ՀՀ Վարչապետը Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանին Եւ Հայ Համայնքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ՝ իր մտահոգութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։

Վեհափառ հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին մասին եւ յատկապէս պայթումին հետեւանքով Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին։

Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ այս գծով մնայուն կապի մէջ ըլլայ վեհափառին հետ։

«Ցնցուած եմ Պէյրութի պայթիւնի մասին լուրէն: Կը սգամ բոլոր զոհերուն մահը եւ կը ցաւակցիմ զոհերու հարազատներուն ու մտերիմներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ տուժածներուն: Մենք կը յայտնենք մեր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին»,-
Twitter-ի վրայ գրած է վարչապետ Փաշինեան:

Նշէնք, որ պայթյումէն վնասուած է նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքը: