Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Գանատայի Խորհրդարանին Կողմէ 25 Տարուան Ճանապարհ. Արիս Պապիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նի 21 Ապ­րիլ 2004-ին առն­ուած պատ­մա­կան որո­շու­մը` ճանչ­նա­լու Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, ար­դիւնքն էր Գա­նա­տա­յի եւ շրջան­նե­րու Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու ժրա­ջան եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ հե­տապն­դում­նե­րուն:

1980-ի Օն­թար­իո­յի եւ Քե­պէ­գի խորհր­դա­րան­նե­րու կող­մէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ան­նա­խըն­թաց զոյգ որո­շում­նե­րէն ետք, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը իրենց հայ­եաց­քը կեդ­րո­նա­ցու­ցին դէ­պի Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րան, ուր 1982-ի Փետր­ուար 25-ին, երես­փո­խան Ճիմ Փի­թըր­սըն բա­նա­ձեւ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր հե­տեւ­եալ բո­վան­դա­կու­թեամբ.

«Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ գա­նա­տա­հայ գա­ղու­թին եւ բո­լոր հա­յու­թեան մի­ջեւ առ­կախ մնա­ցած հար­ցե­րը եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը պէտք է լուծ­ուին խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով»:

Այս բա­նա­ձե­ւը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ ընդուն­ուե­ցաւ Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նին կող­մէ: Այս բա­նա­ձե­ւով չբա­ւա­րար­ուե­լով, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը իրենց հե­տապն­դում­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին, ուր 1984-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօր­եա­կին, պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու խօս­նակ պրն. Սինգ­լէր Սթի­վընս պաշ­տօ­նա­պէս, գրա­ւոր խոս­տում կա­տա­րեց, որ եթէ պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը շա­հի այդ տար­ուան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ապա, պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը որ­պէս կա­ռա­վա­րու­թիւն, պի­տի ճանչ­նայ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ ՄԱԿ-էն պի­տի պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի ՄԱԿ-ն ալ ճանչ­նայ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ պի­տի պար­տադ­րէ Թուրք­իոյ, որ­պէս­զի ճանչ­նայ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը ընտ­րու­թիւն­նե­րը շա­հե­լէ ետք, պրն. Ճօ Գլարք, որ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար նշա­նակ­ուած էր, դրժեց իր կու­սակ­ցու­թեան տուած խոս­տու­մը: Մինչ այդ, պահ­պա­նո­ղա­կան այլ երես­փո­խան մը, պրն. Փօլ ՄգԳրա­սըն, փոր­ձեր կա­տա­րեց որ­պէս­զի խորհր­դա­րան ներ­կա­յաց­նէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ մը:

Հա­կա­ռակ անոր, որ ՄգԳրա­սը­նի բա­նա­ձե­ւը քայլ մը առաջ կ՛եր­թար պրն. Ճիմ Փի­թըր­սը­նի 1982-ի բա­նա­ձե­ւէն, պրն. ՄգԳրա­սը­նի բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նե­լի չէր Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն, որով­հե­տեւ պրն ՄգԳրա­սըն իր բա­նա­ձե­ւին մէջ, հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի կող­քին, ահա­բեկ­չու­թիւնը դա­տա­պար­տող նա­խա­դա­սու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած էր:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին հա­մար այս նա­խա­դա­սու­թիւնը անըն­դու­նե­լի էր, որով­հե­տեւ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը պէտք է զա­տո­րոշ­ուի որե­ւէ քա­ղա­քա­կան կամ այլ հար­ցե­րէ:

Առ այդ, Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րան ներ­կա­յաց­ուած ՄգԳրա­սը­նի բա­նա­ձե­ւը Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ, ձա­խո­ղե­ցաւ:

Այս դէպ­քէն ետք, Գա­նա­տա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը շա­րու­նա­կե­ցին իրենց աշ­խա­տանք­նե­րը գա­նա­տա­կան երեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մօտ, եւ, կա­րե­լի եղաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւեր ձեռք ձգել Ազա­տա­կան, Նոր ժո­ղովր­դա­վար եւ Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մա­գու­մար­նե­րէն:

Մինչ այդ, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը շա­րու­նա­կե­ցին իրենց աշ­խա­տանք­նե­րը դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նին վրայ եւ զա­նա­զան առիթ­նե­րով, ան­հատ երես­փո­խան­ներ (Privad Members Motion) անձ­նա­կան բա­նա­ձե­ւեր ներ­կա­յա­ցու­ցին խորհր­դա­րա­նին, որոնք դժբախ­տա­բար ձա­խո­ղե­ցան:

1990-ական թուա­կան­նե­րէն սկսեալ, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը սկսան ան­նա­խըն­թաց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րել: 1996 Ապ­րի­լին, Պլոք Քե­պէգ­ուա կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Մի­շիլ Տաւիօ յա­ջո­ղե­ցաւ իր կու­սակ­ցու­թեան տրա­մադր­ուած խորհր­դա­րա­նի ժա­մա­նա­կէն օգտ­ուե­լով, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին հետ ծրագ­րե­լով, Ապ­րիլ 23-ի խորհր­դա­րա­նի իրենց տրա­մադր­ուած ժա­մա­նա­կը յատ­կաց­նել Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քննարկ­ման:

Այդ օր, 7 ժամ­ուան ըն­թաց­քին, Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նը քննար­կեց Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւնը եւ օր­ուան աւար­տին, որ­դեգ­րեց բա­նա­ձեւ մը, հե­տեւ­եալ բո­վան­դա­կու­թեամբ.

«Այս խորհր­դա­րա­նը Հայ­կա­կան ող­բեր­գու­թեան 81-րդ տա­րե­դար­ձին առի­թով, որ խլեց 1.5 միլի­ոն զոհ, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1915 Ապ­րիլ 24-ին, եւ այլ մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած ոճիր­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, Ապ­րիլ 20-27, ամէն տա­րի կը հռչակ­ուի իբր յի­շա­տա­կու­մի շա­բաթ մարդ­կու­թեան դէմ գործ­ուած ան­մարդ­կա­յին արարք­նե­րու դա­տա­պարտ­ման շա­բաթ:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, գո­հա­ցած չըլ­լա­լով այս բա­նա­ձե­ւէն, իր ընդվզու­մը յայտ­նեց Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն, որոնք բա­նա­ձե­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը փո­խա­րի­նե­ցին Ող­բեր­գու­թիւն բա­ռով:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի պատ­ուի­րա­կու­թեան չորս ան­դամ­ներ, որոնք խորհր­դա­րան կը գտնուէ­ին եւ կը գոր­ծակ­ցէ­ին բո­լոր կու­սակ­ցութւն­նե­րուն հետ, դժուա­րու­թեամբ ըն­դու­նեցին այդ փո­փո­խու­թիւնը, որով­հե­տեւ, 7 ժամ­ուան դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ ետք, եւ կարգ մը Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րու խոս­տում­նե­րը, ապա­գա­յին «Ող­բեր­գու­թիւն» բա­ռը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռով փո­խա­րի­նե­լու, ափ­սոս պի­տի ըլ­լար ար­դէն ըն­դուն­ուած այս բա­նա­ձե­ւը մեր­ժե­լու: Որով­հե­տեւ Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը մե­ծա­մաս­նու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր խորհր­դա­րա­նին մէջ, եւ, հեշ­տու­թեամբ կրնար ձա­խո­ղու­թեան են­թար­կել այս բա­նա­ձե­ւը:

Առ այդ, ներ­կա­յաց­ուած բա­նա­ձե­ւը ըն­դուն­ու­եցաւ մի­ա­ձայ­նու­թեամբ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռի փո­փո­խու­թե­նէն ետք:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, յա­ջորդ օրն իսկ, նոր աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կեց իր բա­րե­կամ երես­փո­խան­նե­րու մի­ջո­ցաւ նոր բա­նա­ձեւ մը պատ­րաս­տե­լու, ուր յստա­կօ­րէն յիշ­ուած ըլ­լայ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը:

1999 Փետր­ուա­րին, պրն. Ճուլի­ըն Ռիտ, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին խորհր­դա­կա­նին քար­տու­ղարն էր, թրքան­պաստ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց, որ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին կար­ծի­քով, ետ­դարձ մը կ՛ըլ­լար 1996-ի բա­նա­ձե­ւին:

Ար­դէն իսկ, պրն. Ռի­տի յայ­տա­րա­րու­թեան նոյն օրը, Հայ Դա­տի ան­դամ­նե­րը շտապ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լլոյտ Աքս­ուըրթիի խորհր­դա­տու­նե­րուն հետ, անոնց փո­խան­ցե­լով գա­նա­տա­հա­յու­թեան զայ­րոյ­թը այդ յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մար:

5 Մարտ 1999-ին, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Լլոյտ Աքս­ուըրթիի հետ, պրն. Ռի­տի յայ­տա­րա­րու­թեան շուրջ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ինք տեղ­եակ չէ եղած իր խորհր­դա­րա­նա­կան քար­տու­ղա­րի ելոյ­թէն եւ ինք հա­մա­ձայն չէ անոր յայ­տա­րա­րու­թեան:

Պրն. Աքս­ուըր­թի այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ ինք հա­մոզ­ուած է եւ կաս­կած չո­ւնի Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան եւ խոս­տա­ցաւ գոր­ծակ­ցիլ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին հետ, սրբագ­րե­լու հա­մար Ճուլի­ըն Ռի­տի յայ­տա­րա­րու­թիւնը:

1999-ի Փետր­ուա­րէն Յու­նիս, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը ահա­զան­գի են­թար­կե­ցին գա­նա­տա­հա­յու­թիւնը, որոնք բո­ղո­քի հա­զա­րա­ւոր նա­մակ­ներ եւ բա­ցիկ­ներ ու­ղար­կե­ցին Գա­նա­տա­յի վար­չա­պե­տին եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան:

Այս ճնշու­մին որ­պէս ար­դիւնք, պրն. Ճուլի­ըն Ռիտ, խորհր­դա­րա­նին մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց, սրբագ­րե­լով Փետր­ուա­րին ու­նե­ցած իր յայ­տա­րա­րու­թիւնը: Նոյն ժա­մա­նակ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձ­նա­ժո­ղով մը կազ­մեց, պրն. Տէ­րէք Լիի նա­խա­գա­հու­թեամբ, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րեն Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը եւ իրենց ու­սում­նա­սի­րու­թեան ար­դիւն­քը առա­ջար­կե­ցին փո­խան­ցել նա­խա­րա­րին:

Այս յանձ­նա­ժո­ղո­վի թե­լադ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք, նա­խա­րար Լլոյտ Աքս­ուըր­թի, պատ­րաս­տա­կամ էր եր­կու տար­բեր առիթ­նե­րով յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րել խորհր­դա­րա­նէն ներս, ճանչ­նա­լով Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Դժբախ­տա­բար, վար­չա­պետ Գրեթի­է­նի գրա­սեն­եա­կը կա­սե­ցուց նա­խա­րա­րին նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը:

Ի յայտ եղաւ, որ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կարգ մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­ներ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ փոխ-նա­խա­րար Փօլ Հայն­պէ­քը­րի, որ ամուս­նա­ցած է թուրք կնոջ մը հետ, առանց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի գի­տակ­ցու­թեան, խնդրած է վար­չա­պե­տի գրա­սեն­եա­կէն, որ­պէս­զի կա­սեց­ուի նա­խա­րար Աքս­ուըրթիի ելոյ­թը:

1999-ին տե­ղի ու­նե­ցած եւ կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րէն ետք, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը որո­շեց ընդ­լայ­նել ճա­նա­չու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան մար­զե­րէ ներս: Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նի կող­քին, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսաւ տա­նիլ Գա­նա­տա­յի Ծե­րա­կոյ­տէն ներս, եւ ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Շըր­լի Մա­հէօ-ի եւ հա­յազ­գի զա­ւակ Ռէյ­մոնտ Սէթ­լաք­ուիի հետ, աշ­խա­տանք տար­-ւե­ցաւ, որ­պէս­զի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ մը ներ­կա­յաց­ուի Ծե­րա­կոյ­տին:

Տի­կին Մա­հէօ, բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յաց­նե­լու նա­խա­ձեռ­նո­ղը եղաւ: Ծե­րա­կու­տա­կան Սէթ­լաք­ուի երկ­րոր­դեց եւ բա­նա­ձե­ւը ան­ցաւ Ծե­րա­կոյ­տի օրա­կար­գին վրայ: Դժբախ­տա­բար, 11 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ու­շա­ցու­ցին Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ճա­նա­չու­մը Ծեա­կոյ­տին կող­մէ, մին­չեւ 13 Յու­նիս 2002:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը մէ­կու­կէս տար­ուան ըն­թաց­քին, առօր­եայ ներ­կա­յու­թիւն էր Գա­նա­տա­յի Ծերա­կոյ­տէն ներս, հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լով զա­նա­զան ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու հետ, անոնց ներ­կա­յաց­նե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան, իրա­ւա­կան եւ հա­մա­մարդ­կա­յին երես­նե­րը:

Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի երեք հո­գի­նոց պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը, Օթթաուայի մէջ 50-է աւե­լի ծե­րա­կու­տա­կա­նե­րու հետ յա­րա­տեւ կապ պա­հեց եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ: Հայ Դա­տի Շրջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րը իրենց շրջան­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու հետ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լով, նա­մակ­նե­րով եւ հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով, թափ տուին այս աշ­խա­տան­քին, որ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուե­ցաւ 13 Յու­լիս 2002-ին, Ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան ձայ­նով:

Պահպանողական ծերակուտականներ Գան Տէ Նինօ եւ Էնտրու Չէք ժրաջան համագործակցութիւն ցոյց տուին, իրենց կուսակցութեան անդամ ծերակուտականներուն մղելով որ քուէարկեն ի նպաստ բանաձեւին:

Գա­լով ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, 28 Նո­յեմ­բեր 2003-ին, Գա­նա­տա­յի բազ­մամ­շա­կու­թա­յին խոր­հուր­դը, որ կ՛ընդգր­կէ 32 փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, իր նա­խա­գահ­նե­րու խոր­հուրդ ժո­ղո­վին բա­նա­ձեւ մը որ­դեգ­րեց, ճանչ­նա­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Որո­շու­մին մի­ակ դէմ քու­է­ար­կո­ղը եղաւ թրքա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւնը:

14 Յուն­ուար 2004-ին, Գա­նա­տա­յի Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մամ­լոյ խոր­հուր­դը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր 800-է աւե­լի լրա­գիր­ներ, հե­ռա­տե­սի­լի յայ­տա­գիր­ներ եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յան­ներ, բա­նա­ձե­ւով մը ճանչ­ցան Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

Վե­րո­յիշ­եալ եր­կու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման իրենց որո­շում­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Գա­նա­տա­յի վար­չա­պե­տին, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ բո­լոր երես­փո­խան­նե­րուն:

Մինչ այդ, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նէն ներս, ուր 1999-էն 2004-ի սկիզ­բը, բազ­մա­թիւ երես­փո­խան­նե­րու մի­ջո­ցաւ, որոնց կար­գին էին Սվէնտ Ռո­պին­սըն, Ալեք­սա ՄգՏա­նա, Մատ­լէն Տալ­ֆոն-Կի­րալ եւ Սար­գիս Ասա­տուր­եան, ճա­նա­չու­մի անձ­նա­կան բա­նա­ձե­ւեր ներ­կա­յա­ցու­ցին խորհր­դա­րան, դժբախ­տա­բար, այս բա­նա­ձե­ւե­րը չյա­ջո­ղե­ցան, պար­զա­պէս, անձ­նա­կան ան­դամ­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յաց­ուած բա­նա­ձե­ւե­րու օրէն­քին պատ­ճա­ռաւ, ուր որե­ւէ բա­նա­ձեւ կը ձա­խո­ղի, եթէ մի­ա­ձայ­նու­թեամբ չքու­է­արկ­ուի:

2003-ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նի օրէնք­նե­րը փո­փո­խու­թեան են­թարկ­ուե­ցան, ուր խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րու անձ­նա­կան բա­նա­ձե­ւե­րը կրնային քու­է­արկ­ուիլ եւ պարզ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ որ­դեգր­ուիլ:

Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, նոր օրէն­քի հի­ման վրայ, մօ­տե­ցաւ երես­փո­խան­ներ Մատ­լէն Տալ­ֆոն-Կի­րա­լի եւ Սվէն Ռո­պին­սը­նի, որ­պէս­զի նոր բա­նա­ձե­ւեր ներ­կա­յաց­նեն խորհր­դա­րա­նին Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման շուրջ:

Առ այդ, տիկ. Կի­րալ ներ­կա­յա­ցուց M-380 բա­նա­ձե­ւը, իսկ Սվէնտ Ռո­պին­սըն, M-370 բա­նա­ձե­ւը: 25 Փետր­ուար 2004-ին, եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րը մի­աց­եալ ներ­կա­յաց­ուե­ցան խորհր­դա­րան, որ­պէս M-380 բա­նա­ձեւ:

Մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ, բա­նա­ձե­ւի առա­ջին ըն­թեր­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 25 Փետր­ուար 2004-ին, իսկ երկ­րորդ ըն­թեր­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 20 Ապ­րիլ 2004-ին, եւ քու­է­ար­կու­թիւնը` 21 Ապ­րիլ 2004-ին, 153 թեր եւ 68 դէմ քուէ­նե­րով, խորհր­դա­րա­նը ըն­դու­նեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը:

Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման հա­մար ճիգ չխնա­յեց, վեց ամս­ուան ըն­թաց­քին, Հայ Դա­տի Գա­նա­տա­յի եւ շրջան­նե­րու Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու հետ գոր­ծակ­ցա­բար, բա­ցա­ռիկ ճիգ եւ աշ­խա­տանք ի գործ դրաւ, 150-է աւե­լի նա­խա­րար­նե­րու, երես­փո­խան­նե­րու եւ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու հետ հան­դի­պում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Օթ­թաուա­յի, Մոնթ­րէ­ա­լի, Լա­ւա­լի, Թո­րոն­թո­յի, Հա­միլ­թը­նի, Գէմպ­րի­ճի, Սենթ Գաթ­րին­զի, Ուին­ծը­րի, Վան­գու­վը­րի եւ Էտ­մըն­թը­նի մէջ:

Յա­տուկ թղթած­րար մը պատ­րաստ­ուե­ցաւ Հայ Դա­տի Գա­նա­տա­յի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ եւ ու­ղարկ­ուե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն:

Առա­ջին եւ երկ­րորդ ըն­թերց­ման օրե­րուն, Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը ապա­հո­ված էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­դուն­ման ի նպաստ ար­տա­յայ­տուող երես­փո­խան­նե­րու ցանկ մը, իսկ քու­է­ար­կու­թեան օրը, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը եւ իրենց յա­րա­կից միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչպէս նաեւ գանատահայ գաղութի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ խուռ­նե­րամ լե­ցու­ցին խորհր­դա­րա­նի դահ­լի­ճը:

Փետր­ուա­րին, առա­ջին ըն­թեր­ցու­մէն ետք, Մ. Նա­հանգ­նե­րու եւ Գանատայի թուրք ըն­կե­րակ­ցու­թիւնները հա­կա­բա­նա­ձե­ւի ար­շաւ մը կազ­մեց խորհր­դա­րա­նէն ներս, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը ան­մի­ջա­պէս հա­կազ­դե­ցին այդ ար­շա­ւին, ուր 2000-է աւե­լի նա­մակ­ներ, ան­հատ­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ ղրկուե­ցան խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն:

5000-է աւե­լի բա­ցիկ­ներ եւս ու­ղարկ­ուե­ցան խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն, հա­կազ­դե­լու հա­մար թուր­քե­րու ար­շա­ւին: Այս զօ­րա­շար­ժը, դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ձգեց խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն մօտ, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ թուր­քե­րու ղրկած նա­մակ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը Գա­նա­տա­յի դուր­սէն եկած էին:

Իսկ բա­նա­ձե­ւի քու­է­ար­կու­թե­նէն չորս օր առաջ, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ Պօ­ղոս Տուզճ­եան, Ռու­բէն Գու­յումճ­եան եւ Արիս Պա­պիկ­եան ար­դէն իսկ կը գտնուէ­ին Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նին մէջ, հե­տե­ւե­լու եւ առաջ­քը առ­նե­լու որե­ւէ անակն­կալ երե­ւոյ­թի:

Երեք­շաբ­թի, 20 Ապ­րի­լին, Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեան բան­բեր պրն. Սթոք­ուէլ Տէ­յի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ի յայտ եկաւ, որ «Bombardier» եւ «SNC Lavalin» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը Թուրք­իոյ ի նպաստ աշ­խա­տանք կը տա­նին, ձա­խո­ղեց­նե­լու հա­մար բա­նա­ձե­ւը: Գանատայի մօտ թուրք դեսպանը, Ապրիլ 19-ին եւ 20-ին նամակներ յղեց խորհրդարանի անդամներուն, անոր մէջ յատուկ կոչ ուղղելով որպէսզի դէմ քուէարկեն բանաձեւին:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը անմիջապէս հակազդեց այս նամարշաւներուն, իր կողմէ պատրաստուասծ նա­մակ մը խմբագ­րելով եւ հոն բա­ցա­յայ­տե­լով, որ Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան տնտե­սա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը խօս­քեր են միայն, եւ, Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րը չհա­ւա­տան այդ սպառ­նա­լիք­նե­րուն: Այս նա­մա­կը ու­ղարկ­ուե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն:

Իսկ նոյն օր­ուան կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2:00-ին, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը տե­ղե­կա­ցաւ, թէ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պիլ Կրա­համ յա­ջորդ օր ժա­մը 8:30-ին, ներ­կայ պի­տի գտնուի Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան Օն­թար­իո­յի ֆրակց­իա­յի ժո­ղո­վին, որ­պէս­զի ճնշում բա­նեց­նէ անոնց վրայ, որ­պէս­զի դէմ քու­է­ար­կեն ներ­կա­յաց­ուած բա­նա­ձե­ւին: Ապա ան պիտի երթար Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանական ֆրակցիայի լիագումար ժողովին, որպէսզի նոյնը պահանջէ անոնցմէ:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը ան­մի­ջա­պէս հա­կազ­դեց այս կա­ցու­թեան եւ նա­մակ մը ու­ղար­կեց Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան երես­փո­խան­նե­րուն, զգու­շաց­նե­լով զա­նոնք Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին առած քայ­լե­րէն:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր կարգին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ազա­տա­կան երես­փո­խան­նե­րուն հետ, անոնց­մէ խնդրե­լով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ար­տա­յայտ­ուին յա­ջորդ օր կայանալիք իրենց ֆրակց­իա­յի ժո­ղո­վին:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը մին­չեւ վեր­ջին վայրկ­եան իր աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կեց յատ­կա­պէս Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան երես­փո­խան­նե­րուն մօտ: Քուէարկման օրը, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը, կէսօրուան ժամերէն սկսեալ տեղաւորուած էր խորհրդարանի դահլիճի Ազատական կուսակցութեան տեղաբաժնին մէջ, ի նպաստ քուէարկելու վերջին յիշեցումը կատարելով երեսփոխաններուն:

Հոս պէտք է նշել, թէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք օրա­կար­գը ճշդուած էր 28 Ապ­րիլ 2004-ին, սա­կայն, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կա­րո­ղա­ցաւ թուա­կա­նը փո­խել Ապ­րիլ 21-ին, առաջ­քը առ­նե­լով անակն­կալ­նե­րու, ինչ­պէս ընտ­րու­թիւն­նե­րու թուա­կանի յայ­տա­րա­րու­թեան եւ թրքա­կան կող­մի քարոզչական աշ­խա­տանք­նե­րու արգելակում: Թուա­կանի փոփոխութիւնը կարելի եղաւ ձեռք ձգել Նոր Ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Լիպի Տէյվիսը համոզելէ ետք, որպէսզի իր Ապրիլ 21-ի իր անձնական մէկ այլ բանաձեւը ներկայացնելու թուականը փոխելով եւ զայն փոխարինելով M-380 բանաձեւով:

Այս բա­նա­ձե­ւին յա­ջո­ղու­թիւնը ար­դիւնքն է Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք­նե­րուն, խորհր­դա­րա­նի ան­հատ երես­փո­խան­նե­րու բա­նա­ձե­ւի օրէն­քի փո­փո­խու­թեան եւ վար­չա­պետ Փօլ Մար­թէ­նի խոս­տու­մին, ազատ քուէի իրա­ւունք տա­լով իր կու­սակ­ցա­կան երես­փո­խան­նե­րուն:

Այս աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին, Գա­նա­տա­յի մօտ ՀՀ ար­տա­կարգ եւ լի­ա­զօր դես­պան պրն. Արա Պապ­եան, իր կող­մէ նա­մակ մը ու­ղար­կե­լով Գա­նա­տա­յի երես­փո­խան­նե­րուն, հա­կազ­դե­լու հա­մար թուրք դես­պա­նին կող­մէ ղրկուած կա­տա­ղի եւ ընդվ­զե­ցու­ցիչ նա­մակ­նե­րուն:

Հակառակ կառավարութեան առած որոշումին, որ կառավարական դահլիճի բոլոր նախարարները դէմ քուէարկեն, 4 նախարարներ` Իրուին Գաթլըր, Ճիմ Փիթըրսըն, Սթիվըն Օուէնզ եւ Ճին Օկըսթին ձեռնպահ մնացին:

Օթաուայի Հայ դատի գրասենեակի բացումէն ետք՝ 2006 թուականին, Հայ դատի յանձնախումբը իր գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, որուն վարիչ տնօրենն էր տիար Արիս Պապիկեան, իր աշխատանքը կեդրոնացուց Գանատայի դաշնային գործադիր մարմինի ճանաչումին։

Աւելին, 2006-ի Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն, վարչապետ Սթիվն Հարբր (Stephen Harper) երկու տարբեր առիթներով մամլոյ ասուլիսներուն ընթացքին , Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը որդեգրուեցաւ իբր գործադիր մարմնի քաղաքականութիւն․ Նախարար Ճէյսըն Քէնիի ներդրումը կենսական էր այս հայանպաստ որոշումին։

Յաջորդ հինգ տարիներու ընթացքին,Ապրիլ 24-ի Հայկական ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով, վարչապէտ  Հարբր անգամ մը եւս վերահաստատեց գործադիր մարմինի Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումին քաղաքականութիւնը։ Այս ձեւով Գանատայի մէջ գործադիր և օրէնսդիր մարմիններու ճանաչումը իր լռումին հասաւ։

Այստեղ կարելի է յիշել զանազան կեդրոնական կոմիտեներ եւ հայ դատի յանձնախումբեր որոնք իրենց ներդրումը բերին այս աշխատանքին, կարժէ նշել կարգ մը ընկերներ որոնք ճիք չխնայեցին այս աշխատանքին յաջողութեան; Ընկ․Յակոբ տէր խաչատուրեան, ընկ․Վաղարշ Էհրամճեան, ընկ․Գրիգոր տէր Ղազարեան, ընկ․Ռուբէն Գույումճեան, ընկ․բժիշկ ժիրայր Պասմաճեան, ընկ․Արդի Յակոբեան, ընկ․Մհեր Գարագաշեան և Տիար Պօղօս Տուզճեան.

Այս աշ­խա­տան­քին եւ ճա­նաչ­ման իրենց դրա­կան մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին երես­փո­խան­ներ Մատ­լէն Տալ­ֆոն-Կի­րալ, Ճէյ­սըն Քե­նի, Ալեք­սա ՄգՏա­նա, Սվէն Ռո­պին­սըն, Սթե­ֆան Տի­ոն, Ճիմ Գա­րիճ­ի­ա­նիս, Էլէ­նի Պա­քո­փա­նոս, Սթոք­ուէլ Տէյ, Ճէյմս Ռա­ճոթ, Իրուին Գաթլըր, Տէ­րէք Լի, Ճիմ Փի­թըր­սըն, Ռէ­ալ Մե­նար, Եան­քօ Փէ­րիջ, Ճոն Քա­նիս, Ճէք Սաատա, Սթի­վըն Օուէնզ, Բրեսթըն Մանինկ, Պապ Միլզ, Լիպի Տեյվիս, Ռեյմօն ֆօլքօ, Միշէլ Տաւիօ, Նիգօլ Ռօյ Առսլէն, Հէյտի Ֆրայ, Բիթր Սթօֆըր, Լօրըն Նայսթրօմ, Ժիլ Տիւսէբ, Ֆրանսին Լալօնտ, Մառլին Ճէնինկս և Սարգիս Ասատուրեան։

եւ ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Շըր­լի Մա­հէօ, Ռէյ­մոնտ Սէթ­լաք­ուի, Մառսէլ Բրուտոմ, Սէրժ Ժուայալ, Գան  Տի Նինօ, ՌայնԷլ Անտրուչէք, Ճէրի Կրաֆսթին և Բաննա Մարշանտ։

Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը հա­ւա­տա­րիմ իրենց կո­չու­մին, հա­մո­զու­մով եւ հա­ւատ­քով հե­տապն­դե­ցին Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը: Գա­նա­տա­յի մէջ շա­րու­նա­կե­ցին եւ հե­տապն­դե­ցին 45 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եւ հպար­տա­լի յաղ­թա­նակ­ներ ապա­հո­վե­ցին ոչ միայն Գա­նա­տա­յի հա­յու­թեան, այլ` ամ­բողջ հա­յու­թեան:

Այ­սու­հան­դերձ, Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուին, մին­չեւ թուրք պե­տու­թիւնը ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: