Սփիւռքահայ Դիմորդները Հայաստան Կրնան Մուտք Գործել Առանց 14-օրեայ Ինքնամեկուսացման Պայմանի

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանելու նպատակով 2020-2021 ուսումնական տարուան համար ԿԳՄՍ նախարարութիւն դիմած են 670 սփիւռքահայեր 29 երկրէ, որոնցմէ շուրջ 210-ը` Վրաստանի քաղաքացիներ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած են ԿԳՄՍ նախարարութենէն:

Դիմորդներուն մէկ մասը կը մասնակցի սփիւռքահայերուն յատկացուած պսակաւոր արուստից կրթական ծրագիրով անվճար ուսուցմամբ տեղերու մրցոյթին, որոնք տրուած են սփիւռքի համար առաջնային համարուող հայագիտական, մանկավարժական եւ արուեստի բնագաւառի մասնագիտութիւններով: ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի հրամանով փոփոխութիւն կատարուած է ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ 2020-2021 ուսումնական տարուան օտարերկրացիներու եւ սփիւռքահայերու փաստաթուղթերու ընդունման (վճարովի համակարգի ուսուցման) ժամկէտներուն մէջ: Մասնաւորապէս, վճարովի առկայ ուսուցումով պակալաւրի ու անընդհատ եւ համակարգուած կրթական ծրագիրներով ընդունելութեան համար ԿԳՄՍ նախարարութիւն փաստաթուղթերու ներկայացման ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 15-ը ներառեալ:

Համագործակցելով Պարէտատան, ՀՀ ԱԳ նախարարութեան եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ` ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը իրականացուցած է համապատասխան աշխատանքներ` ապահովելու Վրաստանի քաղաքացիութեամբ հայ ուսանողներու մուտքը ՀՀ տարածք` առանց 14-օրեայ ինքնամեկուսացման պայմանի կիրառման: Վրաստանի իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն` վերոնշեալ քաղաքացիներու անխափան տեղաշարժի եւ սահմանի անցակէտին վրայ մուտքի կազմակերպման վերաբերեալ: Այդ նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու թոյլտւութիւն ստացած Վրաստանի քաղաքացիները պէտք է կապ հաստատեն Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Վրաստանի դեսպանութեան հիւպատոսական բաժնի հետ` տեղաշարժման անցակէտի եւ ժամկէտներու մանրամասնութիւններուն տեղեկանալու համար: