիս, հոգիս, որ ամէն ջանք թափեց ուրախցնելու սիրտս ու երջանիկ բախտիս համար ոչինչ խնայեց: Մի՛ զարմանաք. ամէն մարդ ունի իր սիրելու ձեւը: Ոմանք կը սիրեն հաւատարիմ մնալ իրենց խոստումներուն, ուրիշներու համար խոստում, հաւատարմագիր, ուխտ, այս բոլորը թուղթի կտորներ են, մելանի դարձուածներ, որոնք իրական կեանքի մէջ ոչ մէկ արժէք ունին….

Այս բառերը չաւարտած, բոլորն ալ լսեցին դուռին ձայնը: Իրարու նայեցան, գիտնալու ո՛վ է բացական: Երուանդ հոն չէր. ան սպրդած հեռացած էր: Հազիւ կրցած էր այս խայտառակութենէն ինքզինք ազատել: Թամար պահ մը Խաչիկին նայեցաւ, յետոյ միւսներուն դառնալով ըսաւ.

-Ներեցէք այս բոլորը կազմակերպելուս համար: Ձեր տեսածը ճշմարիտ է, պարզապէս կ’ուզէի այդ դաւաճանէն վրէժս լուծել, ինծի պատճառած ահաւոր ցաւին դիմաց զինք ցաւցնել: Ինք չէր ալ արժեր ամիսներով իմ համբերատար ծրագիրիս: Օրին պէտք էր զինք այդ ճաշարաններէն մէկուն մէջ բռնէի ու ամէն բան վերջ գտնէր: Սակայն ուզեցի այս ձեւին դիմել, ձեզ վկաներ դարձնելու այս խաղքութեան, որ կը կոչուի ամուսնական անհաւատարմութիւն: Այսօր կեանքիս ուրախ օրերէն է, ոչ թէ ձեր մտածածին պէս՝ մեր ամուսնութեան տարեդարձը տօնելու համար, այլ որպէսզի ազատիմ այս բեռէն, որ քանի մը ամիս կը կրեմ:

Այս խօսքերը ըսելէ ետք, Թամար հանեց ամուսնութեան մատանին ու կարկանդակին վրայ նետեց: Ինքզինք բանտէն դուրս ելածի պէս կը զգար: Իր նպատակին հասած, իր վրէժը լուծած, տարօրինակ խանդով կը նայէր ապագային, աւելի գիտակից եւ արթուն: Ճիշդ է, ամէն բան վերջացած էր, բայց նաեւ նոր բան մըն ալ սկսած էր: Իր մէջ ծնած ուրախութիւնը, այս փորձութենէն դուրս գալու հարուստ փորձառութեամբ՝ ինքնին բախտաւորութիւն մըն է, որ իր մէջ կ’ընդարձակուէր ու կամաց-կամաց կը ծածկէր այն վէրքը, որ Երուանդ պատճառած էր: Թամար վէրքոտ կը նայէր իր առջեւ բացուող կեանքի լայն դռներուն, նման այն զինուորին, որ սպիներով կը վերադառնայ տուն, սկսելու իր նոր ճանապարհորդութիւնը, հին վէրքերով ու չանյայտացող սպիներով դիմաւորելու արշալոյսը: