Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Նշուած է Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Ֆերիքիօ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի օր, Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, պատարագ մատուցուած է եւ կատարուած է Խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով cnnturk.com-ը։

Հաշուի առնելով «քորոնա» ժահրի կանխարգելիչ քայլերը՝ եկեղեցի մուտք գործելէ առաջ՝ բոլոր հաւատացեալները ջերմաչափուած են, իսկ ներսը եղել են յատուկ գծանշումներ՝ հեռաւորութիւն պահպանելու համար։

Յատկանշական է, որ համավարակի պայմաններէն մեկնած՝ այս տարի տօնի մասնակիցներուն թիւը նախորդ տարիներուն համեմատ եղած է աւելի քիչ։

Պատարագէն ետք՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ հիւրերուն բաժնուած է օրհնուած խաղող։