Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումը Պիտի Շարունակուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գլխաւորութեամբ․ Արամ Ա․

Սփիւռք

Այս հաստատ վճռակամութեամբ, Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը
10 Սեպտեմբեր 2020-ին շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ժողովին, լսելէ ետք Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի զեկոյցները յիշեալ համայնքներու վերակագնումի աշխատանքներուն մասին:

Լիբանանի Հայոց առաջնորդ սրբազանը՝ իբրեւ նախագահը Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, մանրամասնօրէն զեկուցեց յանձնախումբին կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին:

Վեհափառը, ողջունելով կատարուած աշխատանքը՝ շեշտեց, որ շուտով անհրաժեշտ է ամբողջացնել տուներու վերանորոգումը, որպէսզի ծրագրուի վերականգնումի յառաջիկայ հանգրուանները:

Յայտնենք, որ Ժընեւի մէջ հաստատուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի յատուկ հաշուեգլուխէն գումարներ կը փոխանցուին յանձնախումբին, որպէսզի անիկա կարենայ իր աշխատանքը կատարել:

Սուրիոյ հայ համայնքին մասին տրուած զեկոյցին ճամբով, վեհափառը եւ Կեդրոնական վարչութիւնը գոհունակութեամբ իմացան, թէ հայ համայնքին վերականգնումը դրական ընթացքի մէջ է, Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ համաճարակի ազդեցութիւնը սկսած է լայն չափով նուազիլ, փոքր գործատեղիներուն կատարուած օժանդակութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է եւ համայնքային բոլոր կառոյցները աշխոյժ աշխատանքի լծուած են:

Վեհափառը կաթողիկոսութեան անունով իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նշեալ երկու կարեւոր համայնքներուն վերականգնումի աշխատանքներուն լծուած թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութիւններուն եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն:

Վեհափառը անգամ մը եւս վստահեցուց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, առաջնորդ սրբազաններուն ճամբով՝ պիտի շարունակէ գործնապէս նեցուկ կանգնիլ մեր համայնքներու վերականգնումին եւ յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է միշտ տեղեակ պահել ժողովուրդը կատարուած աշխատանքներուն մասին: