«Զրոյց Եւ Քիչ Մըն Ալ Մրոյց»՝ ՀԵԴ-ի Նոր Յայտագիրին Մասին. Նարեկ Գույումճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ծուռ նստինք, ամենայն սիրով։ Բայց կ՛աղաչեմ, սիրելի հայրենակիցներ, եկէ՛ք շիտակ խօսինք։

Այս անժխտելի իրականութիւնը չընդունելով, վնասէն բացի բան չենք հասցներ մենք մեր գաղութներուն։ Ամերիկահայ գաղութը ունի հպարտանալու շատ պատճառներ. բայց եկէ՛ք համաձայինինք, որ հայերէնի գոյատեւումը յաջողութիւններուն ցանկին արձանագրելը ոչ թէ միայն ինքնախաբէութիւն է, այլ նաեւ՝ մեր հաւաքական գոյատեւման դէմ գործող մեղք։

Եթէ իսկապէս լուրջ ենք Ամերիկայի մէջ մեր հայկական ինքնութեամբ գոյատեւելու նպատակին մէջ, ուրեմն ըլլանք յանձնառու եւ անկեղծ ու բացէ ի բաց ընդունինք, որ հայերէնի գետնին վրայ ամերիկահայ գաղութը հետզհետէ պարտութեան կը մատնուի։

Նախ վերլուծենք, թէ արդեօք «ինչո՞ւ» այս է ներկայ իրավիճակը. ապա դառնանք լուծումի խօսակցութեան:

Զանազան կարծրատիպեր կան նոր սերունդին հայերէնի չգործածութեան պատճառներուն մասին եւ բնականապէս կան զանազան վերլուծողներ (մասնագէտներ եւ իրենք իրենց մասնագէտ կարծողներ), որոնք կը տարածեն այդ կարծրատիպերը։ Այո,  լեզուի մասին կարծրատիպերու դրօշակակիրները շատ են եւ գաղութի բոլոր կառոյցներուն մաս կազմելով՝ բնաւ առիթ չեն փախցներ փաստելու, որ այլեւս իբրեւ ամերիկահայ գաղութ ժամանակը հասեր է, որ նոր սերուդէն ձեռքերնիս լուանք։ Միաժամանակ, իրենց յուսահատ հեռանկարին կողքին, կայ գոնէ մէկ հատ յատկանիշ մը, զոր գրեթէ բոլորը կը կիսեն՝ բոլորը «հայապահպանում»ը  կը համարեն իրենց սուրբ չափանիշը. որքան որ մեր հայութիւնը (ներառեալ լեզուն) պահենք ու պահպանենք, այնքան յաջող կ՚ըլլանք։

Ահաւասիկ, հոս է վերոյիշեալ հայերէնի խնդիրին հիմնական արմատը։ Ինչո՞ւ մեր չափանիշը պահպահնումն է եւ ոչ թէ գոյատեւումը։ Ոմանք կ՛ըսեն, որ այս երկուքը նոյն բանն են՝ «պահպանում» եւ «գոյատեւում»։ Սակայն, պահպանումը ընդհանուր գոյատեւման պայքարին միայն մէկ կէսն է։ Անշո՛ւշտ, ասմունքենք Վարուժանէն  եւ պատերնէս կախենք Կորքին։ Հարցը ինքնին պահպանումը չէ, այլ պահպանումին հետ բաւարարուիլը։

Իբրեւ ամերիկահայ գաղութ՝ «հայապահպանում»ը որոշած ենք մեր միակ եւ վերջնական թիրախը եւ, հետեւաբար չենք հարցուցած այն հարցումը, որ երկար տարիներ բացակայած է մեր մտայնութենէն՝ ի՞նչն է վրիպած «հայապահպանում»էն, որուն մասին լուրջ ըլլալով հանդերձ, փաստացիօրէն ձախողեր ենք անոր ամէնէն հիմնական տարրը՝ լեզուն, նոր սերուդին կտակելու մեր աշխատանքին մէջ։

Մեր հարցումին պատասխանը, սիրելի հայրենակիցներ, ստեղծագործումն է։ Պահպանելու կողքին, գոյատեւելը կը պարտադրէ, որ կերտենք նորը, որովհետեւ նոր բանաստեղծութիւններով է միայն, որ կը ծնին նոր Վարուժաններ ու նոր նկարչութիւններով՝ նոր Կորքիներ։ Ոմանց համար յստակ էր թերեւս այսքանը. բայց ըսեմ, որ երիտասարդին համար, ստեղծագործելը յստակ ըլլալէ աւելի անհրաժեշտութիւն է։ Անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ  ստեղծագործելու բացակայութեան իրեն միւս կէսը՝ պահպանումը գլուխը կ՛առնէ կ՛երթայ՝ լեզուն եւ մեր բոլոր ազգային արժէքները վտանգի մէջ դնելով իր սահմանափակ աշխարհահայեացքով։ Մինչեւ հիմա ասիկա մեծ հարց չէր։ Սակայն ներկայիս, մեր իրավիճակը բոլորովին նոր է եւ ամերիկահայ երիտասարդին պայքարը՝ աննախընթաց։

Ներկայիս, չկայ անմիջական հակառակորդ կամ «այլազգ», որուն դէմ պայքարելով ամերիկահայ երիտասարդը կը զգայ լեզուի պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը. անոր ըսուած է, որ իր անմիջական մարտահրաւէրը անշօշափելի Ճերմակ Ջարդն է. կրկնուած դաս մը, որ աւելի յաջողած է ծնողներու եւ ղեկավարներու բերնին մէջ մազ բուսցնել, քան թէ նոր սերունդին որեւէ ձեւով ոգեւորել։

Ներկայիս, ամերիկահայ երիտասարդութեան միայն փոքրամասնութիւնը կը զգայ, որ հայերէնը իր սեփական լեզուն է. անոր թելադրուած է, որ պէտք է «մաքուր» հայերէն խօսի. կրկնուած խօսք մը, որ թէ՛ իր մեղադրական էութեամբ կը գանեցնէ հասակ առնող պատանին  եւ թէ՛ իր վերացական ու անյստակ ուղղութեամբ անհասանելի կը դարձնէ այն՝ որ միայն փորձ ընելով կը բարելաւուի։

Ներկայիս, ունինք այսպիսի նոր մարտահրաւէրներ։ Մարտահրաւէրներ՝ որոնք ցարդ չեն դիմադրուած եւ, կամ, չեն ընդունուած իբրեւ դիմադրելու արժանի հարցեր։ Ընդհանրական պատկերը ներկայացնելու համար եկէք բացայայտօրէն նշենք այս նոր մարտահրաւէրները։

Ինչպէ՞ս կը տարբերի այսօրուան ամերիկահայ գաղութը անցեալի սփիւռքի գաղութներէն։

Ա. Քաղաքական Փորձառութեան Զանազանութիւն

Ամերիկահայ գաղութը կը բաղկանայ հայերէ, որոնք եկած են բազմաթիւ երկիրներէ, իւրաքանչիւրը իր քաղաքական կանոններով, տագնապներով, եւ այլ քաղաքական տուեալներով. մինչդեռ անցեալին, աւելի հաւանական էր որ սփիւռքի գաղութ մը կամ շրջան մը կազմուէր Արեւմտահաստանէն կամ Արեւելահայաստանէն եւ երբեմն ալ նոյնիսկ Հայաստանի նոյն գաւառէն գաղթողներէ։

Բ. Բարբառային Զանազանութիւն

Ամերիկահայ գաղութը կը բաղկանայ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն խօսող հայերէ. մինչ անցեալին հայերէն լեզուի երկու ճիւղերով խօսողները իրարմէ զատուած էին ու չկար այնքան շփում որքան հիմա։

Գ. Աշխարհահայեացքի Զանազանութիւն

Ինչպէս նշուեցաւ,ամերիկահայ գաղութը աւելի ընդունակ է յարաբերելու ոչ-հայերու հետ, հաշտ աչքով նայելու խառն ամուսնութններուն,եւ ընդհանրապէս բաց է նորարարական միտքերուն. մինչ անցեալին, բացառութիւնները յարգելով, ընդհանրապէս օտարին հետ գործ չունենալը լաւ բան կը սեպէր։

Դ. Եկամուտի Զանազանութիւն

Ամերիկահայ գաղութը կը բաղկանայ ընդհանրապէս միջին,եւ բարեկեցիկ խաւերուն  պատկանող անհատներէ. մինչ անցեալին, (Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք) առաջին եւ երկրորդ սերունդին համար, թշուառ տնտեսական վիճակը, այսինքն ապրուստ ապահովելու անմիջական  պայքարը, սփիւռքահային կու տար անխուսափելի պատճառ մը հայրենակիցներուն հետ շփուելու ու ապրելու։

Ե. Տարածքային Վիճակ

Ամերիկահայ գաղութը մէկ խօսքով ցրուած է՝ ըլլայ երկրին մէջ եւ նոյնիսկ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ. մինչ անցեալին, հայ գաղութներ կ՛ունենային կեդրոն, թաղամասեր եւ իրարու հանդիպելու յարմարութիւններ։

