Պէյրութի Նաւահանգիստի Շրջանը` Աղէտի Գօտի Երկրաշարժի Համազօր Պայթումը Խլեց Աւելի Քան 78 Զոհ Եւ 4000 Վիրաւոր

Աշխարհ

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին հսկայական պայթում մը ցնցեց Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն պատճառով  ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ` իր արուարձաններով, վնասներ եւ աւերներ արձանագրուեցան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուեցան` արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ:

Տնտեսական ծանր տագնապ եւ ամբողջ աշխարհին նման «Քորոնա»-ի համաճարակը դիմագրաւող լիբանանցին նոր ցնցում մը ապրեցաւ այս պայթումին իբրեւ հետեւանք:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է 2700 թոն ամոնիոմի պահեստը, որ տարիներէ ի վեր ամբարուած է նաւահանգիստին մէջ, եւ կը գտնուէր Ափրիկէ փոխադրուելու ընթացքին մէջ:

Ապահովական տեղեկագիրներ ընդգծեցին քիմիական այս նիւթին վտանգը:

Լիբանանի բոլոր հիւանդանոցները յայտարարեցին, որ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակիչները քթակապերով պէտք է մնան` նոյնիսկ իրենց բնակարաններուն մէջ, չշնչելու համար պայթումին պատճառով օդին մէջ ներծծուած թունաւոր կազերը:

Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթումը քիմիական նիւթերու պահեստանոցի մը մէջ պատահած է:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ արձանագրուած են աւելի քան 78 զոհեր եւ աւելի քան 4000 վիրաւորներ:

Զոհերուն շարքին էին նաեւ երեք հայեր, որոնցմէ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, Ժաք Պարամաքեան եւ Ճեսի Պեզճեան:

Վարչապետ Հասսան Տիապ` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ստուգեց արձանագրուած վնասներուն հսկայ տարողութիւնը:

Ֆահմի յայտնեց, որ հետաքննութեան սկզբնական արդիւնքներուն համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատահած է գրաւուած պայթուցիկ նիւթեր ամբարող թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց դէպքին վայրը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը գիշերուան ժամը 10:30-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը:

Մինչեւ նիստը նախագահ Աուն մօտէն հետեւեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած քանդումին եւ ցուցմունքներ տուաւ մայրաքաղաքին ու արուարձաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:

Նախագահ Աուն հիւանդանոցներէն ու հիւանդապահներէն, ինչպէս նաեւ բժշկական անձնակազմէն պահանջեց առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն դարմանել ու բուժել վիրաւորները:

Երկու ժամուան նիստէն ետք, կէս գիշերուան ժամը 12:30-ին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանը յայտարարեց աղէտի գօտի` ընդգծելով, որ Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ  պիտի տիրէ երկու շաբթուան արտակարգ դրութիւն, որ կրնայ վերանորոգուիլ:

Խորհուրդին համաձայն, զինուորական խորհուրդը պիտի նշանակէ զինուորականներ, որոնք յատուկ պարտականութիւն պիտի ստանձնեն, ինչպէս նաեւ պիտի նշանակուի հետաքննութեան յանձնախումբ մը` բացայայտելու համար արձանագրուած այս աղէտին դրդապատճառները:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ շրջաններու բնակիչներուն դիմաց բանալ վարժարանները, ինչպէս նաեւ յայտարարեց ազգային սուգի եռօրեայ դրութիւն, որուն ընթացքին պիտի փակուի ամբողջ երկիրը:

Խորհուրդը յանձնարարեց հիւանդանոցներուն յատկացնել գումարներ, իսկ նահատակներու ընտանիքներուն` հատուցումներ, ինչպէս նաեւ կազմել տագնապի բջիջ մը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ ալիւրի վաճառքը սահմանափակել միայն փուռերուն:

Վարչապետ Տիապ նիստին ընթացքին շեշտեց, որ պայթումի այս աղէտալի պատահարը առանց հաշուետուութեան պիտի չաւարտի` ընդգծելով, որ պատասխանատուները սուղ պիտի վճարեն այդ պայթումին գինը:

Տիապ ընդգծեց, որ 2014-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող այս պահեստանոցին վտանգին մասին բազմաթիւ գաղտնիքներ պիտի բացայայտուին:

Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք պիտի չհանգստանայ, մինչեւ որ այս պայթումին պատասխանատուները ծանրագոյն պատիժին ենթարկուին:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն:

Պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հետեւեցաւ պայթումին մանրամասնութիւններուն եւ արձանագրուած հետեւանքներուն: Ան մաղթեց, որ Լիբանան այս աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս գայ` վիրաւորներուն մաղթելով ապաքինում, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն:

Առաւօտեան ժամը 1:00-ին Մարոնի միաբանութիւնը յայտարարեց, որ իր վանքերն ու դպրոցները կը տրամադրէ նաւահանգիստի շրջանի բնակիչներուն, որոնք կորսնցուցին իրենց բնակարանները:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ամալ շարժումի անդամներուն եւ հետեւորդներուն կոչ ուղղեց արեան տուչութիւն կատարելու հիւանդանոցներուն եւ դարմանատուներուն:

Ազգային ազատ հոսանքը իր կարգին ձեռնարկեց նման արշաւի:

Կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը: