ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Պիտի Քննարկէ Ատրպէյճանին Պաշտպանական Մատակարարումներու Արգելափակումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ատրպէյճանի կողմէ վերջին տարիներուն Հայաստանի սահմանին վրայ յարձակումներէն ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը մտադիր է քննարկել ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական միջոցներու մատակարարումը արգելափակելու հարցը: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը:

«Քանի որ Ատրպէյճան կ՛ուժեղացնէ իր անդրսահմանային յարձակումը, այդ փոփոխութիւնները Քոնկրէսին հնարաւորութիւն կու տան դիմադրել եւ զսպել Ալիեւի թշնամանքը»,- նշած է յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Համբարեան նշած է, որ հարցի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի օրը:

Ներկայացուած օրինագիծով կը նախատեսուի, որ ամերիկեան ոչ մէկ աջակցութիւն կրնայ տրամադրուիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան այնքան ժամանակ, քանի դեռ նախագահը չէ որոշած եւ Քոնկրէսին չէ զեկուցած, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ակնյայտ քայլեր կը ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր շրջափակումներն ու ուժի կիրառման այլ նախայարձակ ձեւերը դադրեցնելու համար: