Իրանահայութեան Զօրակցութիւնը՝ Լիբանանահայութեան… «Ալիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Անցնող շաբթուան ընթացքին ողջ աշխարհի հայեացքի կիզակէտին յայտնուած էր Լիբանանը ի տես ահաւոր պայթիւնի ու անկէ բխող՝ մարդկային կորուստներու, ինչպէս եւ նիւթական-տնտեսական արդէս իսկ խիստ անմխիթար իրավիճակի սաստկացման:

Համարժէք արձագանգը նոյն համաշխարհային հանրութեան բնականաբար չուշացաւ: Օգնելու, զօրակցելու եւ սատար հանդիսանալու ոգեւորիչ քայլերը, անշուշտ, եկան թեթեւցնելու ծանրակշիռ աննախադէպ հարուածը՝ Լիբանանին ու լիբանանցիին:

Տրամաբանօրէն հայաշխարհը եւս որոտացող պայթիւնէն ցնցուած՝ կրկնակիօրէն մտահոգուելու պահեր ապրեցաւ, երբ պարզորոշ դարձան Պէյրութի հայկական թաղամասերուն մէջ գործող ազգային ու կրօնական, մշակութային եւ առեւտրական կեդրոններու աւերածութիւնները: Աւելին, ժամ առ ժամ մարդկային կորուստներուն զուգընթաց նաեւ կ՝աւելնար մահացու վիրաւորուած մեր հայրենակիցներու՝ լիբանանահայերու քանակը:

Համասփիւռքեան մակարդակով՝ պատմականօրէն անհերլեքի փաստ է լիբանանահայ գաղութ-համայնքի ազգային, հոգեւոր, մշակութային-կրթական եւ ինչու ոչ՝ հասարակա-քաղաքական կշիռն ու ազդեցիկութիւնը: Տասնամեակներու ընթացքին, ահա, նոյն կշիռն ու դերակատարութիւնը եղած է բազմապիսի արհաւիրքներու եւ քաղաքական անկայուն վիճակներու յաղթահարման գրաւականը:

Ամբողջական Լիբանանը, սակայն, տարիներէ ի վեր կ՝ապրի նոյն քաղաքական անկայուն ու յարափոփոխ իրավիճակի մէջ, որ արտաքին միջամտութիւններու տեղ տուած է միաժամանակ: Ասոր բարդուած է նաեւ ու մանաւանդ տնտեսական ծանրակշիռ եւ երկրի համակարգը տատանող եւ չբարուոքուող պայմանները:

Ահաւասիկ՝ այս ամենուն գումարելով «քորոնա» ժահր վարակի պայմանները, կացութիւնը կը դառնայ ըստ ամենայնի անտանելի… ատով հանդերձ՝ լիբանանահայը իր ամբողջական նուիրումով նեցուկ կանգնած է երկրի կարգ ու սարքին, կառավարութեան, ժողովուրդին եւ յանուն պետական ինքնիշխանութեան զոհաբերած է հաւատարմօրէն ու ազնուօրէն:

Այս աննախանձելի պայմաններուն մէջ մարդկային նոր ու աննախադէպ աղէտը՝ Օգոստոս 4-ի աւերիչ պայթիւնը, պայթեցուց նաեւ համաշխարհային ընտանիքի այլեւս հոգնատանջ խիղճն ու ոգին:

Ու համընդհանուր այս պայմաններուն մէջ, երբ աշխարհով մէկ մարդկութիւնը կը դիմակայէ յայտնի համաճարակը, ամենատարբեր ուղղութիւններէ լսելի ու տեսանելի կը դառնան Լիբանանին օգնութեան ձեռքերու եւ ձայներու անվերջանալի զօրակցութիւնները:

Լիբանանահայուն, սակայն, անմիջականօրէն օժանդակելու, զօրակցելու, մխիթարելու «զօրաշարժ» յայտարարած է հայաշխարհը՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, կառչելով՝ մարդկային, ազգային ու համասփիւռքեան համերաշխութեան ձայնին ու խղճին:

Հինաւուրց իրանահայն ալ չէր կրնար անմասն մնալ այս բոլորէն: Եւ արդէն իսկ սիրելի ընթերցող վստահաբար քո զգօնութեան, ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան անբաժան առարկան հանդիսացած է մեր համայնքի ազգային, կրօնական, հասարակական, քաղաքական, մշակութային ու յատկապէս տուեալ պարագային՝ մարդասիրական միութիւններու եւ կառոյցներու անվերապահ աջակցութեան խոստումներն ու զանոնք կենսագործելու կոչուած՝ ազգային մարմիններու, միաւորներու եւ մինչեւ իսկ անհատ-բարերարներու պատրաստակամական նախաձեռնութիւնները:

Նախաձեռնութիւններ, որոնք աւելիով պիտի զօրացնեն, գօտեպնդեն Հայկական Սփիւռքի առաջամարտիկը հանդիսացող, բայց թիրախաւորուած-վնասուած՝ լիբանանահայը:

Ու այդպիսով, ահա, բոլորս յանուն լիբանանահայութեան կը միանանք այն ոսկեայ շղթային, որուն առանցքային օղակները կը հանդիսանան Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը, իբրեւ անքակտելի միասնութեան կամքի արտայայտութիւն: