Հայաստանի Մէջ Սահմանափակումներու Դրութիւն` Մինչեւ Յունուար 2021

Հայաստան

11 Սեպտեմբերէն մինչեւ Յունուար 2021 Հայաստանի մէջ պիտի գործէ սահմանափակումներու դրութիւնը՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ։

Այս ընթացքին քաղաքացիները իրենց հետ պէտք է ունենան իրենց ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթ տունէն դուրս գալու ատեն։ Կանոնը սահմանուած է համապատասխան որոշումով։

Պիտի արտօնուի կազմակերպել որոշ համախմբումներ, սակայն ոչ 60 անձերէ աւելի անձերու մասնակցութեամբ։