Ջուր, Քարիւղ, Տագնապ… Պատերազմ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” -ի խմբագրական

Քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վիճակը, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, ճգնաժամային է: Բոլորն ալ զանազան ձեւերով եւ միջոցներով կը պայքարին պսակաձեւ ժահրի պատճառած դաժան հետեւանքներուն դէմ:
Եթէ առանձնացնենք, պիտի տեսնենք, որ բաւական խրթին եւ կնճռոտ է Ատրպէյճանի պարագան, որուն կիրարկած «ձկնկիթի քաղաքականութիւն»-ը (caviar diplomacy) հետզհետէ կը վերածուի «ձկնկուլի (ծովային թռչուն) քաղաքականութեան»:
Ֆրանսայի վերջին թագուհիին՝ Մարի Անթուանէթին (Լուի 14-րդի կողակից) հռչակաւոր գաղափարը, թէ՝ «հաց չկայ, ուրեմն կրկնեփուկ (biscuit) թող ուտեն», չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի քաղաքական կեանքի ներկայ իրավիճակին:
Բացի ջուրի մասնակի տագնապէն՝ երկրին մէջ հա՛ց ալ կայ, կրկնեփո՛ւկ ալ կայ… Կայ նաեւ հարկ եղածէն շա՛տ աւելի ձկնկիթ եւ անշուշտ… քարիւղ: Այսուհանդերձ, «սեւ ոսկի»-ին պահանջքը այնքան պակսած եւ աշխարհի շուկաներուն վրայ գինը այնքա՛ն անկում կրած է, որ Ալիեւի ղեկավարութիւնը թերեւս պիտի նախընտրէր «բուրումնաւէտ հեղուկ»ին փոխարէն արտադրել առանց հոտի եւ անհամ ըմպելին՝ ջուրը:
Միջին Արեւելքի կացութիւնը, Թուրքիոյ սուլթանամէտ ղեկավար Էրտողանի բազմազբաղ եւ լայնածաւալ գործունէութիւնն ու Ատրպէյճանի տնտեսական դժուար կացութիւնը ներշնչեցին Ալիեւը, որ դիմէ տաւուշեան արկածախնդրութեան (իսկ թէ ինչո՞ւ Տաւուշ եւ ո՛չ սովորական Արցախ՝ քննարկելի այլ հարց է), միաժամանակ ստեղծելով ներազգային քաւութեան նոխազ մը, յանձին արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի:
Դժուար է, նաեւ՝ անկարելի, ոսկին քարի վերածելը, իսկ քարիւղը՝ ջուրի: Փաստօրէն, Ալիեւի վարչակարգին եւ անոր հլու կամակատարներուն մտածողութեան մէջ բազմած է այն, թէ ո՛րքան մեծ մսխում կատարուի երկրին զինանոցը ամենէն կատարելագործուած եւ արդիական ռազմական սարքաւորումներով օժտելու համար, ա՛յնքան խրախուսիչ պիտի ըլլայ արդիւնքը: Սակայն, փաստօրէն, «տան այդ հաշիւը շուկային մէջ չքալեց…»: Եւ այս վիճակը այսպէս ալ կը մնայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի բանակին կը պակսին շարք մը կենսական բաներ՝ ԿՈՐՈՎ, ԿԱՄՔ, ՀԱՒԱՏՔ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ: Իսկ ազերիին մէջ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆը գիտե՛նք թէ ինչպէս կ՛արտայայտուի. վկայ ջարդերն ու խուժանային ցոյցերը…:
Վերոյիշեալ գլխագիր «ռազմամթերք»ներուն կարելի չէ տիրանալ, զինամթերք կամ ռազմական պիտոյքներ արտադրող երկիրներու գործարանները ափ առնելով եւ մեծ գումարներ մսխելով: Անոնք միայն ու միայն տեղական արտադրութիւն են, զէնքեր՝ որոնցմով օժտուած է հայկական բանակը, իր կողքին կանգնող ազգին հետ միասին: Ասոնք մեզի հասած են մեր դարաւոր պատմութենէն ու բազում տագնապներու մէջ կռանումէ: Վերանկախացած Հայաստանի ու Արցախի սերունդը զուրկ չէ այս ժառանգութենէն: