Վերանկախացման Եւ Արցախեան Պայքարի Մեր Ուղին․- Հ․Հ․Շ․-ի Պատճառած Յուսախաբութիւնը. Խաժակ Մկրտիչեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

12 Նոյեմբեր, 1989-ին գումարուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողով, որ իր աշխատանքներու աւարտին հրապարակեց իր «Յայտարարագիր»ը, որուն մէջ «Դաշնակցական մամուլի ներկայացուցիչները միանգամայն ճիշդ գտան, որ Փետրուար 1988էն ասդին մեր բոլոր պաշտօնաթերթերը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կեդրոնացուցած ըլլան դաշնակցական մտքի ուշադրութիւնը: Խորհրդաժողովը միաժամանակ հաստատեց, որ մեր ժողովուրդին հայրենաբնակ բազմութիւնները ծարաւը ունին Դաշնակցութեան խօսքին եւ կ’աշխատին ծանօթանալ մեր ուղղութեան եւ տեսակէտներուն, հակառակ անոր որ խորհրդային իշխանութիւնները արգելքի տակ կը պահեն մեր թերթերուն ազատ մուտքն ու տարածումը Հայրենիքի մէջ»:

Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողովը անգամ մը եւս կը կրկնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բազմիցս հնչած այն կոչը, որ ուղղուած է բոլոր դերակատար ուժերուն ու շարժումներուն, «որպէսզի համահայկական միասնական շարքերով կանգնինք հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուաճած ուղիին վրայ՝ համախմբուելով Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջացման համար պայքարած յաջորդական սերունդներու անփոխարինելի տեսլականին շուրջ, ի խնդիր հայ ազատագրական պայքարի յաղթանակին, որուն առաջին պտուղը պիտի ըլլայ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»:

Վերոնշեալ Խորհրդաժողովի կատարած կարեւոր հաստատումներէն մէկը անթաքոյց կը յայտնէր այն յուսախաբութեան մասին, զոր պատճառեց Հ․Հ․Շ․ Հիմնադիր Համագումարը: Առանց բառերը ծամծելու, Խորհրդաժողովը կը հաստատէ. «Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը համազգային ծրագրով եւ համազգային շարժումով օժտելու ճամբուն վրայ, Փետրուար 1988էն ասդին ամբողջ հայութեան եւ յատկապէս հայրենաբնակ մեր բազմութիւններուն երկար սպասումը փաստօրէն դեռ չէ յանգած հաւաքական ուժի կերտումին, որովհետեւ  ոչ Հայաստանի պետական-կուսակցական իշխանութիւնները եւ ոչ ալ ժողովրդային շարժումները լրիւ արդարացուցին այդ ուղղութեամբ իրենց կապուած յոյսերը: Մէկ կողմէ Արցախեան Շարժման թէժ պահերուն իրականութեան չվերածուեցաւ ամենայն հայոց կառավարութեան ներշնչումով գործելու վարքագիծը, իսկ միւս կողմէ՝ ժողովրդային շարժումները ղեկավարելու ձգտող որոշ տարրերու մօտ յամեցան հատուածապաշտութիւնն ու այլամերժութիւնը: Այդ պատճառով ալ, «Ղարաբաղեան Շարժման Հայաստանի Կոմիտէ»ի հրաւէրով Նոյեմբեր 1989-ին գումարուած «Հայոց Համազգային Շարժման Հիմնադիր ժողով»ը պարզապէս դարձաւ կուսակցութեան մը հիմնադիր ժողովը՝ թէ’ իր կազմութեան պայմաններով, թէ քաղաքական-գաղափարական իր կողմնորոշումներով եւ թէ իրմէ ծնունդ առած գործադիր մարմնով»:

Փաստօրէն, խնդրոյ առարկայ հիմնադիր ժողովի ընթացքին, Հ.Հ.Շ. պարագլուխները իրենց գաղափարական վարքագիծին համահունչ գործելակերպով մը, դուրս մղած էին բոլոր այն մտաւորականներն ու գործիչները, որոնք քիչ թէ շատ իրենց մտածողութեամբ ազգային-ազատագրական պայքարը իբրեւ մեկնակէտ ունէին Արցախեան պայքարի իրենց ընկալման մէջ: Իսկ կազմակերպական առումով՝ Ղարաբաղ Կոմիտէն պարզապէս իր նախընտրած ցանկը պարտադրած էր ժողովականներուն: Զուգահեռ, «Ղարաբաղ Կոմիտէ»-ի դէմքեր մեղադրանքներ կը հնչեցնէին Դաշնակցութեան եւ այլոց հասցէին, իրենց համագումարի ընկրկումներուն մեղքը բարդելով ուրիշներու վրայ: Մինչ իրականութիւնը այլ էր, Ղարաբաղեան շարժման դրօշակի ներքոյ, Ղարաբաղ Կոմիտէն մենաշնորհի վերածած էր համազգային շարժում ստեղծելու գործը եւ ինքզինք կը պարտադրէր իբրեւ այդ շարժման ղեկավար մարմին, որուն շարք մը անդամներու գաղափարական ու քաղաքական հայեացքները որեւէ ձեւով չէին կրնար հիմք դառնալ իրական համազգային շարժումի մը ստեղծման:

Հ․Հ․Շ․-ի հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերապահումները, բնականաբար միայն հիմնադիր համագումարի ընթացքին դրսեւորուած վարքագիծը չէր, այլ նորայայտ ուժի գաղափարական ու աշխարհընկալման ողջ ուղղութիւնը կտրուած էր ազգային-ազատագրական պայքարի տրամաբանութենէն:

Հ․Հ․Շ․-ի հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սկզբունքային այս կեցուածքը տեղ տեղ նաեւ ծանօթ դաշնակցականներու մօտ դժգոհութիւն կը յառաջացնէր, որոնք նոյնիսկ կանգ չառին Դաշնակցութենէն հեռանալուն մօտ, այլ գացին Հ․Հ․Շ․ պարագլուխներուն հետ Դաշնակցութեան դէմ գործակցելու ճանապարհով: Վերջիններուս հարազատ բնութագրումը տուած է ընկ. Խաժակ Տէր Գրիգորեան, «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած իր «Ազատականութիւնը Անհամատեղելի է Կուսակցականութեան Հետ» յօդուածին մէջ: Տէր Գրիգորեան կը գրէ. «Կան բնականաբար մարդիկ, կուսակցութիւնների մէջ ներգրաւուած մարդիկ, բացարձակապաշտութիւնից մեկնող եւ հաւաքական կեանքի համար անհրաժեշտ զիջողութեան ոգուց զուրկ մարդիկ, որոնց համար աւելի ծանր է կշռում իր մտածումների ամբողջական որդեգրումը ընդհանուրի կողմից, քան ընդհանրական կարծիքների ընդունումը իր կողմից: Բնականաբար այսպիսի մարդիկ պիտի մնան դժգոհ, իրենց պիտի զգան «իրաւազրկուած», ուստի եւ պիտի փորձեն այլ ճանապարհներով դարմանել այս «անարդարութիւն»-ը: … Իսկ թէ ինչո’ւ են գտնւում մարդիկ, որ գաղափարի ու կուսակցութեան յարելով հանդերձ հակադրւում են միեւնոյն գաղափարները կրող կուսակցութեան որոշումներին, դա մի հարց է, որի վերլուծութիւնը ու ենթակաների հոգեկան աշխարհի վերհանումը պիտի յանձնարարել հոգեբաններին: Սակայն այն ինչ որ պարզ է, այն է, որ այս մարդիկ անկեղծ չեն իրենց համոզումների մէջ, իրենց անձը, անձնական շահերն ու փոքրիկ փառամոլութիւնները աւելի են գերադասում իրենց այսպէս կոչուած «գաղափար»ներից եւ կուսակցութիւնը փորձում են միջոց դարձնել՝ բաւարարութիւն տալու իրենց մասնաւոր ցանկութիւններին: … Չի կարելի միաժամանակ թէ’ ազատական լինել եւ թէ կուսակցական»: