Յու­նա­հայ Սոփ­րա­նօ ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան Պի­տի Մաս­նակ­ցի Մ. ­Քալ­լա­սին Նո­ւի­րո­ւած Հա­մեր­գին

Սփիւռք

Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 16 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9-ին, սրա­հի նա­խա­մու­տե­րէն մէ­կուն առ­ջեւ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ օ­փե­րա­յի բա­ցա­ռիկ հա­մերգ մը, նո­ւի­րո­ւած աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հի ­Մա­րիա ­Քալ­լա­սի յի­շա­տա­կին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

­Հինգ համ­բա­ւա­ւոր սոփ­րա­նօ երգ­չու­հի­ներ պի­տի մեկ­նա­բա­նեն օ­փե­րա­յի ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։

Ա­նոնց կար­գին է նաեւ յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր եւ ա­նո­ւա­նի մե­ներգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան, որ իր իւ­րա­յա­տուկ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով պի­տի մեկ­նա­բա­նէ հա­մաշ­խար­հա­յին օ­փե­րա­յի կտոր­ներ։ ­Սի­րան ­Չա­լը­քեա­նի ա­մու­սի­նը, համ­բա­ւա­ւոր ե­րաժշտա­գէտ եւ դաշ­նա­կա­հար Եոր­ղոս-Իու­լիոս ­Փա­փա­տո­փու­լոս պի­տի ըլ­լայ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը եւ մէ­ջընդ­մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ յայ­տա­գի­րի յատ­կան­շա­կան բա­ժին­նե­րը։

Ե­լոյ­թի մուտ­քը ա­զատ է, իսկ հրա­ւէր­նե­րը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել հա­մեր­գաս­րա­հի կայ­քէ­ջէն։