«Թիկունքը՝ Մշակոյթ» Խորագիրով Ծրագիրը՝ Տաւուշի Մարզի Բերդ Քաղաքին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն ընթացքին ռմբակոծութենէն տուժած Բերդ քաղաքին մէջ իրականացած է «Թիկունքը` Մշակոյթ» խորագիրով ծրագիր մը:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Facebook-ի իր էջին միջոցով յայտնած է, որ նախաձեռնութեան ընթացքին կատարումներով հանդէս եկած են Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Վարսենիկ Աւանեան եւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, ճազի վարպետ Վահագն Հայրապետեան:

Նախաձեռնութեան ընթացքին Վարսենիկ Աւանեան կատարած է հայ եւ արեւմտաեւրոպական հեղինակներու վոկալ ստեղծագործութիւններ, իսկ Վահագն Հայրապետեան ներկայացուցած է հեղինակային, ինչպէս նաեւ յայտնի ու սիրուած ճազ մեղեդիներու սեփական մշակումները: Նախաձեռնութեան ներկայ եղած է ՀՀ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան:

ՀՀ ԿԳՄՍ Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Թիկունքը` Մշակոյթ» խորագիրով ծրագիրը մեկնարկած է 5 Օգոստոսին: Առաջին նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած է Արծուաբերդ (5 Օգոստոսին) եւ Տաւուշ (6 Օգոստոսին) գիւղերուն մէջ` Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի, «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագիրին պատանի երաժիշտներուն եւ «Մասունք» աւանդական երգի-պարի խումբին մասնակցութեամբ: