Հալէպի Մէջ Պսակաձեւ Ժահրը Այսօր Խլեց 6 Բժիշկի Կեանք, Երկուքը՝ Հայ

Աշխարհ, Սփիւռք

Այսօր՝ Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպ հրաժեշտ տուաւ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 6 բժիշկ-դեղագործներու, որոնցմէ երկուքը հայ՝ տոքթ․ Ժան Հատտատ եւ դեղագործ Ժոզէֆ Պաղտասար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով «Խապար» սուրիական պատկերասփիւռի կայանի թղթակից Նաղամ Քտսիէի փոխանցած տեղեկութիւնները։

Հիւանդանոցներու ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրը մինչեւ օրս խլած է 55 բժիշկի կեանք։