Այս «նոր» մարտահրաւէրները մեր հայ ինքնութեան կ՛ազդեն բազմաթիւ ձեւերով, բայց հաւանաբար լեզուն է որ ամէնէն աւելի տուժողը եւ տառապող կ՛ըլլայ։ Կարեւորագոյնը այն է, որ հասկնանք թէ նոր սերունդի լեզուի դժուարութիւնը ձախողութեան արդիւնք չէ, այլ՝ մօտեցումի, տեղքայլի հետեւանք։ Այսօրուան «նոր» մարտահրաւէրները կը պարտադրեն մեզի որ որդեգրենք նոր մօտեցումներ։

Այս իրավիճակը հասկնալով, Արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը առած է իր առաջին քայլը։ Վերջին 13 շաբաթներուն ընթացքին ՀԵ Դաշնակցութիւնը, իր Կեդրոնական դաստիարակչական խորհուրդին գլխաւորութեամբ, մէջտեղ բերած է «Զրոյց Մրոյց» անունով հայերէն խօսելու համակարգիչային յայտագիր մը, որ իր շուրջ յիսուն մասնակցողներուն թելադրանքին համաձայն եղած է շաբաթական դրութեամբ ՝ մէկ ու կէս ժամուան տեւողութեամբ։

Յայտագիրին նպատակը պարզ եւ յստակ է ՝ անդամներու ընծայել առիթը ու միջավայրը, ուր կրնան իրենց տարեկիցներուն հետ հայերէն խօսիլ, մտածել եւ ապա՝ ապրիլ։ Ամէն Հինգշաբթի գիշեր, շրջանի զանազան մասնաճիւղերէն, հայ երիտասարդներ կը միանան՝  կու գան Ֆլորիտայէն ու Շիքակոյէն, կու գան Ուաշինկթընէն ու Նիւ Եորքէն, կու գայ արեւելահայերէն խօսողը եւ արեւմտահայերէն խօսողը, կու գան բոլոր մակարդակի խօսողներ, կու գան իբրեւ ընկերներ՝ ըսելու , որ մեր լեզուն կենդանի է։ Կ՛ունենան ժամանակակից զրոյց եւ ճաշակաւոր չափով քիչ մըն ալ մրոյց եւ խրախուսուած իրենց հաւաքական ուժով կ՛անդրադառնան իրենց հայերէն լեզուի արժէքին։

Արծարծուած նիւթերը բազմատեսակ են եւ համաձայն 21րդ դարու յառաջդիմութիւններուն։ Մասնակիցները  կը զրուցեն ստեղծագործական նիւթերու շուրջ՝ արդեօք ե՞րբ կը գործածուի «գլուխ գործոց»ի եւ «աչքս լոյս»ի պէս հետաքրքրական ու աւանդական դարձուացքներ, կրնա՞նք 10 վայրկեանուան մէջ պարող նապաստակի մը մասին պատմութիւն մը կազմել, եւ կամ «Անուն, Բոյս, Առարկայ» խաղին վարպետը ո՞վ պիտի ըլլայ։ Նոյնչափ կարեւոր կը համարուին մտաւորական նիւթեր. օրինակ համաձա՞յն էք հետեւեալ հաստատումին, թէ «անձ մը պիլոնատէր ըլլալու իրաւունք չունի» կամ հապա ի՞նչ է ձեր կարծիքը հայկական դպրոցներու մասին։ Այս երկու տեսակի աշխարհները՝ ստեղծագործականը  եւ մտաւորականը, խաղն ու պաշտօնականը, թեթեւն ու ծանրը խառնելով, հայերէնը կը վերածուի հայ երիտասարդին համար ճկուն եւ գործնական։

Այս փորձառութիւնը եղած է յուսադրիչ փաստ՝ հայ երիտասարդութեան կարողութիւնը ցուցադրող եւ բարելաւելու միջոց։ Անցնելով մեկուսացման ընթացքին հիմնուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու, «Զրոյց Մրոյց»ը կը ձգտի միշտ աւելիին։ Կը շարունակէ իր գործը բանալով իր դռները բոլոր շրջանի ՀԵԴ անդամներուն ու կամաց-կամաց մեր Արեւմտեան շրջանի եւ այլ երկիրներուն մէջ բնակող ընկերներուն՝ յատկապէս դիմելով իրենց ու բոլոր ընթերցողներուն հետեւեալ կոչով ՝ «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» ուր…

«Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին

 Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,

 Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան»։

Մուշեղ Իշխան