Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երրորդ Առցանց Ժողովը – Ամերիկաներ Եւ Աւստրալիա

Հայաստան, Սփիւռք

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, կը շարունակէ կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։

Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020-ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ առցանց հանդիպումը։ Նոյնանման յաջողութեամբ կայացաւ նաեւ տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը՝ նուիրուած Եւրոպայի հայկական լրատուամիջոցներուն:

Մեր երրորդ առցանց հանդիպումը նպատակադրուած է, որ կայանայ ամերիկաներու եւ աւստրալիոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն հետ: Որպէս թուական նկատի առնուած է Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2020, Պէյրութի ժամով 18:00-ին: Իբրեւ թեմա դարձեալ նկատի առնուած է՝ Հայկական Լրատուամիջոցը Ներկայ Պայմաններուն Մէջ. Դժուարութիւններ Եւ Դիմագրաւման Միջոցներ։

Հիւսիսային եւ Լատին Ամերիկաներուն եւ Աւստրալիոյ տարածքին հրատարակուող Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝  panarmenian.media@gmail.com

Ծանօթ՝ Հայկական մամուլէն կը խնդրուի տարածել սոյն յայտարարութիւնը:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