Վերանկախացման Եւ Արցախեան Պայքարի Մեր Ուղին.- Հայ Դատի Ամբողջական Ռազմավարութեան Անհրաժեշտութիւն. Խաժակ Մկրտիչեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու գերնպատակը կը հանդիսանար այն առանցքը, որ կը վայելէր համայն հայութեան աջակցութիւնը: Արցախեան Պահանջատիրութիւնը այն կիզակէտն էր, որուն շուրջ կը դառնար հայրենի համաժողովրդական պոռթկումը եւ որուն շուրջ համախմբուած էր ողջ հայութիւնը: Հայրենի համաժողովրդային ալիքը բնականաբար տարերային ընթացքէն դուրս պիտի գար, քաղաքական հոլովոյթ պիտի ապրէր, ղեկավարութիւն պիտի ձեւաւորէր եւ աւելի կազմակերպ պայքարի ուղի պիտի ընտրէր: Իբրեւ այդպիսին, տեղին էր մտածել հայութեան համազգային ուժերը համախմբելու մասին, եւ որ աստիճանաբար սկսաւ գործի վերածուիլ «Հայոց Համազգային Շարժում» անունով: Հակառակ յայտարարուած կազմակերպական եւ գործելակերպային պատկերացումներուն` Շարժման ղեկավարներուն ելոյթներն ու քայլերը կը խօսէին, որոշ գաղափարական ընկալումներ ունեցող, ինչ որ քաղաքական կուսակցութեան մը կազմութեան մտադրութեան մասին, որուն անդամագրուելու կոչ կ’ուղղուէր «բովանդակ հայութեանը»:

Այստեղ արդէն նորաստեղծ համախմբումը ինքնութեան խնդիր կը դիմագրաւէր, որովհետեւ շարժման ղեկավարութիւնը, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, կը շփոթէր Արցախեան Պահանջատիրութեան շուրջ հայութեան ողջ ներուժը համախմբելու եւ ամբողջ հայութիւնը կազմակերպական մէկ կառոյցի մէջ տեղաւորելու միջեւ: Անոնք չէին գիտակցիր, որ Արցախեան Պահանջատիրութեան նպատակին շուրջ համախմբուիլը, երբեք չի նշանակեր տարբեր գաղափարական ու աշխարհահայեացքային ընկալումներ ունեցող միաւորումներ բերել եւ տեղաւորել մշուշոտ ու շատերու համար անընդունելի գաղափարներով օրօրուող կազմակերպական կառոյցի մը մէջ եւ կոչ ընել «բովանդակ հայութեանը անդամագրուել մեր կազմակերպութեանը»:

Հակառակ, որ օրին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մտահոգուէր որոշ կեցուածքներով ու ելոյթներով, բայց եղածները երբեմն կը վերագրէր քաղաքական մշակոյթին չտիրապետելու, կամ գաղափարական ու աշխարհահայեացքային մօտեցումները բիւրեղացած չըլլալուն եւ կը փորձէր իր յայտարարութիւններով ու յարաբերութիւններով մերձեցումներու մղել: Հայոց Համազգային Շարժումի հիմնադիր համագումարէն ամիսներ առաջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրայր Մարուխեան «Դրօշակ»ի առաջնորդող յօդուածին մէջ կը գրէ. «… հայութեան հողային, ազգային եւ ընկերային իրաւունքներու վերականգնման հարցը հայ կեանքէն ներս գործօն ուժերէն կը պահանջէ բազմակողմանի հաշուարկումով հաւասարակշռուած ռազմավարութեան մը որդեգրումը: Այս անհրաժեշտութեան դիմաց, սակայն, ազգային-գաղափարական շարժում դառնալու սեմին գտնուող հայաստանեան զանազան խմբաւորումները տակաւին ոչ-հաստատուն վիճակի մէջ կը թուին ըլլալ եւ, յաճախ, միմեանց դէմ կեցուածքներ կը ճշդեն: Գէթ ներկայ կացութենէն դատելով, զանազան այդ խմբաւորումներէն եւ ոչ մէկը, առանձնաբար, Հայ Դատի աշխատանքները ազդու կերպով ղեկավարելու ընկալեալ պայմանները կը լրացնէ: … եթէ բոլորը միասին՝մշակեն Հայ Դատի ամբողջական ռազմավարութիւնը, ուր ներառուած կ’ըլլան Սփիւռք-Հայաստան մարտավարական քայլերը, հոն՝ ուր հնարաւոր է, հասարակաց եզրեր ստեղծեն Հայաստանի պաշտօնական մարմիններու հետ եւ, ընդհանրապէս, իրենց գործունէութեան հիմնատարրերը տեղադրեն միջազգային ներկայ իրադրութեան րէալ տուեալներու մէջ, ահա’ այն ատեն՝ կարելի է ապահով կերպով հաստատել որ Հայաստանեան-Ղարաբաղեան մերօրեայ շարժումները ըստ ամենայնի լաւ ձեռքերու մէջ կը գտնուին: Միայն այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ ապահով կերպով վկայել, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն համազգային տարողութեամբ տէր կանգնած է արժանաւոր ղեկավարութիւն մը, որ ատակ է չափելու թէ ըմբռնելու ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏի լրջութիւնը, որ թափանցած է Հայկ Նահապետէն Արամ Մանուկեան ժառանգաբար փոխանցուած հայոց պայքարի փիլիսոփայութեան խորքը եւ այդպիսով վերածուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒԺի՝ ձեւով հայաստանեան, էութեամբ համահայկական»:

Հայրենի ներքին խմորումներուն ուշի ուշով հետեւելու կողքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաւելեալ զգօնութեամբ կը հետեւէր նաեւ Քրէմլինի քայլերուն, աւելի ճիշդ՝ ազգային հարցի կապակցութեամբ ունեցած խարխափումներուն եւ Պաքուի իշխանութեան անմարդկային քայլերուն, որոնք էապէս շարունակութիւնն էին Սումկայիթի եղեռնագործութեան: Սեպտեմբեր 23, 1989-ին, Ս.Դ. Հնչակեան եւ Ռ.Ա.Կ. կեդրոնական վարչութիւններուն հետ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն «Սփիւռքի հայութեան անունով» կը դիմէ  Խ. Միութեան նախագահ Մ. Կորպաչեւին, պահանջելով վերջ տալ Հայաստանի պաշարման, երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ապահովութիւնը եւ վճռահատել Ղարաբաղի ճակատագիրը, գոհացում տալով շրջանի բնակչութեան արդար պահանջներուն: Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու դիմումը սփիւռքեան աջակցութիւն էր Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու դիմումներուն ու ահազանգներուն: Փաստօրէն ազերի ղեկավարութիւնը, օգտուելով Քրէմլինի անվճռականութենէն ու ձգձգելու քաղաքականութենէն, շարժման մէջ դրած էր ազերի ամբոխին հակահայ մոլուցքը եւ տնտեսական ու այլ տեսակի ճնշումներու կ’ենթարկէր հայրենի հայութիւնը:

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը, ականջ տալով հնչած ահազանգին, կը գրէ. «Ահազանգ՝ ուղղուած նաեւ ու մանաւանդ Սփիւռքի հայութեան, որուն աչքերուն առջեւ շնչահեղձ կը դառնայ Հայ Դատի մեր պայքարին հիմնական կռուանը՝ հայրենի հայութիւնը, պատմականօրէն դարձեալ անպատրաստ գտնուելով համաթուրանական դաւերը մինչեւ իսկ խորհրդային կարգերու տակ շարունակող թշնամիի մը դէմ յանդիման:
«Ահա թէ ինչո’ւ Սփիւռքի զօրակցութիւնը մանաւանդ հիմա ստացած է պատմակշիռ իմաստ, որովհետեւ առանց համագաղութային մեր զօրաշարժին անցնող իւրաքանչիւր օրուան եւ մինչեւ իսկ ժամուան հետ՝ հայրենի հայութիւնը աստիճան մը աւելի կը խրի առանձին լքուած ըլլալու իր անձկութեան մէջ: … Թշնամին կը սեղմէ պաշարման օղակը: Սփիւռքը իրաւունք չունի ուշացնելու իր զօրաշարժը»:

Հ.Յ.Դ. գրաւոր այս խօսքին զուգահեռ կ’ընթանային գործնական քայլեր, դաշնակցական գործիչներու Հայաստան այցելութիւնները կը դառնային աւելի յաճախակի, սփիւռքեան կառոյցներ քայլեր կը նախաձեռնէին միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու Պաքուի հայահալած քաղաքականութեան մասին, հայրենի մամուլին մէջ կ’երեւային դաշնակցական գործիչներու հետ հարցազրոյցներ եւ աստիճանաբար կը նախապատրաստուէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձը: