ՀՀ ԱԺ Նիստը Սկսաւ Սահմանին Զոհուած ԶՈւ 4 Զինծառայողի Յիշատակին Նուիրուած Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը սկսաւ նախօրէին հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած ՀՀ Զինուած ուժերու չորս զինծառայողներու յիշատակին նուիրուած մէկ վայրկեան լռութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Պատգամաւորները՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանի, հրամանատար Սոս Էլբակեանի, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանի եւ Գրիշա Մաթեւոսեանի յիշատակին: