Քաղաքավար Գողը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Ես կը վախնամ գողերէն:
Անգամ մը մեր տունը գող մտաւ:
Եղբայրս անունը դրաւ «քաղաքավար գող»:
Տան մէջ բոլորս քնացած էինք: Երեւակայեցէ՛ք չորս սենեակնոց յարկաբաժին մը. իւրաքանչիւր սենեակի մէջ խոր քուն մտած մարդիկ. ես էի, երկու եղբայրներս էին, քոյրս էր եւ ծնողքս. «Հատին էր, Հուտին էր, Չատին էր, Մատին էր, հերս էր, ես էի, գնացինք որսի», պիտի պատմէր Յովհաննէս Թումանեան. բայց մենք որսի չէինք գացած . մութ գիշեր էր եւ ամէն մէկս իր երազը կը դիտէր:  Ես կ’երազէի կրիայիս մասին հաւանաբար. քոյրս՝ Ջահակիրին մէջ գրելիքին, որ կրիայիս պիտի առնչուէր անկասկած. մեծ եղբայրս իր գիտա-երեւակայական ճամբորդութիւններէն մէկուն ձեռնարկած ըլլալու էր տիեզերանաւու մը մէջ. փոքր եղբայրս նուրբ ժպիտով մը կը «տրամաբանէր» զինք հաւնող բազմաթիւ օրիորդներէն մէկուն հետ, իսկ հայրս ու մայրս, ամբողջ անցեալ մը գրկած, իւրաքանչիւրը ճերմակ ձիու մը քամակին՝ կը սլանային Պաղտատէն Պէյրութ, Պէյրութէն Պաղտատ, իրենց առջեւէն սահող պարսկական նախշուն գորգերու հետքերով…

Այդ միջոցին գողը անաղմուկ կրցած էր բանալ մեր յարկաբաժնին դուռը. ոտքի մատներուն վրայ յառաջացած էր (գոնէ ես այդպէս կ’երեւակայեմ զինք) դէպի ծնողքիս ննջասենեակը. կամացո՜ւկ մը բացած էր դուռը եւ հօրս տաբատն ու բաճկոնը անշշուկ առած էր աթոռին վրայէն:  Դուրսը՝ միջանցքի կախիչներուն վրայ հանգչող վեց վերարկուներէն ընտրած էր միա՛յն հօրս պատկանողը եւ տաբատին ու բաճկոնին հետ տարած էր հիւրանոց:

Հանդա՜րտ եւ բծախնդիր գող մըն էր մերինը. փաստ որ՝ վերարկուն շա՜տ կոկիկ ձեւով տարածած էր բազմոցին վրայ. այնպէս լա՛ւ ծալուած, կարծես հագուստի խանութի մը դարակներուն վրայ հանգչած ըլլար, ծախուելու պատրաստ:  Տաբատը զետեղուած էր բազկաթոռներուն մէկուն կռնակին. ան ալ՝ անծալք եւ կատարեալ վիճակի մէջ, արդուկիչէն նոր հասածի գեղեցիկ իր փողքերով. իսկ այլ բազկաթոռի մը կռնակը ճոխացած էր մուգ գոյնի եւ լաւ ծալուած թիկնոցով:
Հիւրանոց մտնողը պիտի կարծէր որ երեք տարբեր հիւրեր այցելած էին մեզի այդ գիշեր եւ տարբեր տեղեր գրաւելով, իրենց թեւերը ծալած, համբերութեամբ կը սպասէին մեր արթննալուն, որպէսզի առտուան սուրճը մեծերուն հետ միասին խմէին:
Երբ լոյսը բացուեցաւ, հիմա չեմ յիշեր՝ո՛վ- թերեւս հայրս էր, թերեւս եղբայրներէս մէկը.- երբ լոյսը բացուեցաւ ուրեմն, անոնցմէ մէկը բացագանչեց.«գո՛ղ մտեր է մեր տունը»:  Ձայնին մէջ կար ցնցում, վախ եւ գրգիռ. մեր գողը իր տեսակին մէջ եզակի, «քաղաքավար» գող մը եղած էր. հօրս տաբատին գրպանէն հանած էր դրամապանակը եւ անոր պարունակութիւնը առնելէ ետք (չեմ ըսեր յափշտակելէ ետք որովհետեւ այդ արարքը բրտութեան շեշտ կը զգենու, մինչդեռ մեր գողը նրբօրէն իւրացուցած էր դրամը), ազնուութիւնը ունեցած էր դրամապանակը տիրոջը ձգելու…

Մէկ խօսքով՝ կար կառոյցը, բայց գողցուած էր մէջինը:

***

Դէպքին յաջորդող օրերը լաւ չեմ յիշեր. կը յիշեմ անորոշ վախ մը որ սողոսկած էր էութենէս ներս. անհաճոյ զգացումը մեր տան մէջ օտար անձի մը ներկայութեան գիտակցութենէն բխած եւ վարպետ ձեռքերու ուրուագծումը մտքիս մէջ: Ձեռնոց հագա՞ծ էր մարդը. դրացի՞ էր մեզի. թերեւս կի՛ն էր. միայն կին մը կրնար այդքան կոկիկ ծալել վերարկու մը…
Ծնողքս ,եղբայրներս եւ քոյրս փորձած էին թեթեւի առնել պատահարը եւ խնդացած ու ժպտացած ու կարծած, որ մոռցնել տուած էին զայն ինծի:

***

Բայց ես դեռ կը յիշեմ մեր քաղաքավար գողը եւ ան յաճախ կ’այցելէ մտքիս՝ տարօրինակ  համեմատութիւններ զգեցած:  Փոխաբերաբար կը յայտնուի ան եւ հակառակ զինք շօշափել չկարենալուս, ազգային առօրեայիս մէ՛ջ նոյնիսկ իր արտասովոր ներկայութիւնը կը զգամ պարապի մը յայտնումով:

Կառոյցը՝ առանց մէջինին, դպրոցը՝ առանց աշակերտի. կազմակերպութիւնը՝ առանց լիցքի. եկեղեցին՝ առանց հաւատքի. թերթեր եւ յայտագիրներ՝ առանց լեզուի:

Գիշերը քուն մտնելէս առաջ կը փորձեմ աչքերուս ետեւ կանա՜չ դաշտեր ստեղծել որպէսզի աղուոր երազներ տեսնեմ. բայց ահա կը յայտնուի քաղաքավար գողը, ձեռքերուն՝ ճերմակ ձեռնոցներ ու կը ժպտի ինծի սմսեղուկ ժպիտով մը.« այսօր լեզուդ պիտի առնեմ. շը՜շշ..չվախնաս…կամաց-կամաց պիտի առնեմ, որ չանդրադառնաս պատահածին, տե՞ս՝ «յետոյ»-ն յով գրեր եմ, հ-ով գրեր եմ՝ ի՞նչ տարբերութիւն. նայէ՛ «կը պարէ» է-ով գրեր եմ, եչով գրեր եմ ՝որո՞ւ հոգը…»:

Երբեմն կապոյտ լիճեր կը սփռեմ կոպերուս ետին եւ ճերմակ ճայեր ճախրել կու տամ անոնց մակերեսին. բայց ճայերը կը սլանան դէպի վար, դէպի ինծի եւ հօրս բաճկոնը հագած՝ կլոր-կլոր կը դառնան կոպերուս առաստաղին ու կը կչկչան « ո՞ւր են ապագայի խմբագիրները, ուսուցիչները…ո՞ւր են՝ հը՞. լուր ալ չունիս, որ մենք շատո՜նց թռցուցեր ենք զիրենք մեր թեւերուն վրայ ու տարեր՝ անյայտ վայրեր.չկան-չկան-չկան-տարինք-տարինք-տարինք…»

Այլ գիշերներ՝ մանիշակագոյն լեռան մը ստորոտին գտնուող ծառի մը տակ կ’երեւակայեմ ինքզինքս. օդը՝ մաքո՜ւր, դիմացս անծայրածիր հորիզոնը կապոյտին. գրեթէ խաղաղած եմ եւ պատրաստ՝ միւս կողմ ցատկելու, երբ կը հնչէ քիչ մը անդին գտնուող եկեղեցիին զանգակը. մէկ անգամէն՝ ի՞նչ տեսնեմ՝ վեղարնե՜ր կը սաւառնին օդին մէջ, սկիհներ, ոսկեզօծ գաւազաններ. «ո՞ւր կ’երթան. ո՞վ կը տանի այս բոլորը» կը պոռամ. ոչ-ոք կը պատասխանէ, բայց աներեւոյթ գողը իր հետ տարած է եկեղեցւոյ դուռը, սուտակազարդ խաչերը, խո՛ւնկը, հաւա՛տքը…«բռնեցէ՛ք՝ ի՛նչ կեցեր էք. վա՛ր բերէք այս բոլո՛րը. գտէ՛ք գողը. պատժեցէ՛ք»…բայց եթերը լուռ է քաղաքավար լռութեամբ…
Գիշերներ ալ կան՝ ծովուն դիմացն եմ. ամենէն սիրած վայրս: Աչքերս կը փակեմ եւ նաւակներ կը տեսնեմ. մութին մէջ ձկնորսներու լոյսերը կը պլպլան. կը լսեմ փոքր ալիքներուն ճղփիւնը. հայերէն բառեր կը հասնին ականջիս. կ’ուրախանամ. անհամա՜ր նաւակներ կան դիմացս. հազարաւո՜ր հայ աշակերտ փոխադրող հազարաւո՜ր նաւակներ. եւ ահա՝ լապտերները կը մարին ու թէեւ ալիքները ջլըփ-ջլըփ, ջլըփ-ջլըփ կը համբուրեն ծովափը ետ ու առաջ նազ պարով, անյայտ ուժ մը, շա՜տ քաղաքավար ձեւով թռցուցեր է աշակերտները նաւակներուն մէջէն ու տարեր, չեմ գիտեր՝ ո՛ւր…ձուկե՞ր՝ անոնք, օտար ջուրերու մէջ լողացող. աստղե՞ր՝ օտար երկինքներու մէջ փայլող. ո՞ւր գացին. ո՞վ տարաւ. ինչպէ՞ս տարաւ…չգիտցայ: Չգիտցանք:

Մենք կը խաղանք անտառին մէջ երբ որ գողը հոս չէ…

Գո՛ղ, գո՛ղ՝ ո՞ւր ես դուն…

«Հո՛ս եմ. հո՛ս…չէ՞ք տեսներ… ձեռնոցներս դրեր եմ, գուլպաներս՝ հագեր. ոտքի մատներուս վրայ կը յառաջանամ ահա՝ կը մօտենամ ձեզի…. զիս չէք ալ կրնար բռնել, որովհետեւ ձեր մէջն եմ. քաղաքավարօրէն մի՛շտ ներկայ՝ կը պարպե՛մ ձեզ ամէն ինչէ. կը պարպեմ ձեզ՝ ձեզմէ՛. ահա եկա՜յ»:

 ***

Ասանկ տխուր պատմութի՞ւն. ո՛չ. չեմ ընդունիր:

Դո՛ւք ալ պէտք չէ ընդունիք:

«Հատին էր, Հուտին էր, Չատին էր, Մատին էր, հերս էր, ես էի. գնացինք որսի», պիտի գրէր Թումանեան:

Առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք դէպի դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մշակոյթի կեդրոն, խմբագրատուն եւ համայնք:

Մեր ուսերուն ունէինք ոչ թէ հրացան, այլ՝ գրիչ, գիրք, խաչ եւ արուեստ: Երկա՜ր սպասեցինք սիւներու ետեւ եւ յետոյ՝ յարձակեցանք: Ամէն կողմէ պոռչտուք ու վայնասուն լսեցինք. հերարձակ կիներ կը վազէին մեր չորս կողմը, լուրջ դէմքով պարոններ բարձրաձայն կը հազային, տէր հայրեր վեղարներու քղանցքները հաւաքած՝ ասդին. անդին կը դառնային. «ի՞նչ կայ. ի՞նչ եղաւ. ի՞նչ կ’ուզէք»

— Եկած ենք քաղաքավար գողը բռնելու, ըսինք.

— Ի՞նչ գող. ի՞նչ քաղաքավար. ո՞ւր է.

— Ձե՛ր եւ մեր մէջն է. եկած ենք բռնելու եւ դո՛ւրս շպրտելու:

— Ինչո՞վ. ինչպէ՞ս. ըսին շուարածները:

Ու մենք ցոյց տուինք մեր գրիչները, փղոսկրեայ մագաղաթներու վրայ գրուած մեսրոպեան գիրերը, կարդացինք բարձրաձայն ու գրեցինք հայերէն. առանց կենալու. սուֆի պարողներու պէս դարձանք մենք մեր վրայ, երկա՜ր, երկա՜ր ատեն, մինչեւ որ…

Մինչեւ որ բոլո՛ր խմբագիրները, եկեղեցականները, մշակոյթի մարդիկը եւ ակումբ յաճախողները սկսան պարել մեր պարը՝ հաւատքո՛վ, հայերէ՛ն բառերով եւ տանտէրի՛ գիտակցութեամբ:

Մինչեւ որ, վեր նայելով՝ բոլորը տեսան քաղաքավար գողը, թաթառի պէս արագ վեր բարձրացող, սիւնաձեւ իր պտոյտին ընթացքին ձեռնոցները վար նետելով:

Այն ատեն ազգովին նայեցանք իրարու եւ արթնցա՛նք: