Պարէտ Մարոնեանի «Անարիւն»ը Պիտի Ցուցադրուի 24 Սեպտեմբերին

Աշխարհ, Սփիւռք

Մշակութային ազդեցութիւն հիմնարկին  (Cultural Impact Foundation) վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ անցնող շաբաթավերջին «Տա Վինչի» շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուելէ ետք, պատրաստող Պարետ Մարոնեանի «Անարիւն» վաւերագրական ֆիլմը պիտի ցուցադրուի վաւերագրական ֆիլմերու յատուկ «Լանընպըրկ» փառատօնին ընթացքին։

Ֆիլմը կարելի է դիտել 24 Սեպտեմբերին, կ․ե. ժամը 3-ին։ Տոմսերը (5 տոլար) կարելի է կանխաւ ապահովել՝ այցելելով https://watch.eventive.org/lunenburgdocfest/play/5f527426bb671a004d9ae403 կայքէջը։

«Անարիւն» ֆիլմը նուիրուած է Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութիւնը իրականութիւն դարձուցած երիտասարդական շարժումին։

Նշենք, որ 2017-ին հաստատուած Մշակութային ազդեցութիւն հիմնարկին նպատակն է՝ նեցուկ կանգնիլ մշակութային իւրայատուկ ծրագիրներու, որոնք պատմական իրադարձութիւններու յստակացման կը նպաստեն եւ կը բացայայտեն մարդկային բարերարութիւնները ու հերոսութիւնները։